ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Էլենա Սեմերճեան կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու Օդանաւորդային եւ անջրպետային ազգային վարչութեան (NASA) Արեգակնային համակարգի դեսպաններու ծրագիրին ամենաերիտասարդ ներկայացուցիչը եւ միակ հայը, կը հաղորդէ «Մարմարա»ն։
Կամաւորներու աջակցութեամբ իրականացուող NASA-ի այս ծրագիրին նպատակն է կազմակերպութեան գործունէութեան իրազեկութիւնը աւելցնել տարբեր համայնքներու մէջ, անոր նկատմամբ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ապահովելու նպատակով։
Ըստ «Մարմարա»ի՝ վերջերս Հայ օգնութեան հիմնադրամի երախաներու աջակցութեան կեդրոնին հետ համագործակցելու նպատակով Հայաստան այցելած երիտասարդուհին Կլենտէյլ կ՛ապրի եւ ներգրաւուած է կարգ մը ծրագիրներու մէջ, աստղագիտութեան մէջ մասնագիտանալու կողքին։ Ներկայիս ան դոկտորայի թեկնածու է։
Սեմերճեան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի ներկայացուցիչներէն մէկն է։
«Սեմերճեան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի ներկայացուցիչներէն մէկն է»։
— Իրականութիւնը այն է, որ 2016-ի Դեկտեմբերէն ի վեր՝ Մայք Կաթօ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ չէ: