ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրաբ Մնացականեան եւ Էլմար Մամեդեարով շատ շուտով նոր հանդիպում մը պիտի ունենան: Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մնացականեան, ակնարկելով այս հանդիպման՝ հրաժարեցաւ այս պահուն յստակ ժամկէտներ նշելէ:
«Ես փորձում եմ այդ հարցում լինել շատ կորեկտ եւ յայտարարութիւններ անել համաձայնեցուած կերպով: Հանդիպման մասին մենք կը յայտարարենք (Ատրպէյճանի հետ) համաձայնեցուած կերպով, որպէսզի պահպանենք միմեանց նկատմամբ յարգանքը», ըսաւ նախարարը:
Ան յիշեցուց, որ հայկական կողմը ներգրաւուած է բանակցային գործընթացին մէջ:
«Մենք արտայայտել ենք մեր հաւատարմութիւնը խաղաղ բանակցութիւնների գործընթացին: Յուլիսին հանդիպում եղաւ Բրիւսէլում, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեց շարունակելու գործընթացը, կազմակերպելու յաջորդ հանդիպումը: Այդ հանդիպումը տեղի է ունենալու շատ շուտով: Համաձայնեցուած ձեւով կը խօսենք այդ մասին», նշեց Մնացականեան: