ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբերին հիւրընկալուած է Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Ինչպէս ծանօթ է, յաջորդ ամիս Երեւանի մէջ նախատեսուած է կայացնել այս կազմակերպութեան վեհաժողովը, որուն նախօրեակին ընդհանուր քարտուղարը ժամանած է Հայաստան: Երեւանի ղեկավարութիւնը թափով յառաջ կը տանի այս վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք եզրափակիչ փուլ թեւակոխելու վրայ են:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մօտալուտ վեհաժողովը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ՝ անկախութենէն ի վեր կազմակերպուած մեծագոյն միջազգային դիւանագիտական միջոցառումը: Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժան յայտնած է, որ մարդկութիւնը պէտք է ապրի խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէջ, եւ բոլոր ժողովուրդները պէտք է շարունակեն ապրիլ միասին: Այս մասին ան խօսած է «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլ-խաւոր քարտուղարը Սեպտեմբեր 10ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան այցելող Միքայէլ Ժան, այս առթիւ նշած է, որ իր այցը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կը խոր-հրդանշէ ամբողջ ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքին յիշողութիւնը:
««Ապրիլ միասին». ա՛յս է կարգախօսը, որուն ներքոյ Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովը: Անոր պիտի մասնակցին ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի անդամ ղեկավարները», ըսած է Ժան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանին՝ նման կարգախօս ընտրելուն համար:
Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, Միքայէլ Ժան բաժնած է իր տպաւորութիւնները՝ մէջբերելով ֆրանսացի գրող եւ գրաքննադատ, Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Անատոլ Ֆրանսի խօսքերը. «Այն քիչ մը արիւնը, որ դեռ կը մնայ, թանկագի՛ն է, ու անկէ հերոսական սերունդ մը պիտի ծնի: Ժողովուրդ մը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, չի՛ մեռնիր»:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2015ին, երբ Հայաստան կը հիւրընկալէր նոյն կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի եւ նախարարական խորհուրդի նիստերը: Առաջին այցին ընթացքին, տիկին Ժան ծառ տնկած էր Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին վրայ:
Աւելի ուշ, Միքայէլ Ժան ընդունուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ: Բանակցութիւններուն ներկայ էր նաեւ Վահագն Աթաբէկեան, որ կը համակարգէ կազմակերպութեան վեհաժողովին կազմակերպչական աշխատանքները:
«Հայաստանը, ըլլալով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան (ՖԵՄԿ) անդամ՝ կրնայ դառնալ մէկ մասնիկը հսկայական տարածքի մը, որ իր նպատակները ունի ե՛ւ անվտանգութեան ու կայուն զարգացման, ե՛ւ երկխօսութեան մակարդակով», արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին ընտրած է կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը՝ «Ապրիլ միասին՝ համերաշխութեան մէջ», եւ սա կարեւորագոյն պայմանն է բարգաւաճման եւ խաղաղութեան համար: «Մենք շատ ուրախ ենք, որ Հայաստանը կը հիւրընկալէ այս վեհաժողովը: Մեծ հաճոյք է գտնուիլ Հայաստան՝ իբրեւ ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղար», ըսած է ան:
Միքայէլ Ժան ըսած է նաեւ, որ ՖԵՄԿի ծիրէն ներս կարեւոր որոշումներ պիտի ընդունուին, եւ վեհաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ այն թեկնածուներուն հարցը, որոնք կը փա-փաքին միանալ ՖՄԵԿին:
Միքայէլ Ժան Հայաստան իր այցի ծիրէն ներս գտնուած է նաեւ ԹՈՒՄՕի մէջ: «Ես երջանկութիւնը ունեցայ ԹՈՒՄՕի մէջ խօսելու երիտասարդներու հետ եւ տեսնելու, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը ստանձնեն այս Թաւշեայ յեղափոխութեան սերունդը ըլլալու պատասխանատուութիւնը: Անոնք հիանալի եւ շատ ճարտար կը տիրապետեն ֆրանսերէնին», նկատած է ՖԵՄԿի գլխաւոր քարտուղարը: