ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներէն Ճէյք Գրիգորեան, որուն գիտական աշխատասիրութիւնը առաջին հանդիսացած էր Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին մէջ, մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող միջնակարգերու աշակերտներուն յատուկ «Պրոտքամ»ի Վարպետներ» մրցումին, որ կը կազմակերպուի «Գիտութիւնն ու Հանրութիւնը» ընկերակցութեան կողմէ։
Հեղինակաւոր գիտնականներէ, ճարտարագէտներէ եւ ուսուցիչներէ բաղկացած դատակազմ մը, քննելէ ետք ներկայացուած մօտաւորապէս 3000 գիտական աշխատասիրութիւնները՝ որոշած է ««Պրոտքամ»ի Լաւագոյն 300 Վարպետներ»ու ցանկին մէջ ներառել նաեւ Ճէյք Գրիգորեանի մարդամեքենան՝ պատիւ բերելով Ճէյքի վարժարանին։