ԵՐԵՒԱՆ.- Ինչպէս նախապէս հա-ղորդած էինք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական մարմիններէ, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պաշտօնատարներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հայաստան կ՛այցելէ ներկայիս, խորհրդակցութիւններ ունենալու համար Հայաստանի քաղաքական ղեկավարներու հետ, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայաստանի կրթական եւ արդի արհեստագիտութեան շարք մը կեդրոններ:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Հենրի Սթըրն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Աթըմ Պըրք եւ Էվըն Լօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, «Սթրեթիճիզ 360»ի փոխնախագահ Անտրէա Տիվաու, «Օրաքըլ»ի պետական հարցերու վարիչ Մըրիսա Խաչիկեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց համակարգող Տիգրան Խոտանեան, այցելեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան ներկայացուց համալսարանին ան-ցած ճամբան, ապա պատուիրակութիւնը ծանօթացուց համալսարանի տարբեր բաժանմունքներուն։ Պատուրակութիւնը, այնուհետեւ, համալսարանին ճաշի հիւրը եղաւ. ճաշի ընթացքին, դոկտ. Տէր Կիւրէղեան, ինչպէս նաեւ տարբեր բաժանմունքներու վարիչներ եւ ուսանողներ մանրամասնութիւններ փոխանցեցին համալսարանի իրագործումներուն եւ ծրագիրներուն մասին։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Հենրի Սթըրն շեշտեց երկկողմանի կապերը սերտացնելու եւ իրարմէ սորվելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ համալսարանը կարելիութիւն կ՛ընծայէ նորարարութեանց եւ արդի արհեստագիտութեանց մէջ մասնագիտացած նոր սերունդի մը կազմաւորման, ինչ որ՝ «լաւ նշան մըն է երկրի ապագային համար»։
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ յայտնեց, թէ շատ լաւ տպաւորուած է համալսարանով, եւ ման-րամասնութիւններ ներ-կայացուց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ իր առաջարկով վաւերացուած այն բանաձեւին մասին, որուն հիման վրայ, Քալիֆորնիոյ «Հէյսթինկզ» իրաւագիտական համալսարանէն ներս ուսանելու համար՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քալիֆորնիաբնակ 6 շրջանաւարտներու ամբողջական կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին:
Այս առիթով, դոկտ. Տէր Կիւրէղեան յուշանուէր մը յանձնեց Փորթանթինոյին՝ դրուատելով անոր հայանպաստ քայլերը։
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յայտնեց. «Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը պատուաբեր հաստատութիւն մըն է մեզի համար, եւ պատուիրակութիւնը հոս առաջնորդելու մեր որոշումին նպատակն էր ցոյց տալ համալսարանին իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեր համագործակցութեան բերած նպաստները՝ երկո՛ւ կողմերուն։ Ուրախ ենք մեր այցով եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար»։