Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, 6252 Honolulu Avenue, La Crescenta, տեղի պիտի ունենայ հոգելոյս Կորիւն արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» գիրքին ողջունահանդէսը։ Հատորը պիտի ներկայացնէ վաստակաւոր մանկավարժ Սարօ Նազարեան: Ողջունահանդէսին մուտքը ազատ է, եւ աւարտին պիտի հրամցուի հիւրասիրութիւն։
«Հոգեմատեան»ը կը պարունակէ բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբերու մասին գրութիւններ։
Անիկա հրատարակուած է յետ մահու՝ 2018ին, Անթիլիասի մէջ, «Ռիչըրտ եւ Թինա Քարօլան» հիմնադրամի միջոցաւ։
Հատորին ողջունահանդէսը կազմակերպուած է Ազգային առաջնորդարանի Մշակութային դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին:
Լուսահոգի Կորիւն արք. Պապեան, աւազանի անունով Վարդգէս, ծնած է Պէյրութ, Աւետիս Պապեանի եւ Եթեր Գարակէօզեանի ընտանիքին մէջ:
Ան իր աշխարհականի կեանքը կը լքէ 1958ին եւ ինքզինք կը նուիրէ Հայ եկեղեցւոյ՝ միանալով Կիլիկիոյ միաբանութեան եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ, իսկ 1961ին, Անթիլիասի վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառի, որ զինք կը վերակոչէ Կորիւն աբեղայ: Պապեան ընտանիքը ճանչցուած էր բոլորին օգնութեան ձեռք երկարելու անսակարկ նուիրուածութեամբ: Կորիւն աբեղայ կ՛ընդօրինակէ կամ ալ կը ծնի այդ յատկութեամբ եւ հետագային կը դառնայ ամբողջ հայութեան կարիքներուն հասնող սիրուած ու յարգուած կղերականը մինչեւ Շաբաթ, 23 Մայիս 2015, երբ իր մահկանացուն կը կնքէ՝ միանալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայած ու անցած անմահ նուիրեալներու խումբին:
Հոգեշնորհ Կորիւն վարդապետ կը վարէ տիպար կղերականի կեանք, իր օրերը ընդհանրապէս վանքին մէջ անցընելով, մինչեւ որ 1967ին կ՛ուղարկուի Լոնտոնի Օքսֆորտ համալսարանը, ուր կ՛աւարտէ աստուածաբանութեան ուսումը, ստանալով դոկտորականի աստիճան, 1977ին:
Առաջնորդի իր առաքելութիւնը կը սկսի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան հեռաւոր անկիւնը գտնուող Գամիշլի քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ապա 25 տարի կը ղեկավարէ Պարսկաստանի Նոր Ջուղայի՝ Սպահանի թեմի հոգեւոր եւ կրթական կարիքները՝ որպէս Իրանա-Հնդկաստանի Հայոց թեմի 33րդ առաջնորդը: Այստեղ, 1979-1980 թուականի իսլամական յեղափոխութեան օրերուն, որպէս առաջնորդ այդպիսի աննպաստ պայմաններու մէջ, ան կը բախի ամեհի դժուարութիւններու, որպէսզի պահպանէ իր եկեղեցւոյ եւ համայնքներու կրօնական եւ համայնքային ազատութիւնները:
Նոր Ջուղայէն ետք, 2002ի Մարտին կը ստանձնէ Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրէութիւններու կաթողիկոսական փոխանորդութիւնը, ուր աննման հմտութեամբ եւ իր մաքուր կղերականի համբաւով կը յաջողի պահպանել Քուէյթի հայկական գաղութի կալուածները՝ եկեղեցին ու իր յարակից կառոյցներն ու ճեմարանը, երբ երկրի սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէր ոեւէ օտարերկացիի կամ օտարերկրացիներու որեւէ կալուածի սեփականութիւնը ունենալ, գնել կամ ժառանգել: Եկեղեցին գնուած էր հայ համայնքին մօտիկ բարեկամ տեղացիի մը անունով: Իսկ երբ այդ բարեկամը կը մահանայ, առանց որեւէ պաշտօնական փաստաթուղթի, թէ այդ կալուածը հայութեան կը պատկանի, մահացողին ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխանցուի իր զաւկին, որ նոյնիսկ տեղեակ չէր, թէ իր հայրը նման կալուածներ ունէր, որ իրականութեան մէջ հայութեան կը պատկանէր: Կորիւն սրբազան կը հանդիպի ժառանգորդ զաւակին հետ, կը բացատրէ, թէ այդ կալուածները գնուած են իր հօր անունով, սակայն հայ ազգի յանձանցումով եւ հայութեան կը պատկանին: Ժառանգորդ զաւակը չի ճանչնար հայ համայնքի իրաւունքը եւ կը փորձէ կալուածները իւրացնել: Կորիւն սրբազան անխոնջ ջանքերով եւ մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի վերադարձնել հայ համայնքին պատկանող կալուածները, որոնք մինչեւ օրս անխափան կը գործեն:
Երկար տարիներ իր հոգեւոր տունէն՝ Անթիլիասի վանքէն հեռու մնալէ ետք, Արամ Ա. վեհափառի որոշումով 2011ին կը վերադառնայ Լիբանան՝ Անթիլիասի Մայրավանք եւ վերջնականապէս կը նուիրուի իր ամենասիրած աշխատանքին՝ բանասիրական ուսումնասիրութիւններու անվերջանալի գործին: Ան մինչեւ իր վերջին շունչը, մահուան սնարին վրայ, հիւանդանոցի անկողինին մէջ, կը ջանայ աւարտել իր սկսած «Հոգեմատեան» հատորը: Աւարտելէ ետք միայն ան կը շարունակէ իր անմահութեան ուղեւորութիւնը, երթալու՝ որպէս «Լուսապսակ» հոգի մը եւ բազմելու մեր եկեղեցւոյ «Լուսապսակ Սուրբեր»ու փաղանգի աջին:
Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2015ին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ կատարուեցաւ վախճանած սրբազանի յուշերեկոն, իսկ վերոյիշեալ թուականին ալ պիտի կատարուի անոր վերջին գիրքին ողջունահանդէսը: