ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան 110րդ ամեակին նուիրուած բանախօսական ձեռնարկ մը։
«Սարոյեան՝ մարդն ու գրագէտը» նիւթը պիտի ներկայացնէ փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, իսկ գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Երկնային Տաղեր»ը (երաժշտութիւն) եւ Արշօ Մելիքեան (ընթերցում)։ Հանդիսավարն է՝ Բարսեղ Գարթալեան։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։