
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Լոս Անճելըսի շրջանաւարտից միութեան տարեկան եօթներորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Վարժարանի շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն ներկայութիւնն ու քաջալերանքը մեծապէս փափաքելի է:
Միութիւնս իր գործունէութեան եօթը տարիներու ընթացքին յատկանշական օժանդակութիւն առաքած է վարժարանիս:
Հոկտեմբեր 13ի ձեռնարկին ընթացքին, Շրջանաւարտից միութիւնը ծրագրած է պատուել վարժարանիս վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն՝ Լուսին Մանճելիքեանը եւ Արտեմ Խաչատուրեանը:
Լուսին Մանճելիքեան ութ տարիներ՝ 1961էն 1969, պաշտօնավարած է իբրեւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի, եւ քսան տարիներ՝ իբրեւ Կիրակնօրեայի ուսուցչուհի, տածելով սէր ու գուրգուրանք իր աշակերտներուն հանդէպ:
Իսկ Արտեմ Խաչատուրեան ունի 22 տարիներու ուսուցչական վաստակ, որուն առաջին եօթը տարիներուն (1971-1978) պաշտօնավարած է՝ նախ իբրեւ ուսուցչուհի, ապա իբրեւ Գործարարական գիտելիքներու բաժանմունքի վարիչ, իսկ գաղթելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ շարունակած է ուսուցչական ասպարէզը Լոս Անճելըսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն ներս, ցուցաբերելով ծով համբերութիւն ու կատարեալ նուիրուածութիւն:
Ձեռնարկը նաեւ առիթ պիտի ըլլայ պատուելու Շրջանաւարտից միութեան նախկին վարչական անդամներէն Լիզա Մանոյեանը (անդամակցած 2012-2017), Փօլին Պետիկեանը (2014-2017) եւ Վիքի Շահրաշեանը (2015-2017), իրենց կատարած սիրայօժար եւ նուիրեալ աշխատանքին համար:
Ինչպէս միշտ, սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի վարժարանիս կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներուն ուսման կրթաթոշակի ապահովման համար:
Կանխաւ կը գնահատենք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մասնակցողներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ օժանդակութեան համար:
Երեկոն պիտի խանդավառէ սիրուած երգիչ Մարտիկ Յովհաննէսեան: Տոմսեր ապահովելու համար, հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն՝ (626) 394-7048 եւ (949) 903-6111:
(Թղթակցութիւնը՝
Շրջանաւարտից Միութենէն)