ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի «Պոյաճեան» սրահին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով նշուեցաւ մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու մեծարանքի աւանդական օրը:
Այս առիթով, իմաստալից եւ սրտագրաւ յայտագիր մը պատրաստած էր վարժարանի Հայկական բաժանմունքը: Յայտագիրին հրաւիրուած էին աւարտական դասարանի մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնց թոռներն ու թոռնուհիները պատրաստած էին ձեռագիր ճաշակաւոր բացիկներ՝ սրտաբուխ խօսքերով, իրենց սիրելի հիւրերուն (տատիկներուն եւ պապիկներուն) ուղղուած:
Խօսք առին նաեւ վարժարանի տնօրէն Մայքըլ Փրեթ եւ Հայկական բաժանմունքէն Պարթեւ Կիւլիւմեան: Անոնք իրենց անձնական կեանքէն մէջբերումներով տուին օրուան բարոյական պատգամը:
Բարձրախօսի վերջին խօսնակներն էին մեր շատ յարգելի հիւրերը: Անոնք օրհնութեան խօսքեր արտայայտեցին ու բոլոր պատանիներուն մաղթեցին ընտանեկան սիրով լեցուն, յաջող եւ առողջ կեանք:
Յայտագիրը աւարտեցաւ պատշաճ ընդունելութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)