ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Սեպտեմբեր 24ին յայտարարեց, թէ յառաջիկայ օրերուն, Ռուսիա Սուրիոյ իշխանութիւններուն պիտի փոխանցէ հակաօդային պաշտպանութեան «Էս. 300» համակարգեր:
«Երկու շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ պիտի փոխանցուի «Էս. 300» արդիական համակարգեր, որոնք ի վիճակի են 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ օդային թիրախներ յայտնաբերելու եւ միաժամանակ հարուածելու անոնցմէ քանի մը հատը: Համակարգերը լրջօրէն պիտի ամրապնդեն սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը: 2013ին, Իսրայէլի խնդրանքով, մենք դադրեցուցած էիք այս համակարգերու մատակարարումը: Այսօր, սակայն, կացութիւնը փոխուած է, եւ այդ մէկը մեր մեղքով չէ՛», աւելցուց պաշտպանութեան նախարարը՝ ակնարկելով անցեալ շաբաթ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու կողմէ ռուսական օդանաւի զգետնումին:
Նշենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը Սեպտեմբեր 23ին յայտարարեց. «Իսրայէլեան օդուժին դիմաց պէտք է փակել Սուրիոյ օդային տարածքը, ուր կը գտնուին ռուս զինուորներ։ Պէտք է վար առնել իսրայէլեան օդանաւերը, եթէ խախտեն Սուրիոյ օդային տարածքը: Կարելի չէ իսրայէլացիներուն ներել ռուսական օդանաւին զգետնումի դէպքը։ Իսրայէլացիները զգուշացումներէ չեն հասկնար, ուստի պէտք է անոնց նկատմամբ խիստ քայլեր որդեգրել»։
Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Լաթաքիոյ ծովեզերքին մօտ ռուսական օդուժի օդանաւի զգետնումին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեց: Նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշինքով յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդանաւին վար առնուելուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ իսրայէլեան օդուժը: Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ ապակողմնորոշած է Ռուսիան՝ իր օդային հարուածի վայրին վերաբերեալ սխալ տեղեկութիւն հաղորդելով, ինչ որ արգելք հանդիսացած է, որ ռուսական օդանաւը ժամանակին հասնի ապահով տարածք: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը կրկնեց, թէ իսրայէլեան օդանաւերը պահուըտած են ռուսական օդանաւին ետին:
Քոնաշինքով նաեւ ըսաւ, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը հսկողութեան 6 կէտեր ունի Կոլանի մէջ, անջատման գիծին վրայ, եւ որ Իրանի համակիր խմբաւորումներու աւելի քան հազար անդամներ ու 24 հրթիռային համակարգեր՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջնորդութեամբ հեռացուած են Կոլանէն:
Նաեւ, Շոյկու հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ֆլորանս Պարլիի հետ, անոր տեղեկութիւններ փոխանցած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդանաւի զգետնումին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած ջախջախման վայրին մէջ որոնումներու աշխատանքին օժանդակելու առնչութեամբ Ֆրանսայի արտայայտած պատրաստակամութեան համար, նշելով, որ Մոսկուան այդ մէկը կատարելու բաւարար կարողութիւն ունի: Երկու կողմերը նաեւ քննարկած են Իտլիպի մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն գոյացուցած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները: