ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ հաւանաբար իր վերջինը ըլլան յառաջիկայ համապետական ընտրութիւնները, որոնց իր մասնակցութիւնը անձնապէս անհրաժեշտ կը նկատուի:
Յովհաննէսեան յայտնեց, որ «Ժառանգութիւնը», նոր Հայաստանի նոր սերունդը եւ քաղաքական դաշտը նոր ձեւաչափերու լուծումներու կարիքը ունի:
«Կարծում եմ՝ շեշետը պէտք է դրուի նորարար բովանդակութիւների, ձեւաչափերի վրայ՝ չբացառելով նաեւ եղած աւանդական հին ու նոր կուսակցութիւնների մասնակցութիւնը», ըսաւ Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ եթէ հասարակութեան վստահութեան քուէն վայելող ուժը վարչապետի գլխաւորութեամբ որոշէ շարունակել պայքարը համաժողովրդական եղանակով, չնեղցնելով այդ պայքարը կուսակցական հարթութեան մէջ, ուրեմն իրենք կը քննեն համախոհական մօտեցումներու շարունակութիւնը, որ միշտ եղած է իրենց նախընտրութիւնը:
«Եթէ իրական գործօններից, դիտարկումներից, որոշումներից ելնելով այնպէս լինի, որ համաժողովրդական շարժումը ժամանաից շուտ կուսակցականանայ, կարելի է ակնկալել, որ մենք որպէս բարեկամ, որպէս աւագ, երկարամեայ գործընկեր նոր Հայաստանի պայքարի մէջ կը դառնանք ընդդիմադիր այն մտայնութեամբ, որ կ՛ուզենայ նեղացնել ու սեփականաշնորհել նոր Հայաստանի արժէքները, համաժողովրդական մօտեցումը», ըսաւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիրը: