ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 2018ի Յունուարէն Յուլիս ամիսներուն, Հայաստանի մէջ արտադրուած է 194.4 հազար թոն պղինձի խտանիւթ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ նուազած է 20 տոկոսով:
Վիճակագրութեան համաձայն՝ այս տարուան եօթ ամիսներուն ընթացքին հանրապետութեան մէջ 3.8 տոկոսով նուազած է նաեւ մոլիպտենի խտանիւթի արտադրութիւնը: