Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը կը համարէ ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին «Սփութնիք Արմէնիա» միջազգային լրատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Երեւան-Մոսկուա-Ասթանա-Մինսկ տեսամիացումին ընթացքին խօսեցաւ Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեան:
«Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որովհետեւ այնտեղ շուրջ 3 տասնամեակի ընթացքին արդէն ձեւաւորուած է պետական համակարգ, որ ի զօրու է խօսելու իր անունով: Որեւէ հարցի բոլոր կողմերուն կարծիքները պէտք է նկատի առնուին», շեշտեց Գասպարեան:
Արսէն Գասպարեան յիշեցուց, որ 90ական թուականներուն Արցախը առանձին կողմ էր այդ բանակցութիւններուն մէջ, եւ, ըստ իրեն, ատիկա ամենաարդիւնաւէտ տարբերակն էր, երբ կողմերը կրնային որեւէ որոշման յանգիլ: