Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Սեպտեմբերին, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ՄԱԿի միջեւ սերտ եւ ամուր համագործակցութիւնը՝ ՄԱԿի հռչակած արժէքներու պաշտպանութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ: Վարչապետը ընդգծեց, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստէ Հայաստանի՝ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այդ ծրագիրները ո՛չ միայն կը կրեն շարունակական բնոյթ, այլ նաեւ կը ստանան նոր ազդակներ: Վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է ՄԱԿի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն մէջ ու աւելցուց, որ ՄԱԿի թիրախային յառաջիկայ աջակցութիւնը Հայաստանին պիտի խթանէ եւ ամրապնդէ Հայաստանի զարգացման ներուժը:
Անթոնիօ Կիւթերեշի, իր կարգին յայտնեց, թէ համոզուած է, որ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը առաւելի պիտի ամրապնդուի եւ զարգանայ: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու հոլովոյթը փայլուն օրինակ է եւ թէ Հայաստան կ՛ընթանայ վերընթաց զարգացման ճամբով, իրականացնելով նոր բարեփոխումներ տարբեր ուղղութիւններով:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ եւ կարեւոր նկատեցին իրականացումը այնպիսի բարեփոխումներու, որոնք նոյնիսկ թեքնիք առումով կը բացառեն ընտրախախտումներու հաւանականութիւնները: Այդ շրջագիծին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց ՄԱԿի կողմէ թեքնիք աջակցութեան շարունակական անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար:
Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ խնդրած էր այս ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի օգտին քուէարկելով՝ քուէարկել նաեւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու օգտին կամ անոնց դէմ: Ան ըսած էր, թէ մտադիր է յառաջիկային բանակցութիւններ կատարել խորհրդարանական եւ ոչ խորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ՝ քննարկելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակացոյցն ու պայմանները: