ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի Հայոց թեմին Ազգային վարչութեան գործունէութեան՝ Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ կայք հաստատած Հայաստանէն հայրենակիցներու ազգային եւ հոգեւոր կարիքներուն ընդառաջելու ի խնդիր կատարուած աշխատանքներուն ծիրին մէջ Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան, յատկապէս ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի յարաբերական կապերուն եւ հետեւողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ յունահայ գաղութի կեանքին մէջ արձանագրուեցաւ հայանպաստ կարեւոր յաջողութիւն մը:
Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբերի կէսօրին, Քալամաթայի մէջ ստորագրուեցաւ Յունահայոց Ազգային Աառաջնորդարանին եւ Քալամաթայի Յունաց արքեպիսկոպոսարանին միջեւ կարեւոր համաձայնագիր մը, ըստ որուն, Մեսինիայսի Յունաց արքեպիսկոպոսարանը, օրինական համաձայնագիրով մը՝ Յունաստանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ կը դնէ 20 տարուան համար Քալամաթայի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ ենթակայ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին:
Համաձայնագիրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ արքեպիսկոպոսարանին մէջ: Ներկայ էին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր Թագուոր Յովակիմեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան եւ անդամներ՝ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Քալամաթայի Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Սոֆիա Մարգարեան եւ անդամ Վարսենիկ Գալստեան: Յունաց կողմը կը ներկայացնէին Խրիսոսթոմոս մետրոպոլիտը, Աւագերէց Ֆիլիփոս վարդապետը եւ խումբ մը եկեղեցականներ:
Առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան. ատենապետին՝ համաձայնագիրի ստորագրութիւններէն ետք Գեղամ արք. Խաչերեան, խօսք առնելով յանուն յունահայ գաղութին՝ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց մետրոպոլիտին, որ արդէն մօտիկ կապեր հաստատած է տեղւոյն հայութեան հետ եւ, ընդառաջելով Ազգային վարչութեան դիմումին ու գաղութի կարիքին, արքեպիսկոպոսարանին կից գտնուող Ս. Նիկողայոս եկեղեցին որոշած է տրամադրել հայ գաղութին: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պատրաստած «Նարեկ» աղօթամատեանի 1173 թուականի առաջին ձեռագիրի հարազատ պատճէնահանման արծաթապատ հատորէն օրինակ մը նուիրեց մետրոպոլիտին:
Իր կարգին, Խրիսոսթոմոս մետրոպոլիտը իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութեանց ու անոնց արդիւնաւորման համար:
Հարկ է կարեւորութեամբ նշել, թէ Յունաստանի մէջ առաջին անգամն է, որ յոյն մետրոպոլիտ մը իր եկեղեցիներէն մին կը տրամադրէ յունահայութեան, ուր արդէն տեղի ունեցան երկու պատարագներ: