ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշ-տօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հանդիպում մը: Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ անդրադարձաւ ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին եւ սպասուող զարգացումներուն:
Նախագահ, Արմէն Սարգսեան իր կարգին յայտնեց, թէ վստահ է, որ կառավարութիւնը կարելի բոլոր միջոցները եւ անհրաժեշտ աշխատանքը պիտի տանի, որպէսզի ամբողջ ընթացքը՝ ե՛ւ յառաջիկայ 14 օրերը ե՛ւ ապագայ ընտրութիւնները տեղի ունենան օրէնքի եւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, որովհետեւ անոնք կը բխին ամբողջ ժողովուրդի շահերէն: