Քրէական հարցերով դատապարտուածներու ընդհանուր ներումին վերաբերող օրինագիծը պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի 29 Հոկտեմբերի արտակարգ նիստին, յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան:
«29 Հոկտեմբերի արտակարգ նիստի օրակարգին վրայ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ: Կառավարութիւնը դիմեց արտակարգ նիստը նախաձեռնողներուն՝ օրակարգին վրայ ընդգրկելու նաեւ «քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որ ընդունուած է նախաձեռնողներուն կողմէ: Ես համապատասխան որոշումով կը հաստատեմ այդ մէկը եւ 29 Հոկտեմբերի արտակարգ նիստի օրակարգին վրայ պիտի ըլլան երկու հարցեր», ըսաւ Բաբլոյեան:
Նշենք, որ ընդհանուր ներումի օրինագիծը չ՛ընդգրկեր ցմահ դատապարտուածները: Այս ուղղութեամբ կարգ մը բանտարկեալներու հարազատներուն կողմէ կատարուած հետապնդումներուն շնորհիւ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ կը խոստանան նաեւ այս հարցը քննարկել 29 Հոկտեմբերի արտակարգ նիստին: