Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, 23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Իսրայէլի տարածաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպիի եւ Երուսաղէմի հոգեւոր պետերու միջեւ: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկանայ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն:
Հանդիպումին հոգեւոր պետերէն ներկայ էին Երուսաղէմի յոյն պատրիարքը, Երուսաղէմի փոխքուստոսը (փոխպահապան), իսկ Հայոց պատրիարքարանը կը ներկայացնէին Կալուածներու տեսուչ Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան եւ դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Իսրայէլի Քնեսեթին (խորհրդարանին) մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած Ռախել Ազարիայի մշակած օրէնքի նախագիծը, որուն ներկայ էր նաեւ Ազարիա:
Ազարիայի եւ Հանեկպիի կողմէ տրուած բացատրութենէն եւ հանգամանալից քննարկումներէն ետք որոշուեցաւ կառավարութեան եւ իրաւատէր երեք քրիստոնեայ համայնքներու փաստաբաններէն աշխատանքային խումբ կազմել եւ միասնաբար աշխատիլ առաջարկուած օրինագիծին վրայ՝ բացառելու համար եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւումը պետութեան կողմէ: