ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած եւ աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած եւ հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած:
Աւելին, հանրային ընկալումներուն մէջ այս վերջինիս վերագրուած են յատկանիշներ ու հայեացքներ, որոնք ոչ միայն ընկերվարութեան հետ որեւէ կապ չունին, այլ մինչեւ իսկ անոր կողմէ մերժուած հայեացքներ, ընկալումներ են:
Այսպիսի միջավայր կայ Միացեալ Նահանգներու հանրային կարծիքին մօտ, ուր ընկերվարութիւնը խեղաթիւրուած է ու ներկայացուած որպէս սեփականութիւններու իրաւունքը մերժող, տնտեսութեան մէջ մրցակցութիւնը առհասարակ մերժող, ինչպէս նաեւ ազատութիւնները մերժող գաղափարախօսութիւն եւ տնտեսող համակարգ:
Անշուշտ որ ընկերվարութեան ամէնէն տարրական իմացութիւնն անգամ կը բաւէ հասկնալու, որ ընդհակառակն, անի-կա մարդկային ազատութիւնները եւ ժողովրդավարութիւնը խթանող աշխարահայեացք է, եւ առանց այս վերջիններուն տիրական ներկայութեան, ընկերվարական համակարգ կամ գաղափարախօսութիւն կարելի չէ պատկերացնել: Աւելին, նոյն ինքն մարդկային ազատութեանց պաշտպանութեան հաշւոյն է, որ ընկերվարութիւնը միշտ ու միշտ կ՛առաջադրէ ծայրայեղ եւ վայրի ազատականութիւնը սահմանափակելու հրամայականը, որովհետեւ այս վերջինը «ազատութեան» քօղին տակ կը զլանայ իրաւունքներ՝ լայն խաւերու համար, յօգուտ շատ փոքրաթիւ մարդոց պահանջներուն եւ շահերուն:
Նոյնքան անհեթեթ մեկնաբանութիւն ու մօտեցում է այն, թէ ընկերվարութիւնը սոսկ տնտեսական գաղափարախօսութիւն է: Այդպէս չէ: Այս վերջինը Խորհրդային Միութեան եւ համայնավարութեան «պարգեւ»ն է մեզի, ուր առարկայական գործընթացները տիրական եղած են ընկերութեան մէջ, եւ ենթակայական ազդակներու եւ արժեհամակարգներու կարեւորութիւնը եւ անխուսափելի դերակատարութիւնը նոյնիսկ մերժուած են: Եւ ահա այս վերջին իրականութեան զոհը եղած է ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը նոյն ինքն Հայաստանի մերօրեայ գաղափարական ընկալումներու աշխարհին մէջ, ուր անիկա դիտուած է որպէս լոկ տնտեսական գաղափարախօսութիւն եւ համակարգ, մինչ անոր համար այնքան կենսական ընկերային արդարութիւնը առհասարակ անտեսուած է: Այսպէս, մարդկային իրաւունքներն ու մարդու ազատութիւնները նոյնքան կարեւոր են ընկերվարութեան համար, որքան տնտեսական արդարութիւնը:
Հետեւաբար, իսկական ընկերվարութիւնը կը պահանջէ որ տնտեսականը եւ ընկերայինը անբաժան ըլլան արդարի ընկալման մէջ: Անիմաստ բան է պատկերացնել տնտեսական դաշտի մէջ արդար համակարգ, ուր ընկերային արդարութիւնը կամ ժողովրդավարութիւնը կը բացակային կամ լիարժէք կերպով չեն պաշտպանուիր:
Ինքզինք ընկերվարական համարող եւ ընկերվարութիւն ջատագովող ոեւէ անհատ կամ որեւէ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառին մէջ արդարութեան համար եւ միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը: Այլապէս, անիկա կը նկատուի, եւ պէտք է որ նկատուի որպէս ընկերվարութիւնը չհասկցած, լիարժէք կերպով չորդեգրած՝ նոյնիսկ կեղծարար անձ:
Ընկերվարութեան համար անսակարկ կերպով կենսական են ժողովրդավարութիւնը, մարդու ընկերային իրաւունքները: Այս երկու բնագաւառներուն (մէկ կողմէ առարկայական-տնտեսական եւ միւս կողմէ ենթակայական-ընկերային-մարդկային) ամբողջական համադրութեամբ է որ ընկերվարութիւնը կը ձգտի մարդկութեան յառաջդիմութիւնը ապահովել: Ընկերվարութիւնը կ՛ակնկալէ խիղճի, արտայայտութեան, եւ ընկերային ազատութիւն՝ յանուն ազգային եւ մարդկային արժէքներու: Այլ կերպ, ընկերվարութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ: Այլ կերպ, ընկերվարութիւնը կեղծիք կ՛ըլլայ:
Շատ լաւ ներկայացում է ասի գաղափարները սխալ ներկայացնողներուն դիմաց: Կարեւոր կէտ մըն ալ անի է որ ընկերվարութիւնը սխալ հասկցուած է, որովհետեւ պոլշովիկները իրենք իրենց ընկերվարական ծախած են աշխարհին, աշխարհն ալ առանց հասկանալու գնած է անոնց ծախածը եւ ընկերվարութիւն = համայնավարութիւն կարծած է: Անշուշտ գաբիդալիստներն ալ աս վիճակը օգտագործած են եւ իրենց ձայնը միացուցած են ընկերվարականներուն մերժողներուն: Հարցը հոն հասած է որ հայերուս մէջն ալ շատեր աս կարծիքին հետեւած են եւ կը հետեւին, մէջը ըլլալով կուսակցականներ, որոնք ջեն գիեր կամ աչք կը գոցեն որ իրենց կուսակցութիւնը աս գաղափարը ունի: Հայաստանի մէջ ասանկ ըլլալնին քիչ մը հասկնալի է, որովհետեւ համայնավարներուն պտուղներով մեծցած էին, բայց հիմա, անկախութիւնէն 30 տարի ետքը ալ աչքերնին պէտք է բանան: Ասանկ գրութիններ ինչո՞ւ շատ չի գրուիր, Հայաստանի մէջ աս իրականութիւնները ինչո՞ւ չի բացատրուիր ամէնուն: