ԵՐԵՒԱՆ.- «Լոյս» դաշինքը կազմող «Հանրապետութիւն» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները առանձին-առանձին պիտի մասնակցին Ազգայի ժողովի յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն: Այս մասին անոնք յայտարարութիւններ տարածած են»:
««Հանրապետութիւն»ը Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնացի իր ծրագիրներն ու գաղափարները իրականացնելու նպատակով», «Ֆէյսպուք» իր էջին վրայ գրած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան՝ աւելցնելով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան «Լոյս» դաշինքի առաքելութեան ու յաջողութեան: Ներողութիւն կը խնդրեմ, որ դաշինքը այլեւս չկայ: Համոզուած եղէք, որ մենք առանձին-առանձին ալ պիտի գործենք ի շահ պետութեան ու ժողովուրդին, եւ այս հարցով այլընտրանք չկայ: «Հանրապետութիւն»ը պիտի մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն իր ծրագիրերն ու գաղափարները իրականացնելու նպատակով: Մնացածը՝ յետագային…»։
Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը տարածած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ յայտնելով, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի կուսակցութեան ցանկով եւ սեփական տեսլականով եւ ծրագիրներով:
«Կուսակցութիւնը այս որոշումը տուած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հետ երկար քննարկումներէ ետք: «Լուսաւոր Հայաստան»ը իր ցանկին պիտի պիտի կը ներգրաւէ նաեւ ներկայացուցիչներ այլ գաղափարակից քաղաքական ուժերէ եւ աշխոյժ քաղաքացիական խումբերէ անձեր», կ՛ըսուի կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:
Իրական տեմոքրասին կը պահանջէ, որ Հայաստանի մէջ շատ կուսակցութիւններ ազատ կերպով ընտրութիւններուն մասնակցին, ամէն մէկը իր ճակատին քրտինքովը տեղ շահի Ազգային ժողովին մէջ: Հանրապետութիւն եւ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւններուն յայտարարութիւնը այս ակնոցով դիտելու ըլլանք, շատ լաւ բան է: Բայց եկէք ուրիշ անկիւնէ մը դիտենք խաղը եւ ըսենք, որ քաղաքականութեան մէջ ամէն բան կարելի է եւ մեղք չունի:
Մէկ ամիսէն ընտրութիւններ պիտի ըլլան: Պիտի ընտրուին իշխանութեան կողմ մարդիկ եւ ընդդիմադիր մարդիկ: Իշխանութեան կողմերը պիտի ըլլան վարչապետին խումբէն: Մարուքեանը եւ Արամ Սարգիսեանը, որ դեռ քանի մը ամիս առաջ Փաշինեանին հետը բեմերուն վրայ էին, հիմա քաշուեր են մէկ կողմ եւ կը պատրաստուին ընդդիմադիրի դեր վերցնել: Հիմա ընդդիմադիրը նոր տեսակ է: Եթէ տոկոսներուն նայինք, ասանկ պատկեր մը կայ. նոր փարլամանին մէջը իշխանութիւնը պիտի ունենայ 70%, ասիկա Փաշինեանին մասն է. ընդդիմադիրները պիտի ունենան մնացեալ 30 %ը: Աս տոկոսին մէջէն տեղ պիտի ունենան Մարուքեանը, Սարգիսեանը եւ քանի մը ուրիշ նոր կուսակցութիւններ: Ըսածս այն է որ նոր բարլամանին մէջ իշխանութիւնը եւ ընդդիմադիրները նոյն խումբին մարդիկը պիտի ըլլան եւ աթոռները իրենց մէջը պիտի բաժնուին, պիտի ըսեն որ տեմոքրասի կընեն: Չեմ գիտեր, որ կորուպցիայի դերէն դուրս հանուած «գործատէր» Ծառուկեանին ինչ պիտի ձգեն:
Ներսը եւ դուրսը մնացողները պէտք է միասի եւ մէկ ձայնով պորան. կեցցէ տեմոքրասին, հայկական տեմոքրասին, որուն պապան Փաշինեանն է, մաման ալ յեղափողութիւնը: Խանութները գոցենք եւ տուն եթանք: Թոչ աշխարն ալ մեզմէ տեմոքրասիսորվի: Չէ որ աշխարֆը զարմացած է մեր ըրած յեղափոխութիւնով: