ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Միացեալ Նահանգները Սէուտական Արաբիայէն կը պահանջէ սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի մարմինը յանձնել անոր ընտանիքին՝ իսլամական աւանդական կարգով յուղարկաւորութիւն կատարելու համար:
Խաշոկճիի ընտանիքը արդէն ներկայացուցած է անոր մարմինը ստանալու վերաբերեալ իր պաշտօնական պահանջը:
Թուրք-արաբական լրատուամիջոցներու միութիւնը, իր կարգին, մէկ օր առաջ յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով՝ ճնշում բանեցնելու Սէուտական Արաբիոյ վրայ, Խաշոկճիի մարմինը անոր ընտանիքին յանձնելու համար:
Յիշեցնենք, որ այլախոհ լրագրողը անհետացած էր Պոլսոյ մէջ իր երկրի հիւպատոսարանը մուտք գործելէն ետք: Սէուտական Արաբիա հաստատած էր, որ Խաշոկճի «մահացած է հիւպատոսարանին մէջ ծագած ընդհարումի մը ընթացքին»։