Ամերիկահայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի «Ասպարէզ» օրաթերթը։ Ծնունդ առնելով Ֆրեզնոյի մէջ, 1908ին, յետագային կը փոխադրուի հայաշատ այլ քաղաք մը՝ Լոս Անճելըս, շարունակելով Արեւմտեան ափի մեր հայրենակիցները կապել հայերէնին, հայկականին, Հայաստանին ու աշխարհին։
Մամուլը իր անհաւասար տեղը ունեցած է լրատուական դաշտին վրայ։ Վերջին տասնամեակներուն համակարգային շարուածքին միջոցաւ մամուլին դերը հարիւրապատկուեցաւ, գրաւոր-թուղթին կողքին հարստանալով գրաւոր-պաստառներով։ Այսօր, թերթ մը կարելի է կարդալ թուղթի, տարբեր չափերու համակարգիչներու, խելախօսներու, հեռաձայններու եւ անընդհատ զարգացող այլազան նորարարութիւններու շնորհիւ։ Եւ այս բոլորը նաեւ հայատառ… Ինչպէս շնորհակալութիւն չյայտնել «Մայքրոսոֆթ»ին եւ Պիլ Կէյցին, «Էփփըլ-Մեքինթաշ»ին եւ Սթիւ Ճապզին, որոնք յեղաշրջեցին աշխարհը, յեղափոխեցին «դեղին մամուլը», տանելով զայն դէպի յաւերժութիւն։
«Ասպարէզ» օրաթերթի 110ամեակին առիթով, մեր սրտբաց շնորհաւորութիւնները կ՛ուղղենք անոր ետին կանգնող կազմակերպութեան, որ հաւատաց եւ կը հաւատայ հայ մամուլին անհրաժեշտութեան Ամերիկայի այս ափերուն վրայ, կը շնորհաւորենք անցեալի թէ այսօրուան խմբագիրները, աշխատակիցները, թերթը տպագրութեան յանձնող անձնակազմը, ընթերցողները եւ վերջապէս մենք մեզ՝ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը, որուն ծառայութեան ուխտած են հայկական մեր թերթերը։
«Նոր Օր»ը՝ որպէս շուրջ հարիւրամեայ գործընկերը «Ասպարէզ»ի, ջերմօրէն կը շնորհաւորէ եւ կը մաղթէ յարատեւութիւն՝ տարածելու հայերէնն եւ հայկականութիւնը մեր համայնքէն ներս թէ դուրս։
«Նոր Օր» շաբաթաթերթ
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Խմբագիր