ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Այսպիսով, ուրեմն, անցնող օրերուն, իր վերջին արարով վար իջաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի թատերաբեմին վարագոյրը: Պէտք է ըսել, որ բաւական տրամաթիք էր խորհրդարանի այս վերջին նիստերուն արարը, որուն արդիւնքով եւ ընդամէնը մէկ ձայնի տարբերութեամբ, այդպէս ալ, կարելի չեղաւ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունիլ ընտրական օրէնքի նոր նախագիծը: Տրամաթիք կ՛ըսեմ, որովհետեւ ընտրական այս օրէնքին աջակցող խորհրդարանական ուժերը, ներառեալ՝ Հանրապետական կուսակցութենէն, այսպէս ըսած, անկախացած պատգամաւորները, ունէին բաւարար քուէները զայն ընդունելու համար եւ, սակայն… ձախողեցան: Առանց մտնելու մանրամասնութիւններուն մէջ, կարելի է ըսել, որ առաջարկուած այս նոր նախագիծը, ամէն պարագայի, շատ աւելի ձեռնտու պիտի ըլլար ընտրութիւններուն մէջ առաջնային դիրք ունեցող վարչապետ Փաշինեանի գխաւորած «Քաղաքական Պայմանագիր» կուսակցութեան դէմ իբրեւ քաղաքական փոխընտրանք ներկայացող ուժերուն, որոնք մտադիր են մասնակցիլ յառաջիկայ Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Առայժմ դարձուած է այս էջը ձախողութեան (որուն պատճառները օր մը վստահաբար ի յայտ կու գան) եւ նոր խորհրդարան մտնելու հաւակնող քաղաքական ուժերը լծուած են նախաընտրական աշխատանքի:
Էջեր բանալ-գոցելու փոխաբերական այս պատկերացումով կարելի է նաեւ ըսել, որ նոր էջ մը բանալու յարմարագոյն առիթն է խորհրդարանական այս ընտրութիւնները Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ գործող բոլոր ուժերուն համար: Ասիկա յատկապէս իրականութիւն է այն ուժերուն համար, որոնք անցեալին ունեցած իրենց քաղաքական վարքագիծի պատասխանատուութեան բեռը ունին իրենց ուսերուն վրայ, եւ ասիկա պատեհ առիթն է զայն թօթափելու կամ առնուազն թեթեւցնելու, եթէ անշուշտ կամեցողութինը կայ անոնց մօտ:
Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւնները Հայաստանի համար քաղաքական նոր ու աւելի կարեւորը՝ առողջ մշակոյթի մը զարգացման հեռանկարը կը ստեղծեն: Խորքին մէջ, այս հեռանկարը ստեղծուած էր արդէն Մայիսեան ժողովրդային շարժման բարեյաջող իրագործումներով: Դեկտեմբերի ընտրութիւնները այդ շարժման ոգիի ու տրամաբանութեան շարունակական մէկ օղակը կը հանդիսանայ ընդամէնը: Բայց ազդանշանային կարեւոր մէկ օղակը:
Առաւել քան երկու տասնամեակ պարտադրեալ բացակայութենէ մը ետք, արդար, թափանցիկ եւ անխարդախ ընտրութիւնները քաղաքական նոր ու վճռորոշիչ գործօնի մը մուտքը կ՛աեւտեն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ: Ասիկա ժողովուրդի գործօնն է: Այս իրականութեան հետ համակերպելու ու այս գործօնին հետ հաշիւի նստելու հարկադրանքին տակ են այսօր բոլոր այն ուժերը, որոնք անցեալին թերահաւատ էին այս գործօնին հանդէպ կամ՝ կը թերագնահատէին անոր կարողականութիւնը: Այս հարկադրանքէն խուսափելու կամ զայն շրջանցելու ամէն փորձ ինքնախաբէութիւն է լաւագոյն պարագային, եւ միայն ու միայն Հայաստանի քաղաքական կեանքի լուսանցքին մէջ մնայուն տեղ մը ապահովելու գործին կը ծառայէ:
Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւնները անցեալի քաղաքական յոռի բարքերէն ու անոնց պարտադրած ապառողջ մշակոյթէն ձերբազատելու ազդանշանը արձակող կարեւոր քայլ մըն են: Խզումի այս քայլին տրամաբանութեամբ ժողովուրդը իր ձայնը պիտի տայ այն ուժերուն, որոնք իր բաղձանքներուն ու ակնկնալութիւններուն իրականացման լաւագոյն հաւաստիութիւնը կը ներշնչեն: Հարցը, հետեւաբար, ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու խնդիրն է էականօրէն: Իսկ այս վստահութիւնը շահելու ձեւը, մենիշխանութեան մը հաստատումին ուշացած պահու վախազդու ազդարարութիւնները չեն կրնար ըլլալ, ոչ ալ կ՛օգնեն կաթողիկոսական օրհնութիւները՝ որքան ալ շնորհալի: Ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու ձեւը անկեղծ ինքնախտաճանաչման ճամբով ժողովուրդին առջեւ ինքնավստահօրէն սխալներ ընդունելու քայլերը կրնան ըլլալ միայն: Այս ընտրութինները պատեհ առիթն են քաղաքական այս ուժերուն՝ խզելու իրենց կապը անցնող տասնամեակներու քաղաքական յոռի կենցաղէն, այդ տասնամեակները յատկանշող «սեւ ու սպիտակ»ի մտայնութեան անձնատուր ըլլալու վարքագիծէն:
Վատնուած տարիներու արդիւնքի դառն իրականութեան առջեւ գտնուող քաղաքական այս ուժերուն համար, նախաընտրական այս օրերուն, չեմ կրնար պատկերացնել քարոզչական առաւել ազդու եղանակ՝ քան այս անկեղծ երկխօսութիւնը ժողովուրդին հետ: Աւելին, անկախ ընտրութիւններու արդիւնքէն, ժողովուրդին հետ կառուցողական այս մօտեցումը այս ուժերուն ապագայ գործունէութեան հիմնարար խարիսխը կրնայ ըլլալ, եթէ, անշուշտ, չեն ուզեր իրենք իրենց քաղաքական փոշոտ լուսանցքներուն մէջ մնալու դատապարտել:
Աս գրութիւնէն կը հասկցուի որ գրողը գոհ չէ դաշնակցութեան ղեկավարներուն հետ կաթողիկոսին հանդիպումէն եւ կը հասկցնէ որ այս հանդիպումը եղած է դաշնակցութեան երեսը ճերմակ հանելու համար: Այս գրողին նպատակը դաշնակցութեան դէմ քարոզներուն ձայնը միացնե՞լ է. ես քիչ մը անանկ հասկցայ: Ըսածներուն մէջ լաւ բաներ կան, գոնէ անցեալի գէշ բաներէն հեռանալու կէտը կարեւոր է, բայց միւս ըսածը, կաթողիկոսի օրհնութեան մասին, ուրիշ տպաւորութիւն կը ձգէ կարդացողին վրան: