ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 10 Նոյեմբերին աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Ֆրանսա:
Փաշինեան Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Համաշխարհային Ա. պատերազմի զինադադարի 100ամեակին նուիրուած արարողութեան եւ «Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի» աշխատանքներուն: