ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ արտադրուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը ներառնուած են արդէն Հայոց բանակի սպառազինութեան մէջ:
12 Նոյեմբերին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:
«Ներառուած են այնքանով, որքանով վտանգ են ներկայացնում հակառակորդի համար», բացատրեց Դաւիթ Տօնոյեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց նաեւ, որ բազմաթիւ նոր տեսակի ռազմական սարքեր ստեղծուած են տեղական ռազմարդիւնաբերութեան կողմէ:
«Դրանք արտադրութեան փուլում են: Դա վերաբերում է նոր տեխնոլոգիաներով (արհեստագիտութեամբ-Խմբ.) նոր զինատեսակներին», յայտնեց Տօնոյեան: