ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան գոհ է պելոռուսեան ռազմական սարքերու որակէն եւ ցուցանիշներէն ու մտադիր է ամրապնդել ռազմական համագործակցութիւնը Մինսկի հետ:
Ալիեւ այս մասին խօսեցաւ Ատրպէյճանի մօտ Պելոռուսի դեսպան Կենատի Ախրամովիչի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Յաջորդ շաբաթուան ընթացքին նախատեսուած է Ալիեւի պաշտօնական այցելութիւնը Մինսկ:
Նշենք, թէ Պելոռուսը այս տարի Ատրպէյճանին վաճառած է «Պոլոնեզ» տիպի համազարկային կրակի համակարգեր:
Պէտք է ըսել «յառաջիկայ շաբաթ»:
Ասոնք միասեռական ըլլալու են, այլապէս այսքան ջերմ չեն կրնար համբուրուիլ: