ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ
Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Հարցեր՝ Դաշնակցականներին» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան:
Ան ուղիղ եթերով պատասխանեց քաղաքացիներու հարցումներուն:
Հայաստանի մէջ յաճախ տարբերակում կը դրուի, թէ «կայ դուրսի ու ներսի Դաշնակցութիւն», իսկ ինք «դուրսի՞» դաշնակցական է, թէ «ներսի»: Այս հարցումին Պչաքճեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Ես դաշնակցական եմ, չկա՛յ «ներսի» եւ «դուրսի» Դաշնակցութիւն: Եթէ այդպիսի շերտաւորումներ փորձենք գտնել, կարելի է շատ արհեստական շերտաւորումներ մէջտեղ նետել: Չկայ «ներսի» եւ «դուրսի», Դաշնակցութիւնը մէկ է: Դաշնակցութիւնը նաեւ գաղափարախօսութիւն է, որ կը միացնէ մեզ՝ բոլորս: Ճիշդ է՝ կան տարբեր շրջանակներու եւ միջավայրերու մէջ գործող դաշնակցականներ, որոնք Ցեղասպանութեան հետեւանքով այսօր պարտաւորուած կ՛ապրին Սփիւռքի մէջ, սակայն մեր գաղափարախօսութիւնն ու կազմակերպական կարգապահութիւնը բոլորս կը միացնէ»:
Իսկ թէ ինչո՛ւ այդ թէզը շրջանառութեան մէջ կը դրուի՝ Պչաքճեան յայտնեց, որ այս յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կան բացասական եւ հակադաշնակցական մօտեցումներ, միշտ ալ եղած են:
«Միշտ ալ փորձած են ներկայացնել, որ Դաշնակցութիւնը բաժնուած է, միշտ փորձած են ղեկավարութեան եւ կուսակցականներու միջեւ արհեստական ճեղքեր գտնել, փորձած են ճեղքեր գտնել «դուրսի» եւ «ներսի» դաշնակցականներուն միջեւ, սակայն այս բոլորը ապարդիւն փորձեր են, որովհետեւ, վերջապէս, մեզ միացնողը անձնական շահերը չեն, մեր անձնական մօտեցումները չեն, այլ մեր համոզումն է, որ հիմնականին մէջ խարսխուած է մեր ծրագիրի եւ մեր կարգապահութեան վրայ, որ մեզ կը պարտադրէ, որ եթէ նոյնիսկ ոմանք ունին տարբեր տեսակէտներ, անոնք կը յայտնեն մեր ժողովներուն մէջ, կը յանգինք եզրակացութիւններու, եւ այդ եզրակացութիւններն ալ կը դառնան մեզ համար որոշում: Միայն անոնք, որոնք մեզ չեն ճանչնար, «դուրսի» ու «ներսի» անհեթեթ մեկնաբանութիւնը կ՛ընեն», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: