Ամերիկահայ գործարար, «Ռետիթ» (Reddit) հասարակական ցանցի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան ներկայացուց մինչ այդ գաղտնի պահուած իր նախագիծը, որուն մասին նախապէս յայտնած էր հասարակական ցանցերու միջոցաւ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Ալեքսիս Օհանեան սկսած է «Շախմատ» (Shakhmat) անունով քոնեաքի արտադրութիւն մը, որուն վաճառքէն եկած հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ բարեգործական ծրագիրի մը: «Այսօր ես կը ներկայացնեմ ձեզի նոր հայկական քոնեաք՝ «Շախմատ» անունով: Առաջին թողարկումով արտադրուած է 2400 շիշ: Զանոնք գնելու համար շտապեցէք այցելել shakmatbrandy.com կայքը: Այս ծրագիրը չէր կրնար կեանքի կոչուիլ առանց Ֆլաւիէ եւ Էլիզապէթ Կարվիններուն, որոնք ամէն ինչ ըրին, որպէսզի 23ամեայ այս հայկական աւանդոյթը աշխարհին հասնի», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Օհանեան:
«Շախմատ»ի իւրաքանչիւր վաճառուած շիշի հասոյթէն որոշ գումար մը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ իրականացող «Արմինիա Թրի Փրաճեքթ» (Armenia Tree Project) ծրագիրին:
Ալեքսիս Օհանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած է տեսերիզ մը, որուն մէջ ան կը ներկայացնէ իր սկսած նախագիծին նախապատմութիւնը: Օհանեան նախ կը նշէ, որ հայերու համար ճատրակը (շախմատը) աւելին է, քան՝ խաղը: «Անիկա կեանքի, յամառութեան, համբերութեան եւ իմաստութեան խորհրդանիշ է մարդոց համար», կ՛ըսէ Օհանեան: Ապա ան կը նշէ, որ քոնեաքի համար ճիշդ համ գտնելու համար ժամանած է Հայաստան՝ իր հայրենիքը: ««Շախմատ»ին համար մենք օգտագործած ենք կարմիր տեսակի խաղողներ (Ռքածիթելի, Կանգուն, Գառան դմակ, Կախէթ): «Շախմատ»ը 23ամեայ հնութիւն ունեցող քոնեաք է, որ կը պահուի կովկասեան փայտեայ տակառներու մէջ, որոնք անոր իւրայատուկ համ կու տան: «Շախմատ»ը կ՛առաջարկէ համերու առատութիւն, ներառեալ՝ չորցած միրգերու (չիր), ընկոյզի, մեխակի, ծխախոտի, վանիլի, կաղինի եւ քիչ մը սեւ պղպեղի», կը պատմէ Օհանեան:
Ան կը ներկայացնէ նաեւ «Արմինիա Թրի Փրաճեքթ»ի հետ համագործակցութիւնը: Ալեքսիս Օհանեան կ՛ընդգծէ, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, ցուրտ ձմրան եւ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած են ծառահատումներ, որոնց հետեւանքով ալ երկրի տարածքին ծառածածկ է 10 տոկոսէն քիչ հատուած մը: «Մենք կը համագործակցինք «Արմինիա Թրի Փրաճեքթ»ի հետ, որպէսզի օգնենք երկրի ծառածածկ տարածքներու վերականգման՝ «Շախմատ»-ի իւրաքանչիւր շիշի վաճառքով: «Արմինիա Թրի Փրաճեքթ»ը արդէն առաւել քան 5 միլիոն 5 հարիւր հազար ծառ տնկած է՝ ստեղծելով նաեւ հարիւրաւոր եղանակային աշխատատեղեր: Իւրաքանչուր շիշի վաճառքի հասոյթին մէկ մասը պիտի ուղղուի «Արմինիա Թրի Փրաճեքթ»ին՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի մէջ անտառներու վերականգման աշխատանքին: «Ես կը հպարտանամ «Շախմատ»ով, բայց ես առաւել հպարտ եմ անոր համար, որ ասիկա ձեր եւ շատ մարդոց համար պիտի ըլլայ Հայաստանի համը զգալու առաջին փորձառութիւնը», կ՛ըսէ Ալեքսիս Օհանեան:
««Շախմատ»ը բարձրացժէք դասի տեսակ է գինեգործութեան հայրենիքէն: Անիկա հայկական ազգային երկու գանձերուն՝ քոնեաքի եւ ճատրակի միահիւսումն է», ըսուած է shakmatbrandy.com կայքին վրայ:
Իմ համոզումով՝ քոնեաքին անունը դիտմամբ դրած են «Շախմատ»՝ տեսնելու համար որ բացի հայերէն՝ կա՞յ արդեօք որեւէ ազգ որ կարենայ այս քոնեաքին անունը ճի՛շդ արտասանել, առանց երկար-բարակ կախուելու «խ»-էն: