ԹԱՐԶԱՆԱ.- 3 Նոյեմբերին, Մարտիկ եւ Ալին Օրունճաքճիէլներու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանաւարտից միութեան հաւաքը։
Պաուոյ հիւրերու շարքին էին՝ համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան, ԱՀԱԸի գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան եւ համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետուհի դոկտ. Յասմիկ Պարան, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամներ եւ բարեկամներ։
Շրջանաւարտից միութեան ատենապետուհի Հուրի Դաւիթեան բարի գալուստ մաղթեց եւ խօսեցաւ համալսարանին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, իւրաքանչիւր ուսանողի եւ շրջանաւարտի կեանքին մէջ։ Ապա ան ներկայացուց Լոս Անճելըսի մէջ տարուած շրջանաւարտից միութեան գործունէուէթիւնը եւ յուշանուէր մը յանձնեց հիւրընկալ ամոլին։
Այնուհետեւ, համալսարանին իրագործումներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին արտայայտուեցաւ համալսարանի տնօրէնէ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, մանրամասնութիւններ տալով Հայաստանի կրթական հաստատութեանց հետ գործակցութեանց եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համալսարան կատարած այցելութեան մասին։ Ան նաեւ խօսեցաւ համալսարանի հրատարակչական գործունէութեան մասին՝ կեդրոնանալով Լոս Անճելըս հաստատուած համալսարանի շրջանաւարտ եւ Լա Վըրնի համալսարանի պատուոյ դասախօս դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետանի հեղինակած եւ հայկական ինքնութեան նուիրուած անգլերէն հատորին վրայ, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը հեղինակը կը նուիրէ համալսարանին Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին։ Անկէ օրինակ մը ապահովելու համար դիմել ader-karabetian@laverne.edu հասցէին։