ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է յառաջիկայ տարուան «Լոս Անճելըսի Պատմութեան Օր» ձեռնարկին ընթացքին 11 մրցանակներ տրամադրել Հայոց Ցեղասպանթեան ընթացքին իրենց հերոսական արարքներով աչքի ինկած անձնաւորութիւններու մասին ուսումնասիրութիւններու հեղինակներուն։
«Լոս Անճելըսի Պատմութեան Օր» ձեռնարկը ամէն տարի կը կազմակերպուի «Ազուզա Փըսիֆիք» համալսարանին մէջ եւ անոր կրնան մասնակցիլ Լոս Անճելըս գաւառէն 4րդէն 12րդ դասարաններու աշակերտներ։
Այս տարուան ձեռնարկին գլխաւոր նիւթը՝ «Յաղթանակներ եւ ողբերգութիւն պատմութեան մէջ»ն է, աշակերտները պէտք է ուսումնասիրութիւններ ներկայացնեն առաջադրուած 6 նիւթերու մասին։
Նկատի ունենալով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին շարք մը ամերիկացիներ իրենց հերոսական արարքներով կրցած են փրկել հազարաւոր հայերու կեանքեր, «Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պատմութեան Օրուան» մրցանակը եւ 100ական տոլար պիտի շնորհուի այդ նիւթով ուսումնասիրութեանց հեղինակներուն, իւրաքանչիւր դասարանի համար։
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.lacoe.edu/Academic-Events/History-Day կայքէջը։ Ուսուցիչներէն կը խնդրուի իրենց աշակերտներուն ուսումնասիրութիւններուն համար արձանագրուիլ մինչեւ Յունուար 18 եւ այդ մասին տեղեկութիւններ յղել՝ info@ancawr.org հասցէին, որպէսզի անոնք նկատի առնուին այս յատուկ մրցանակներուն համար, որոնք պիտի յանձնուին 23 Մարտին կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդողներ մեծարելու տարեկան ձեռնարկին ընթացքին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ https://ancawr.org/press-release/historydayla/ կայքէջը։