ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ստորեւ ներկայացուած գրութիւնը հիմնուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի՝ «Թերթ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին վրայ.
Դաշնակցութիւնը մեծ կուսակցութիւն է. չկայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի Դաշնակցութիւն:
Դաշնակցութիւնը միշտ պաշտ-պանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել արժէքները, որոնք կը միացնեն հայ ազգը: Համահայկական ընտանիք ըլլալով՝ Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ ե՛ւ Սփիւռքի պայքարները, ե՛ւ Հայաստանի մարտահրաւէրները: Եւ, վերջապէս, գիտենք, որ բոլոր հարցերը կապուած են իրարու. Հայ Դատի հետապնդման պայքարը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, Արցախեան հիմնահարցի լուծումը՝ ի նպաստ հայկական կողմին, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները, Սփիւռքի գոյատեւումը՝ իբրեւ արտաքին ուժ Հայաստանի կողքին, Հայաստանի զարգացումը եւ սոցիալական (ընկերային) անարդարութեան հարցերու լուծում, երկրին մէջ հաւասարութեան հաստատման հարցերու լուծումը, աղքատութեան դէմ աշխատանքը, կապուած են իրար հետ: Պէտք է ուրախանալ, որ այսօր աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կայ:
ՀՅԴն միշտ եղած է անկախ Հայաստանի «անպաշտօն» եւ լրացուցիչ դիւանագիտական ուժը: Նիկոլ Փաշինեան պէտք է գիտակցի, որ Դաշնակցութիւնը թշնամի չէ: Ընդհակառակը, անիկա այն ուժն է, որ եթէ գոյութիւն չունենար, կարիք պիտի ըլլար զայն ստեղծելու:
Քարոզարշաւը, ընտրապայքարը ժողովրդավարութեան հաստատման շատ կարեւոր միջոց պէտք է ըլլան, նաեւ առողջ եւ կառուցողական քաղաքական վէճերու ժամանակն է. Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ բանավէճը պէտք է շարունակուի առողջ հիմքի վրայ: Այն հանրային բանավէճը, զոր Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց Նիկոլ Փաշինեանին, պէտք է անպայման տեղի ունենայ: Այդ ցոյց կու տայ մեր հասունութիւնը: Ժողովուրդին առջեւ ամենաբարձր մակարդակով կարելի է ներկայացնել զանազան տեսակէտներ: