ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 29 Նոյեմբերին, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ճեքի Սփիր հիմը դրած են երկկուսակցական քոնկրեսական խումբի մը, որ պիտի աջակցի աշխարհի զանազան անկիւններու եւ յատկապէս՝ Կովկասի մէջ ռազմական գօտիները ականներէ եւ չպայթած այլ զինատեսակներէ մաքրելու ծրագիրներու իրականացման:
Վալատաօ յայտնեց, որ պատերազմներու ատեն չպայթած զինամթերքի ծանր հետեւանքներուն անձամբ ծանօթացած է Արցախի տարածքներու ականազերծումով զբաղող «HALO Trust» ծրագիրի գործունէութեան շնորհիւ։
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ գործակցելով, Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Վալատաօ 2017ին առաջադրած էր 1.5 միլիոն տոլար ապահովել Միացեալ Նահանգներու պետական ծրագիրէն, որ աւելի ուշ վաւերացուած էր, նպաստելով մինչեւ 2020 Արցախը ամբողջութեամբ ականազերծելու ջանքերուն:
Իր կարգին, հայկական արմատներ ունեցող Ճեքի Սփիր նշեց, որ ռազմական գործողութիւնները նոյնիսկ իրենց աւարտէն տասնամեակներ ետք ծանր հետեւանքներ կը ձգեն շրջանի քաղաքացիներուն վրայ:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցլել https://speier.house.gov/media-center/press-releases/reps-speier-and-valadao-form-bipartisan-unexploded-ordnance-caucus կայքէջը, իսկ խմբակին հիմնադրութեան մասին յայտարարութիւնը կարելի է դիտել՝ www.facebook.com/JackieSpeier/videos/291966444774899/ կայքէջին վրայ։