ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրիմիըն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանի հետ 5 Դեկտեմբերին իր ունեցած «շատ օգտակար» խորհրդակցութեանց անդրադառնալով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ 2019ին պէտք է վճռական քայլեր առնուին Արցախի տագնապի կարգաւորման ջանքերուն մէջ՝ «աւելցնելու համար տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ բարգաւաճում ապահովելու կարելիութիւնները»։
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքին՝ նախարարը այս հաստատումը կատարած է Միլանի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի տարեկան նիստին ընթացքին։
Մամետեարով նաեւ յատկանշական համարած է այն իրողութիւնը, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կարելի եղած է հանդիպման աւարտին համաձայնեցնել յայտարարութեան գրութիւնը։