ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 5 Դեկտեմբերին, Միլանի մէջ հանդիպում մը ունեցան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Մնացականեան եւ Մամետեարով Միլան մեկնած էին մասնակցելու ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին:
Նախարարներուն միջեւ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերուն:
Մնացականեան նախ տեսակցեցաւ համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքի հետ:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք Մնացականեանի եւ Մամետեարովի երրորդ հանդիպումն էր այս մէկը: Տեսակցութիւնը միտուած էր առաւել հանգամանալից կերպով ծանօթանալու հաշտութեան գործընթացին վերաբերեալ կողմերու դիրքորոշումներուն: Այս առումով, կարծիքներու օգտակար փոխանակում մը տեղի ունեցաւ:
Նախարարներուն միջեւ հանդիպումէն ետք համանախագահներուն տարածած յայտարարութեան մէջ համանախագահները կ՛ողջունեն հրադադարի խախտման դէպքերու եւ զոհերու զգալի նուազումը, զայն կապելով Տուշանպէի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած կարճատեւ զրոյցի հետ։
Անոնք կը դիմեն կողմերուն՝ ձեռք բերուած համաձայնագիրներու իրականացումը շարունակելու եւ երկիրներուն բնակիչներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու համար քայլերու ձեռնարկելու խնդրանքով:
Համանախագահները կը յայտնեն, թէ յոյս ունին, որ մօտիկ ապագային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կը վերսկսի երկխօսութիւնը՝ հակամարտութեան կարգաւորման նպաստելու համար:
Ըստ համանախագահներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը աշխոյժ աշխատանքի՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ լարուածութեան նուազեցման համար: Այդ նպատակով եւ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու հասնելու համար, Մնացականեան եւ Մամետեարով որոշած են դարձեալ հանդիպիլ 2019ի սկիզբը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ։
Նշենք, որ 5 Դեկտեմբերի հանդիպումէն մէկ օր առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա լրագրողներուն ըսած էր, որ կը նախատեսուի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ նախարարներու միացեալ յայտարարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն մը, «որուն արդիւնքներուն մասին կը տեղեկացնեն բաւական մանրամասնօրէն»: