ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
4 Սեպտեմբեր 2018ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջադրեց արտաքին ծառայութեան աշխատակից Ըրլ Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը՝ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին: Լիցընպըրկըր պէտք է փոխարինէ ինը ամիս առաջ Պաքուէն հեռացած դեսպան Ռապըրթ Սեքութան։
4 Հոկտեմբեր 2018ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Լիցընպըրկըրի դեսպան նշանակման գծով լսումներէ ամիս մը առաջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածեց՝ կոչ ընելով ամերիկահայ համայնքին, Հայաստանի բարեկամներուն եւ իրաւապաշտպաններուն՝ դիմելու իրենց ծերակուտականներուն՝ մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու համար Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը։
«Երբեք այսքան խիստ անհրաժեշտութիւն չէ յառաջացած յստակացնելու Ալիեւի վարչակարգին հետ ամերիկեան յարաբերութիւններու բնոյթը եւ շրջանակները: Դեսպանի հաստատման գործընթացը մեծ կարելութիւն կ՛ընձեռէ Քոնկրեսին կողմէ վերահսկողութիւն սահմանելու Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան հետզհետէ առաւել մտահոգիչ դարձող երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ, որ կը բնութագրուի հայերու նկատմամբ աճող յարձակողականութեամբ, այլակարծութեան ճնշման խստացումով եւ ամերիկեան քաղաքական գործընթացները հմտօրէն հակազդելու մեծապէս ֆինանսաւորուած արշաւով», բացատրեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։
Լիցընպըրկըր նախապէս աշխատած է իբրեւ աւագ մասնագէտ Գերմանիոյ «Մարշալ» հիմնարկին մէջ, եղած է ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ, Աֆղանիստանի մօտ ՆԱԹՕի քաղաքացիական ներկայացուցիչի աւագ փոխանորդ, Պելկրատի մէջ (Սերպիա) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ եւ Պիշքեքի մէջ (Ղրղզիստան) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ: Լիցընպըրկըր Միտըլպըր քոլեճէն ստացած է պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական քոլեճէն՝ մագիստրոսի աստիճան: Ան կը խօսի ֆրանսերէն, ռուսերէն, սերպերէն եւ պուլկարերէն։
4 Հոկտեմբեր 2018ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին Լիցընպըրկըր ենթարկուեցաւ մանրակրկիտ հարցաքննութեան: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ, Լիցընպըրկըրի՝ Ատրպէյճանի անզուսպ ռազմավարութեան մասին արտայայտութիւնները ճնշելու պահուն, անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի «ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ բռնութեան յաճախակի պոռթկումներուն»: Լիցընպըրկըր պատասխանեց, որ ինք կը թելադրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան‘ ետ կանգնիլ այնպիսի վարքագիծէ, որ կը խախտէ Արցախեան հակամարտութեան շփման գիծը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աշխատի երեք ուղղութիւններով՝ ուժ չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք։
Բացի այդ, Լիցընպըրկըր յղում կատարեց ԵԱՀԿի Մինսկի խումբին, որ կը դատապարտէ «որեւէ բռնութիւն եւ բռնութեան կիրառման որեւէ սպառնալիք շփման գիծին վրայ»՝ առանց յստակօրէն վկայակոչելու Ատրպէյճանի յարձակումները։
Լսումներուն ընթացքին ծերակուտական Մենենտեզ հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Ատրպէյճանը զէնքով ապահովելը պէ՞տք է սահմանափակուի՝ անոր կողմէ իրագործուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն հիման վրայ: Իբրեւ պատասխան՝ Լիցընպըրկըր ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգոյշ կ՛ըլլայ, որպէսզի իր որոշումները չխոչընդոտեն Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերը: Ան նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու գծով կրթութեան յատկացուող միջոցներուն մեծ ուշադրութեան պէտք է տրուի։
Լսումներէն ետք ծերակուտական Մենենտեզ եւ Մեսեչուսեցէն ծերակուտական Էտ Մարքի գրաւոր հարցադրումներ ներկայացուցին Լիցընպըրկըրի: Ծերակուտական Մենենտեզի խնդրանքով, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յետաձգեց Լիցընպըրկըրի առաջադրումը՝ չճշդուած ժամկէտով: Երկու ծերակուտականները կրնան լրացուցիչ գրաւոր հարցումներ ուղղել թեկնածուին‘ իրենց մտահոգութիւններուն՝ ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթընի կողմէ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Կովկաս կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնք ծախելու առաջարկին վերաբերեալ։
Առաջադրուած 19 դեսպաններու թեկնածուներէն Լիցընպըրկըր միակն էր, որուն հաստատումը յետաձգուեցաւ, հաւանաբար, մինչեւ յաջորդ տարի, երբ յանձնախումբը պիտի գումարէ իր աշխատանքային յաջորդ ժողովը։
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց Լիցընպըրկըրի նշանակման յետաձգումը։ «(Այս յետաձգումը) Ծերակուտականներուն կարելիութիւն կու տայ աւելի մեծ ուշադրութեամբ վերահսկելու մեր երկրի բարդ երկկողմանի կապերը յարձակողական Ատրպէյճանի եւ դաժան Ալիեւի վարչակարգին հետ, յատկապէս ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի վիճելի առաջարկէն ետք՝ ըստ որուն Միացեալ Նահանգներ պէտք է սկսի զէնք ծախելու Պաքուին», ըսաւ Համբարեան՝ աւելցնելով. «Մենք կը միանանք Ծերակոյտի մեր բարեկամներուն, այս հարցով առաւել յստակութիւն փնտռելու ուղղութեամբ եւ, ընդհանուր առմամբ, վարչակազմին վարած քաղաքականութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ալիեւի վատթարացող յարձակողականութեան, ամբողջ հայութեան նկատմամբ ատելութեան հրահրման, ամերիկեան օրէնսդիրներ առանց արդարացումի «սեւ ցանկ»ին մէջ ներարման, Ռոյս-Էնկել խաղաղութեան առաջարկներու խոչընդոտման, քաղաքացիական ինքնաթիռներ հարուածելու սպառնալիքներու, Ճուլֆայի գերեզմաննոցի եւ այլ քրիստոնէական վայրերու ոչնչացման, եւ անշուշտ, ներքին այլախոհներու եւ ցեղային-կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ անոր խիստ հալածանքներուն»։
Ատրպէյճանի «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հաստատումը յետաձգելու մասին: Զարմանալիօրէն, «Թուրան»ը կ՛ենթադրէ, որ նախագահ Թրամփ, օգտուելով Դեկտեմբերին Ծերակոյտի դադարէն՝ կրնայ ընդմիջումային նշանակում կատարել, այսինքն՝ նախագահը կրնայ Լիցընպըրկըրը նշանակել Ատրպէյճանի մօտ դեսպան, առանց Ծերակոյտի հաստատման։
Ընթերցողները կը յիշեն, որ նախագահ Օպամա նման ընդմիջումային նշանակում կատարեց Մեթիու Պրայզայի պարագային՝ զայն իբրեւ դեսպան ուղարկելով Ատրպէյճան, ծերակուտական Մենենտեզի կողմէ անոր նշանակումը երկու անգամ արգելափակուելէ ետք: Պրայզա Պաքուի մէջ յաջողեցաւ աշխատիլ միայն 12 ամիս, ապա ստիպուեցաւ Ուաշինկթըն վերադառնալ՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ իր թեկնածութեան հաստատումը չեղեալ նկատուած ըլլալուն պատճառով։
Մեթիու Պրայզայի պարագային, ամերիկահայ համայնքը բաւարար հիմքեր ունէր անոր թեկնածութիւնը վիճարկելու համար, որովհետեւ ան բացայայտօրէն կողմնակալ էր՝ յօգուտ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ի վնաս՝ Հայաստանի: Սակայն, Լիցընպըրկըր, կարծես թէ նման կողմնակալութիւններ չունի եւ անոր դէմ անձնական ոչինչ կայ: Թեկնածուի յետաձգումը պարզապէս միջոց մըն է՝ ապահովելու, որ ան պիտի պաշտպանէ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքները եւ պիտի յորդորէ Ալիեւի վարչակարգը՝ նուազեցնելու ռազմատենչութիւնը Արցախեան հակամարտութեան գծով: Լիցընպըրկըրի հաստատման յետաձգումը նաեւ ուղերձ մըն է Ճան Պոլթընի, որ Ծերակոյտը չ՛ողջուներ անոր՝ Ատրպէյճանին զէնք ծախելու առաջարկը։
Ծերակոյտին մէջ դեսպանի նշանակման ձգձգումը կը ծառայէ իբրեւ Ալիեւի վարչակարգը նեղացնող լրացուցիչ մտադրութիւն, երկարաձգելով Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի բացակայութիւնը եւ լարուածութիւն յառաջացնելով Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ