ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը փոխանցէ ստորեւ ներկայացուած լրատուութիւնը.
«Պէյօղլուի «Փերա Թանգարան»ը կը պատրաստուի ցուցահանդէսի մը, որ անկասկած կոչուած է մեծ շարժում ստեղծելու Թուրքիոյ արուեստասէր շրջանակներէ ներս։ Արդարեւ թանգարանը12 Դեկտեմբերին պիտի բանայ հայ նշանաւոր ու արտակարգ նկարիչ, շարժապատկերի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաճանովի գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Այսպիսի ցուցահանդէսի մը բացումը արուեստի դէպք է, Փարաճանով մօտիկ անցեալի ամէնէն ինքնատիպ, ամէնէն հնարամիտ նկարիչներէն մէկը հանդիսացած է։ Անոնք որ անգամ մը այցելած են Երեւանի մէջ Փարաճանովի թանգարանը, չեն կրնար մոռնալ այն բացառիկ տպաւորութիւնը, զոր մարդ կը զգայ այս արտակարգ մարդուն ստեղծագործութիւններուն դիմաց։ Իրականութեան մէջ Փարաճանով միայն նկարիչ չէ, ան փողոց նետուած ամէնէն անպէտ ու աւելորդ նիւթերն անգամ քով քովի բերելով արուեստի գլուխ-գործոցներ ստեղծած է։ Ինչպէս պիտի յիշուի, Փարաճանով նաեւ շարժանկարի բեմադրիչ եւ դերասան էր, ան մեծ համբաւի տիրացած էր Սայաթ Նովայի նուիրուած «Նռան Գոյնը» խորագիրով ժապաւէնով։ Պոլսոյ մէջ մրցանակ ստացած էր նաեւ անոր «Աշուղ Ղարիպ» ժապաւէնը։ Այս բոլորէն ետք յայտնի կը դառնայ, թէ ինչպիսի ցնցիչ տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ Փարաճանովի ցուցահանդէսը։ Անշուշտ դեռ չենք գիտեր, թէ ինչեր պիտի ներկայացուին Պոլսոյ մէջ։ Բայց կը տեղեկանանք, որ Երեւանի թանգարանի բազմամեայ տնօրէն Զաւէն Սարգսեան այս օրերուն Պոլիս եկած է ցուցահանդէսի պատրաստութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու նպատակով»։