ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախաշեմին, պատգամաւորութեան թեկնածուները ներկայացուցած են իրենց ունեցուածքի յայտարարագիրները:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարագիրին համաձայն՝ 1 Նոյեմբեր 2017էն 1 Նոյեմբեր 2018, Գագիկ Ծառուկեանի եւ իր կնոջ՝ Ջաւահիրի եկամուտները շահաբաժիններէ, աշխատավարձէ, տուած փոխառութիւններէ ստացուած տոկոսներէ եւ այլ գործարքներէ կազմած է 4 միլիառ 207 միլիոն դրամ, 1.8 միլիոն եուրօ:
Յայտարարագիրը ներկայացնելու օրուան դրութեամբ՝ Ծառուկեան ունէր 161.3 միլիոն տոլար, 29 միլիոն եուրօ եւ 678,509,000 դրամ (շուրջ 1.404 միլիոն տոլար) դրամական միջոցներ:
Նշուած գումարներէն բացի, Ծառուկեան բաժնեմասեր ունի 45 ընկերութիւններու մէջ, որոնց շարքին են՝ «Արարատ Ցեմենտ»ը, «Կոտայք» գարեջուրի գործարանը, «Երեւանի Արարատ կոնեակի գինու գործարան»ը, «Օնիրա Քլաբ»ը:
8 միլիոն դրամ արժէքը գերազանցող գոյքերու շարքին, Ծառուկեան թուարկած է 930,235 եուրօ ընդհանուր արժողութեամբ կահոյք, 251,799 եուրօ արժողութեամբ վարագոյրներ, 1.8 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով 6 ժամացոյցներ եւ 3 մատանիներ՝ 3 միլիոն տոլար արժէքով:
Անշարժ գոյքի շարքին յայտարարագրուած է 8 հողամասեր՝ 35.2 հեկտար ընդհանուր մակերեսով, եւ շուրջ 7560 քառակուսի մեթր մակերեսով 5 շինութիւններ:
Ծառուկեան յայտարարագրած է նաեւ 13 ինքնաշարժներ՝ 2 Rolls Royce Phantom 6.7, 1 Bentley Bentayga, 2 Toyota Land Cruiser 200, 1 Toyota Land Cruiser Prado, 2 BMW X5, Mercedes G63 AMG, Toyota Tundra, Jeep Wrangler, Range Rover Sport, Nissan Patrol: