ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները վերջ գտան եւ երեք քաղաքական ուժեր այժմ կը բաժնեն իրենց միջեւ օրէնսդիր իշխանութեան աթոռներու ամբողջութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան տալով գերիշխող ուժի անվիճելի հանգամանքը:
Այժմ ՀՀ Ազգային ժողովը կը գտնուի Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութեան միահեծան տիրապետութեան տակ ՀՀ քուէարկողներու 48 տոկոսի մասնակցային կտրուածքով միայն իրականացած ընտրութիւններուն որպէս արդիւնք: Այսօր յստակ է, որ ՀՀ յաջորդ վարչապետը Նիկոլ Փաշինեանն է ըլլալու եւ բնական է, որ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերը — եւ յատկապէս անոնք, որոնք դուրս մնացած են Ազգային ժողովէն — բարոյական պարտաւորութիւնը ունին իրենց համագործակցութիւնը խոստանալու ՀՀ Ազգային ժողովին եւ ՀՀ վարչապետին: Բայց ինչպէ՞ս:
ՀՀ Սահմանադրութիւնը իմաստուն նախատեսութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն սահմանած է խորհրդարանի փոքրամասնութեան: Սահմանադրութիւնը խորհրդարանի գործունէութիւնը կը պայմանաւորէ փոքրամասնական թեւի երաշխաւորուած նուազագոյն մէկ երրորդով: Սահմանադրութեան յստակ դիտաւորութիւնն է կանխել բոլոր բեւեռացումները խորհրդարանի ուժերու դասաւորման մէջ: Դժբախտաբար այս մէկը դեռ լայնօրէն չփորձուած գետին է ՀՀ քաղաքական բեմին վրայ: Իսկ սահմանափակ փորձը ցոյց տուաւ, որ սահմանադրական այս տրամադրութիւնը բաւարար երաշխիք չէր բեւեռացման երեւոյթը, ըստ էութեան, կանխելու: Այս ձախողութեան առաջին մեղապարտը նախորդ իշխանութեան մեծամասնական թեւի ղեկավարներն էին եւ, առաջին հերթին, նախկին ՀՀ նախագահը՝ ի՛նք: Այսօր սակայն ետ նայելու կարիքը չունինք, քանի որ նոյնքան եւ աւելի ճնշիչ չափերով նոյն երեւոյթն է, որ կը բեմադրուի խորհրդարանի ներքին քաղաքական հարթակին վրայ:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» (ՔՊ) եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները (ԼՀ) նոյն ծառին պտուղներն են եւ կը գործեն ընդհանրապէս նոյն քաղաքական ներշնչումով, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը՝ ՔՊի քաղաքական սերտ ուղեկիցն է այժմ եւ փաստօրէն այլ բան չի կրնար ըլլալ Ազգային ժողովի ուժերու ներկայ դասաւորման մէջ: Հետեւաբար վաղուան վարչապետը չունի իրական ընդդիմութիւն Ազգային ժողովին մէջ (ի՞նչ կարուձեւի ալ, որ փորձեն ենթարկել ներկայ պատկերը): Այս ընտրութիւններէն ետք, աւելի եւս յստակ է, որ այս խորհրդարանով մենք այլեւս չունինք խորհրդարանական համակարգ: Մենք ունինք de facto նախագահական համակարգ այս իրողութեան բոլոր ակնյայտ հետեւանքներով:
Անշուշտ հնարաւոր չէ նախատեսել, թէ յաջորդ վարչապետը ինչպէ՞ս կը կարողանայ ձեւաւորել իր յարաբերութիւնները Ազգային ժողովի միւս կուսակցութեանց հետ: Ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ ներքին միութիւնը եւ պարոնայք Ծառուկեան եւ Մարուքեան ի՛նչ չափով եւ ինչպէ՞ս կը համադրուին վարչապետ Փաշինեանի մեծամասնական քաղաքականութեան հետ: Այս բոլորը կը գտնուին ապագային մէջ: Այսօր մեր խնդիրն է հասկնալ, թէ ի՞նչ են ներկայիս փոքրամասնութեան իրական հնարաւորութիւնները եւ վաղուան վարչապետին իրական փոխընտրութիւնները:
Պէտք է անկեղծօրէն ընդգծենք, որ Փաշինեան իշխանութեան կու գայ բոլորոովին անսովոր պայմաններու մէջ: Յեղափոխութի՛ւն կամ ոչ՝ ինք իշխանութեան տիրացաւ շնորհիւ ժողովրդային շարժման մը ստեղծած ալեկոծութեան, որուն առջեւ (ըսենք՝ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ) յանկարծ տեղի տուաւ օրուան նախագահը եւ իշխանութիւնը de facto անցաւ պր. Փաշինեանին: Այսօր արդէն անցած են շփոթի այդ փուլերը եւ ներկայ խորհրդարանի գրեթէ ամբողջութեան զօրակցութիւնը վայելող վաղուան վարչապետը հանդէս պիտի գայ շօշափելի մէկ քաղաքական ծրագրով: Ասկէ անդին, ոչ ոք կրնայ ընդունիլ նախկինը պարսաւելու որեւէ ուշացած հռետորաբանութիւն: Ասկէ անդին, պիտի խօսի միայն պր. Փաշինեանի յառաջիկայ կառավարութեան գործը եւ այդ գործը չի կրնար ըլլալ նախկինի շարունակութիւնը… Ասկէ անդին, վարչապետ Փաշինեան էապէս մէկ բան միայն ունի ընելիք, որպէսզի կարողանայ հաւատարիմ մնալ իր խոստումներուն: ԻՒՐԱՑՆԵ՛Լ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԼԱՏՖՈՐՄԸ: Այն պլատֆո՛րմը՝ որ Դաշնակցութիւնը յեղափոխական խիզախութեամբ փորձեց իրականացնել նախորդ իշխանութեան ներքին որոգայթները ամէն օր դիմագրաւելով: Դաշնակցութիւնը չունէր պերճանքը խորհրդարանական մեծամասնութեան: Եւ ան շրջապատուած էր մարդոցմով, որոնք իր գաղափարական գործընկերները չէին: Այնուամենայնիւ Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ պարտադրել իր պլատֆորմը օրուան նախագահին եւ ստիպել, որ ան հրապարակաւ ինքզինք դնէ համակարգային արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու պարտաւորութեան տակ եւ նոյն քաղաքականութիւնը պարտադրել օրուան վարչապետին: Այսօր գիտենք, թէ ինչպիսի՛ մեքենայութիւններու դիմելով նախորդ իշխանութիւնը յաջողեցաւ տապալել Դաշնակցութեան գործը: Եւ յստակ է, որ Դաշնակցութեան գրաւը սխալ դուրս եկաւ յատկապէս տնտեսական յարաբերութիւններու յեղաշրջման ճակատին վրայ: Թէեւ ան կրցաւ այնուամենայնիւ կարելի դարձնել նոր սահմանադրութեան հռչակումը եւ Թուրքիոյ հետ տեղքայլի մէջ գտնուող Արձանագրութիւններու չեղարկումը: Յստակ է, որ այս բոլորը խորքային քննութեան կարիքը ունին եւ Դաշնակցութիւնը գործ ունի ընելիք թէ՛ իր ներքին ճակատի խնդիրները բիւրեղացնելու, իր վիճակացոյցը վերանայման ենթարկելու եւ թէ իր վաղուան գործին ռազմավարական առաջադրանքները ճշդելու մարզերուն մէջ:
Ես կասկած չունիմ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ընէ այդ բոլորը: Բայց անկախ այդ բոլորէն, մեր առջեւ կայ պետութեան գործին մեծ հրամայականը: Վաղուան վարչապետը իր ունեցած բացարձակ մեծամասնութեան որոգայթները ճիշդ գնահատելով եւ մանաւանդ գիտակցելով, որ ինք զրկուած է խորհրդարանական իրական ընդդիմութեան մը բարիքէն՝ այժմ պարտաւորութեան տակն է (առաջին անգամ ըլլալով եւ վերջապէս) յեղափոխութի՛ւն իրականացնելու… Այն իսկ յեղափոխութի՛ւնը՝ որ ինք քանիցս իրագործուած յայտարարեց իր կուսակցութեան բեմերէն առանց իսկապէս յստակացնելու, թէ ինչի՛ մէջ կը կայանար ան: Եկած է ժամանակը ճշգրտօրէն բացայայտելու, թէ ի՛նչ բան պիտի իրագործէ այս յեղափոխութիւնը մեր ժողովուրդին համար:
Արդ, կու գանք ըսելու, որ վաղուան վարչապետին իրական ընդդիմութիւնը այժմ կը գտնուի Ազգային ժողովէն դուրս եւ ան մարմնաւորուած պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան պլատֆորմի նորմերով: Այդ նորմերը նոյնինքն մեր ժողովուրդի ազատագրման բանալիներն են: Ազատագրել ՀՀ տնտեսութիւնը մենաշնորհային համակարգի ցեցերէն եւ բանալ շնչերակները տնտեսութեան դէպի իրական եւ որակաւոր աճ: Լուծել երկրի գիւղատնտեսութեան, կենսոլորտի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի կնճռոտ հարցերը ազգակեդրոն լուծումներով: Եւ վերջապէս, Արցախեան հիմնահարցին վերաբերմամբ հետապնդել ազգային տոկուն քաղաքականութիւն՝ մերժելով նահանջական դիւանագիտութեան բոլոր քաշքշուքները: Եւ այն չափով, որ յաջորդ կառավարութեան ծրագիրը անկեղծօրէն կ՛իւրացնէ այս նորմերը, այսինքն՝ Դաշնակցութեա՛ն պլատֆորմի նորմերը, վարչապետը հնարաւոր կը դարձնէ ազգային համաձայնութեան եզրեր ստեղծել ի մի բերելով երկրի քաղաքական դաշտի բոլոր իրական ուժերը եւ կը յաջողի շրջանցել խորհրդարանական ներկայ մեծամասնութենէն բխող ճակատագրական բարդութիւնները:
Ի վերջոյ իր առջեւ ծառացող առաջնահերթ մարտահրաւէրը ազգային ընդհանուր համաձայնութեան հրամայականն է խոհրդարանական ներկայ մեծամասնութեամբ հանդերձ: Պէտք է միշտ յիշել, որ այս խորհրդարանը ընտրուեցաւ ամբողջ երկրի քուէարկողներու ընդհանուր թիւին մէկ թոյլ տոկոսով միայն: Ամբողջ ժողովուրդի անունով խօսող շարժումը հիմա պատեհութիւն ունի իր ժողովրդականութեան իսկական սահմաններուն գիտակցելու: Նոյն դասը պիտի առնեն նաեւ ընտրապայքարին մաս կազմած բոլոր քաղաքական ուժերը (ներառեալ՝ Դաշնակցութիւնը, որ քուէներու մեծ թիւ մը կորսնցուց): Առակս ի՞նչ ցուցանէ: Իմ կարծիքով, առակս ցուցանէ միայն մէկ բան: Մեր ժողովուրդին հսկայ զանգուածը դեռ համբերութեամբ կը սպասէ մեզի… Կը սպասէ, որ իր ճակատագրի ղեկը ստանձնած կամ անոր յաւակնող բոլոր քաղաքական ուժերը դառնան դէպի իր կարիքները, դէպի իր ցաւե՛րը եւ դառնան «լիաժամ» (full time!) եւ իրական լուծումներով ամոքեն իր վէրքերը, տէր կանգնին իր ապագայ սերունդներուն եւ ընեն այնպէս, որ ինք կարողանայ վերջապէս ապրիլ իր հողին վրայ արժանապատիւ կեանքով: Եւ հոս բոլորս միատեղ մեր հաւաքական պարտքը հատուցելու խնդիր ունինք հանդէպ մեր ժողովուրդին:
Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ նորընտիր Ազգային Ժողովին եւ վաղուան կառավարութեան:
Դեկտեմբեր 11, 2018
Ուաշինկթըն
Աս գրութեան մէջ քիչ մը շատ լաւ զգացում կայ. իրական գետնի վրայ ադպէս չէ: Պէտք չէ մոռնանք, որ Փաշինեանը ամիսներէ ի վեր կաշխատի յստակ գիծի մը վրայ. իրմէ դուրս մարդ չիճանչնար, եթէ հետս չես, թշնամիս ես, մենք, դուք, սեւ, ճերմակ, եւայլն: Հիմա ամէն ուժը ձեռքն է, ինչո՞ւ պիտի փոխէ աս գիծը, մէկէ մը վախ ունի՞: Ազգային ժողովն ալ գրպանը դրաւ, կառավարութիւնը արդէն գրպանն է, իսկ դատաւորներուն ալ ընել կուտայ կոր ինչ որ ուզէ. գաղտնի հեռաձայները նոր լսեցինք. պէտք է տեսնենք, որ նոր համայնավարութիւն մը մէջտեղ կուգայ կոր, ինչպէս որ կըսեն նոր նազիականութիւն կամ նոր ուրիշ բաներ: Եթէ անունը եւ մասքը փոխուի, իրականութիւնը կը փոխուի՞: Ժողովորդն ալ բարի է եւ մեծ յոյսեր կապած է աս նոր թագաւորին: