Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) համագումարը տեղի ունեցաւ 7-8 Դեկտեմբեր 2018ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 500 մասնակցողներու՝ պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ եւ գործիչներ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հանդիսանալով կազմակերպութեան դիտորդ անդամ՝ մասնակցեցաւ համագումարին: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան:
2019ի Եւրոպական ընտրութիւններու շեմին տեղի ունեցած այս համագումարին բնաբանն էր «Արդար, ազատ, կայուն՝ յառաջադէմ Եւրոպան, զոր կը պահանջենք»:
Համագումարը մեծ շուքով ներկայացուց Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահի եւրոպացի ընկերվարականներուն միասնական թեկնածուն՝ Ֆրանց Թիմերմանս: Թիմէրմանս Հոլանտայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն է, Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահն է եւ եղած է Հոլանտայի նախկին արտաքին գործոց նախարարը:
Այս առիթով, համագումարին ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան Մեծն Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ճերեմի Քորպին, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ, Փորթուկալի վարչապետ Անթոնիօ Քոսթա, Եւրոպական Խորհրդարանի «Ընկերվար եւ Ժողովրդավար» խմբակցութեան նախագահ Ուտօ Պուլման եւ այլ եւրոպացի առաջնորդներ:
Քննարկման Կարեւոր նիւթերն էին՝ Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու աճին դէմ պայքարը, ժողովրդականութեան (populism) եւ կեղծ լուրերու տարածման երեւոյթը դիմակայելը, տնտեսական եւ ընկերային արդարութեան հիման վրայ կերտուած ապագայ Եւրոպական Միութեան տեսլականը, «Պրէքզիթ»ի բանակցութիւնները, կանանց եւ երիտասարդուհիներու բռնութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարի ձեւերը, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան վտանգները եւ բնապահպանութեան մարտահրաւէրները:
Համագումարի զանազան կլոր սեղաններու ընթացքին դատապարտուեցան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, եւ պահանջուեցաւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:
ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Յ. Շիրինեան զանազան պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին առիթը ունեցաւ արծարծելու Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պահանջատիրական պայքարը:
Համագումարի աւարտին, Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարացի Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր (եւ երկրին նախկին վարչապետը) Սերգէյ Ստանիշեւ, որ յայտարարեց, թէ կուսակցութեան նախագահութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ 2019ի Եւրոպական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելը: Ընտրարշաւի պաշտօնական մեկնարկը պիտի տրուի Մատրիտի մէջ, Փետրուար 2019ին:
1992ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութիւնը (ԵԸԿ/PES) կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ: Եւրոպական Միութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ: Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինքը, որուն հետ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը Յուլիս 2016ին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է:
ՀՅԴ Երիտասարդականը լիիրաւ անդամ է Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան՝ Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներուն (Young European Socialist, YES):
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ
ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ