Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր «Ֆէյսպուք»ի էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ ստեղծած է ելեկտրոնային գրադարան մը:
Andrioid եւ IOS համակարգերու համար ստեղծուած ե-գրադարանը անվճար կրնաք ներբեռնել app store-էն եւ կամ play store-էն:
Ներբեռնելէ ետք, ե-գրադարանէն կրնաք գնել որեւէ գիրք: Գիրքերը դասակարգուած են տարբեր բաժիններու մէջ՝ բանաստեղծական, գրական, թատերական, թարգմանութիւններ, մանկական, յեղափոխական, պատանեկան եւ պատմական:
Նշենք, որ 10 Դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն եւ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ ստեղծուած անտարբերութեան, Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի նահանջին… հայ գիրքը հայ ընթերցողին հասանելի դարձնելու համար Համազգայինը, ընթերցանութեան ու գրատարածման նոր մղում մը տալու առաջադրութեամբ՝ կը թողարկէ e-library-ն, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ գտնել Համազգայինի եւ այլ հրատարակութիւններու գիրքեր: