(Ծնեալ՝ 1943ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ եւ հարազատին՝ Արաքսի Քէօսէեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 16, 2018ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018ին, առաւօտեամ ժամը 10։30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Oakwood Memorial Park & Cemetery գերեզմանատան մէջ, 22601 Lassen St, Chatsworth, CA 91311։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յարութիւն Քէօսէեան
Տագրը՝ Գրիգոր Քէօսէեան
Տագրոջ զաւակները՝ Յարութիւն Քէօսեան եւ Քրիսթին Աւշարեան
Տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Վարդենի Քէօսեան
Տալը՝ Սիլվա Քէօսէեան
Տալոջ դուստրը՝ Քրիսթին եւ Գէորգ Մալճեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Ազնիւ Ուրֆալեան եւ զաւակները իրենց ընտանիքներով (Հալէպ)
Քրոջ զաւակները իրենց ընտանիքներով
Հօրաքրոջ զաւակները՝ Մարգարեան, Լէփէճեան, Թահհան եւ Գրաճեան ընտանիքները
Եւ համայն Քէօսէեան, Ուրֆալեան, Մալճեան, Տիշոյեան, Գիլէճեան,
Անանեան, Չիլինկիրեան, Բարսեղեան, Գիւփէլեան, Պետրոսեան, Յովհաննէսեան,
Թոքմաքճեան, Գազանճեան, Աւշարեան, Պէտիրեան, Պաղտոյեան եւ Մարտիրոսեան
ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Terrace ճաշարանին մէջ, 17239 Ventura Blvd, Encino, CA 91316
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Յարութիւն եւ Արաքսի Քէօսէեան» ֆոնտին։