ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ընտրելիք ճանապարհը դէպի 21րդ դար ունի մէկ ուղղութիւն՝ դէպի նոր, ժամանակակից արհեստագիտութիւններ: Հայաստան ապագային պէտք է դառնայ երկիր մը, որ բնական աղբիւրներու երկիր է, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու երկիր», Երեքշաբթի օր, «Քենդլ» հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:
«Ժամանակից արհեստագիտութիւնները զարգացնելու քանի մը բաղադրիչներ կան: Նախ, այդ կրթական համակարգն է: Վերջապէս, նորագոյն արհեսատգիտութիւններ ստեղծողները, կիրառողները, վաճառողները մարդիկ են, որոնք արհեստավարժ, մասնագիտական կրթութիւն ստացած են: Հետեւաբար, այս համակարգին համար շատ էական է կրթական համակարգը՝ սկսած դպրոցէն, նոյնիսկ աւելի փորք տարիքէն՝ մանկապարտէզէն», ըսաւ նախագահը:
Ըստ Սարգսեանի՝ այլոց նկատմամբ մեր առաւելութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ հայ ծրագրաւորողը պէտք է ըլլայ բարձրորակ մաթեմաթիկոս, բնագէտ կամ քիմիագէտ, նաեւ՝ գիտնական-ծրագրաւորող, բան մը, որ ուրիշ տեղ չեն կրնար ընել:
«Եւ այս փաստ է, ոչ թէ մեծամտութիւն, որ մենք աւելի խելացի ենք: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ բարձր որակի ստեղծագործող մասնագէտներ ստանալը՝ կենսաբնագիտութենէն մինչեւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններ: Այդ իմաստով այս հիմնարկը շատ կարեւոր է: Կարեւոր է, որովհետեւ խորհրդային տարիներէն մեզի ժառանգութիւն մնացած շատ գիտական հիմնարկներ մաշած են կամ կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը, անոնցմէ շատերը գոյութիւն չունին, իսկ ա՛յս հիմնարկը հիմնուած է 2000ին:
«Ես ուրախ եմ, որ այսօր այստեղ կը գտնուիմ՝ քանի մը պատճառներով: Նախ այն փաստը, որ մենք Հայաստանի մէջ կրցանք 2000էն ետք այսպիսի հիմնարկ կառուցել, որ միջազգային լաւագոյն մակարդակը ունի: Երկրորդ, ինծի համար կրկնապէս հաճելի է, որովհետեւ որոշ չափով ես փոքր ներդրում ունիմ այս հիմնարկին հիմնադրման գործին մէջ», ըսաւ նախագահը:
Արմէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ ինք ծրագիր ունի Հայաստանի մէջ զարգացնելու բնագիտութիւնը:
«Նայեցէ՛ք, ինչպէս կրնանք աջակցիլ, որպէսզի Հայաստան դառնայ բնագիտութեամբ զբաղող հզօր երկիր՝ կենսաբնագիտութենէն մինչեւ աստղագիտութիւն: Անոր կարիքը կայ: Մենք չենք կրնար ապրել միայն այն միտքով, որ ժամանակին Բիւրականի աստղադիտարանը ղեկավարած է Վիքթոր Համբարձումեան: Այսօրուան Համբարձումեանները պէտք են: Կը ծրագրեմ շուտով նաեւ Բիւրական երթալ եւ թերեւս անկէ ետք, երբ իմ պատկերացումները յստականան, աջակցիմ, որպէսզի այս ոլորտը ոչ միայն գոյատեւէ, այլեւ զարգանայ», ամփոփեց Հայաստանի նախագահը: