Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն Լաս Վեկաս փոխադրուած հայ ընտանիքներուն ու անոնց զաւակներուն ազգային միջավայր մը ստեղծելու հեռանկարով, շրջանը հաստատուած կարգ մը փորձառու ՀՄԸՄականներ քով քովի գալով որոշեցին հիմնել ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը: Նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ շրջանի հայկական գաղութին կողմէ:
Շրջանային վարչութիւնը 17 Դեկտեմբեր 1996ի իր ժողովին ընթացք տուաւ Լաս Վեկասի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու դիմումին եւ հետեւեալ քոյր-եղբայրները նշանակեց մասնաճիւղի առաջին վարչութեան անդամ.
Սարգիս Մահսէրէճեան՝ Ատենապետ
Սոնա Արտումեան
Գրիգոր Գասապեան
Վրէժ Թասլաքեան
Չաք Մրլեան
Կարօ Անթիկաճեան
Մուրատ Քանունեան
Մասնաճիւղի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Յունուար 1997ին,
որուն համար ալ, մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարին ընդունուած է 1997ը:
Արցախի Հանրապետութեան անունով մասնաճիւղը կը կոչուի «Արցախ», որ աշխոյժ գործունէութիւն կը կատարէ շրջանէն ներս, սկզբնական տարիներուն կեդրոն ունենալով շրջանի վարձու եկեղեցւոյ շրջափակը:
Քանի մը տարիներու աշխոյժ գործունէութենէ ետք, մասնաճիւղը որոշ վերիվայրումներ կ՛ապրի, վտանգելով իր գոյութիւնը, սակայն ատենի Շրջանային վարչութիւնը մօտէն հետեւելով մասնաճիւղի դժուարութիւններուն, կը հարթէ զանոնք: Դժուարութիւնները գլխաւորաբար կ՛առնչուէին կեդրոնի չգոյութեան եւ փորձառու ղեկավարներու պակասին: 2000 թուականին, Շրջանային վարչութեան անդամներէն վաստակաշատ ՀՄԸՄական Մարօ Քէշիշեան, պարտականութիւն կը ստանձնէ վերաշխուժացնելու մասնաճիւղը, որ գրեթէ կազմալոյծ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Շրջանային վարչութեան գիտակցութեամբ, քրոջ առաջնահերթ աշխատանքը կ՛ըլլայ յառաջացնել վարչութիւն մը կազմուած աշխոյժ եւ նուիրեալ անհատներէ.
Ճէգ Գասամանեան՝ Ատենապետ
Նորա Արմէնեան
Հայկ Ադամեան
Վիգէն Սարխանեան
Դրօ Դանիէլեան
Վերաշխուժացած մասնաճիւղի վարչութիւնը կը վերակազմակերպէ իր մարզական եւ Սկաուտական բաժանմունքները, որոնք կարճ ժամանակուան ընթացքին մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն: Մասնաճիւղի պասքէթպոլի մանչերու Ա. դասակարգի խումբը նոյնիսկ ախոյեանութիւնը կը շահի ՀՄԸՄի Սէն Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերուն:
Պէտք է ընդգծել, թէ մարզականի գծով մասնաճիւղի մէջ մեծապէս գնահատելի աշխատանք կը տանի ՀՄԸՄի «Մասիս»ի մարզիկներէն Լաս Վեկաս փոխանցուած եղբ. Յակոբ Տարագճեանը, իսկ սկաուտականի գծով՝ եղբ. Ճէք Գասամանեանը եւ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն մէջ դաստիարակուած քոյր Գառնի Արմէնեանը:
Յաջորդական վարչութիւնները յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքին, յատկապէս գայլիկ-արծուիկներու խումբերուն, որպէսզի անոնք փոքր տարիքէն հասակ նետելով ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ, կարենան ապագայ ղեկավարները դառնալ մասնաճիւղին եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ գաղութին:
2007ին, մասնաճիւղը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 10ամեակը, որ յաջողութեամբ կ՛իրագործուի, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով Լաս Վեկասի հայկական համայնքէն ներս:
Տարուէ տարի յառաջդիմութիւն արձանագրելով, մասնաճիւղը տիրական ներկայութիւն կը դառնայ իր շրջանէն ներս: Մասնաճիւղի արի-արենուշները ամէն տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնախմբութեանց կարգապահութեամբ եւ տպաւորիչ ձեւով կը կատարեն դրօշակի արարողութիւնները: 20017ին, մասնաճիւղի 20ամեակի տօնախմբութիւնը առաւել կը գօտեպնդէ մասնաճիւղը:
Մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի Շրջանային Մարզական խորհուրդին հետ եւ կը մասնակցի միջ-մասնաճիւղային բանակումներուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան չորս տարին անգամ մը կազմակերպած համա–ՀՄԸՄական բանակումներուն: Այս տարի մասնաճիւղէն 10 արի-արենուշներ մասնակցեցան ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած համա-ՀՄԸՄական 11րդ Սկաուտական ընդհանուր բանակումին, որ մեծապէս նպաստեց սկաուտական թեւի առաւել աշխուժացման:
Մասնաճիւղի սկաուտական շաբաթական աշխատանքները կը կատարուին շրջանի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, իսկ մարզական խումբերը իրենց փորձերը կը կատարեն շրջանի «Թարխանեան» մարզական համալիրի մարզադաշտերուն վրայ:
Մասնաճիւղը մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն: 2016ին, մասնաճիւղի մարզիկները Թեթեւ Աթլեթի մարզաճիւղի ախոյեանութեան տիրացան: Տարիներէ ի վեր մասնաճիւղը իր կրպակը կ՛ունենայ Նաւասարդեան փառատօներուն, որուն եկամուտէն տարեկան իր պիւտճէն կ՛ապահովէ:
Դաստիարակչական իմաստով, մասնաճիւղը կը հետեւի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած սեմինարներուն, ինչպէս նաեւ, վարչութիւնը, մասնաճիւղի անդամներուն համար կը կազմակերպէ դասախօսական ձեռնարկներ, սկաուտական եւ մարզական աշխատանիստեր:
Ներկայիս մասնաճիւղի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Էյպ Գասամանեան՝ Ատենապետ
Ռիթա Սագոյեան
Ռոզմէրի Ղարիպեան
Նուպար Կարապետեան
Վանիա Փանուս
Ռիթա Հաւանճեան
Մայք Աբաղանեան
Մասնաճիւղը կը հաշուէ 81 անդամ, որոնց 31ը սկաուտական բաժանմունքին անդամ են, 30ը՝ մարզական՝ իսկ մնացեալը գործօն անդամներ: