Շրջանային վարչութեան մեծագոյն յանձնախումբն է Շրջանային Մարզական խորհուրդը, որ տարեկան իր բազմազան ծրագիրներով կը համախմբէ շրջանի երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր մթնոլորտի մը մէջ:
Մասնաճիւղային մակարդակէն դուրս բերելով ՀՄԸՄական երիտասարդութիւնը, տարիներու ընթացքին անիկա կրցած է Քալիֆորնիոյ մարզասէր հայութիւնը առաջնորդել մարզադաշտեր՝ վայելելու համար ՀՄԸՄի երիտասարդութեան արձանագրած յաղթանակները:
Մարզական խորհուրդին մաս կը կազմեն մարզական կեանքին մէջ լայն փորձառութիւն ունեցող միութենականներ, որոնք կը նշանակուին Շրջանային վարչութեան կողմէ, երկու աշխատանքային տարիներու համար: 2016-2018 աշխատանքային շրջանին համար Մարզական խորհուրդի անդամ նշանակուած են հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Արամ Թոմաս՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ
Քուինթ Չիմնիզ՝ համաատենապետ
Սագօ Գահվէճեան՝ համաատենապետ
Լեւոն Շանթ Շիրիքեան
Սօսէ Խաչատուրեան
Փօլ Առաքելեան
Վարանդ Աւանէսեան
Քրիսթոֆըր Մաթթի
Սօսի Պեքարեան
Ճաք Քապաճուզեան
Ճոնաթան Թախթաճեան
Էտուին Քամարզարեան
Էւա Իբրահիմեան
Լարա Փանոսեան
Մարզական խորհուրդի նախաձեռնութիւններուն մեծապէս կ՛օժանդակեն մասնաճիւղերու մարզական պատասխանատուները: Մարզական բաժանմունքը ունի իր ներքին կանոնագիրը, որ ըստ պահանջի, պարբերաբար վերատեսութեան կ՛ենթարկուի, պատշաճեցուելով ՀՄԸՄի եւ տեղական օրէնքներուն:
Մարզական խորհուրդը մօտէն կը հետեւի մասնաճիւղերու մարզական աշխատանքներուն, հարկ եղած ուղղութիւնները կու տայ եւ մեծապէս կը նպաստէ մասնաճիւղերու կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային զանազան մարզաճիւղերու եւ իր ներկայութեամբ մօտէն կը հետեւի ընթացքին, այսպէս.
ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղի կազմակերպած ֆութպոլի ձմեռնային մրցաշարքերը, որոնք ցարդ 4 անգամ կազմակերպուած են, ինչպէս նաեւ Ֆութսալի (Futsal) Ա. մրցաշարք:
ՀՄԸՄի Սեն Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպած 15 տարեկան եւ վեր պասքէթպոլի եւ Վոլիպոլի տարեկան միջ-մասնաճիւղային մրցումները, որոնք 33 տարիներէ ի վեր մեծ յաջողութեամբ կը կազմակերպուին:
ՀՄԸՄի ՕրԵնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղի փոքր դասակարգի պասքէթպոլի տարեկան մրցումները:
ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղի կազմակերպած միջին տարիքի պասքէթպոլի մրցումները, որոնք 23 տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին եւ մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն շրջանէն ներս:
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղի կազմակերպած հետեւել մրցումները.
Երկրորդ տարին կազմակերպուող ՀՄԸՄի գարնանային վոլիպոլի մրցաշարքերը,
Միջին դասակարգի պասքէթպոլի 16րդ մրցաշարքերը,
Երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող տարեկան ձմեռնային վոլիպոլի մրցաշարքերը։
ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի պասքէթպոլի տարեկան Ա. միջ-մասնաճիւղային մրցումներ։
ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի 37րդ տարեկան միջ-մասնաճիւղային մրցումներ։
ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի ճատրակի մրցաշարքը։
ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղի անդամներէն Նաթալի Սարգիսեանի յիշատակին կազմակերպուած Ֆութպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցումները:
Խորհուրդը մեծապէս կը քաջալերէ մասնաճիւղերը մասնակցելու նաեւ ՀՄԸՄի այլ շրջաններու կազմակերպած միջ-շրջանային մարզախաղերուն: Այս քաջալերանքին արդիւնքն է, որ շրջանի մասնաճիւղերը կը մասնակցին յատկապէս ՀՄԸՄի Գանատայի կազմակերպած մրցաշարքերուն:
Մարզական խորհուրդը շրջանի մարզական կազմակերպութիւններ, Ազգային վարժարաններու աշակերտներ եւ շրջանաւարտները համախմբուած պահելու հեռանկարով, 1987ին նախաձեռնած էր ՀՄԸՄի Համահայկական առաջին մարզախաղերը, պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի մարզաճիւղերուն մէջ, որոնք տարիներ շարունակուելով՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին շրջանէն ներս: Այս մարզախաղերուն կը մասնակցէին Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ), UACC-ի եւ ՀՄԸՄի մասնաճիւղեր ու Ազգային վարժարաններ։
Մարզական մրցակցութիւնը մասնաճիւղերու միջեւ զօրացնելու եւ անոնց մէջ համագործակցութեան մտերմիկ միջավայր ստեղծելու հեռանկարով, Մարզական խորհուրդները ստեղծած են նաեւ վաստակաշատ ՀՄԸՄականներու յիշատակին նուիրուած հնգամեայ մարզական շրջուն բաժակներ: Նման բաժակներ ստեղծուած են ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ ՀՄԸՄական եւ երկար տարիներու ատենապետ հանգուցեալ եղբ. Վարդգէս Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային եւ Կերդոնական վարչութեանց անդամ եղբ. Ժիրայր Պօյաճեանի յիշատակին: Այս բաժակները կը տրուին տարուան ընթացքին ամենալայն յառաջդիմութիւնն ու մարզական յաղթանակներ արձանագրած մասնաճիւղին եւ հինգ տարիներ ետք կը վերադարձուին Շրջանային վարչութեան եւ իրենց արժանի տեղը կը գտնեն ՀՄԸՄի կեդրոնէն ներս:
Մարզական խորհուրդը տարուան ընթացքին պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ մասնաճիւղերու մարզական պատասխանատուներուն հետ, կը ներկայացնէ իր ծրագրած աշխատանքները եւ կը լսէ անոնց մտահոգութիւնները, միաժամանակ հարկ եղած ուղղութիւնները կը փոխանցէ անոնց: Այս բոլորը կը կատարուին միշտ հեռանկար ունենալով ՀՄԸՄի մարզական կեանքի բարելաւումը:
Տարին քանի մը անգամ կը կազմակերպէ մարզական աշխատանիստեր եւ կը հրաւիրէ միջազգային ճանաչում ունեցող մարզիչներ, որպէսզի մարզական կեանքի նորութիւններուն մասին փոխանցումներ եւ գործնական աշխատանքներ կատարեն այդ գծով:
Պասքէթպոլի գծով կազմակերպուած աշխատանիստերուն հրաւիրուած են «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի պասքէթպոլի նշանաւոր մարզիչ Սթիւ Լեւինը (Steve Lavin), Լաս Վեկասի համալսարանի մարզիչ Ժան Թարխանեանը, Ուաշինկթընի եւ Օրիկընի համալսարաններու մարզիչ Ըրնի Քենթը (Ernie Kent), Ըրվայնի համալսարանի մարզիչ Ռասըլ Թըրնըրը (Russel Turner) եւ Անգլիոյ Ուեսթհամ Եունայթըտ (Westham united) խումբի մարզիչ Տան Մըրքալֆը (Dan Mercalf):
Ֆութպոլի մարզաճիւղին գծով կազմակերպուած աշխատանիստերուն հրաւիրուած են միջազգային ճանաչում ունեցող հայ նշանաւոր ֆութպոլի աստղեր Յարութ Կարապետեանը, ՀՄԸՄական Եուրի Մովսիսեանը եւ Հենրիկ Մխիթարեանը:
Նկատի ունենալով նաեւ, որ մարզիչներուն համար անհրաժեշտ է Շտապ օգնութեան մասին իմացութիւնը, անոնց համար կը կազմակերպէ նաեւ շտապ օգնութեան դասընթացքներ, որոնց մասնակցութիւնը պարտադիր է բոլոր մարզիչներուն եւ մարզական պատասխանատուներուն համար:
Մարզական խորհուրդի մեծագոյն աշխատանքը կազմակերպումն է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական մարզախաղերուն, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն շրջանէն ներս:
Նաւասարդեան Մարզախաղեր. Մարզական խորհուրդի մեծագոյն եւ բազմածաւալ աշխատանքը ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերն են, որոնք տարիներու ընթացքին ընդարձակուելով, այսօր հայկական ամենաբազմանդամ մասնակցութիւնը ունեցող մարզախաղերը դարձած են հայկական մեր իրականութեան մէջ:
Սկզբնական տարիներուն, այս մարզախաղերուն կը հրաւիրուէին նաեւ շրջանի մարզական այլ կազմակերպութիւններ եւ ՀՄԸՄի շրջաններ, սակայն յետագային ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ մարզիկներու հսկայական թուական աճը պարտադրած են Մարզական խորհուրդներուն, որ սահմանափակեն զանոնք միայն ՀՄԸՄի մասնաճիւղերով:
Քանի մը մասնաճիւղերու մարզական խումբերով սկիզբ առած այս մարզախաղերուն այսօր կը մասնակցին ՀՄԸՄի 17 մասնաճիւղերու եւ երկու միաւորներու առաւել քան 5000 մարզիկ-մարզկուհիներ, որոնք կը մրցին պասքէթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, թեթեւ աթլէթի, փինկ-փոնկի, թենիսի, լողի, ճատրակի եւ սոֆթպոլի մարզաճիւղերուն մէջ: Պէտք է ընդգծել, թէ այս մարզախաղերուն առաւել քան հազար մրցումներ տեղի կ՛ունենան զանազան մարզաճիւղերու մէջ: Մեծաթիւ այս մրցումներուն իւրաքանչիւր մարզաճիւղի համար կը նշանակուի ենթայանձնախումբ մը, որ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
Տարիներու ընթացքին, պասքէթպոլի մարզաճիւղը ամենալայն ժողովրդականութիւնը ունեցող մարզաճիւղը դարձած է շրջանի մարզական կեանքին մէջ:
Ամէն տարի, Մայիսին սկիզբ առնող եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան Օրուան՝ 4 Յուլիսի շաբաթավերջին եզրափակուող այս մարզախաղերը, անհամբերութեամբ կը սպասուին շրջանի հայութեան կողմէ եւ մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն մրցող խումբերուն եւ գաղութին մօտ:
Վերջին տարիներուն, մեծապէս ուրախալի է տեսնել ՀՄԸՄի պասքէթպոլի խումբերուն աճը, սակայն նոյն ժամանակ այդ աճը պատճառ կը հանդիսանայ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու ժամանակացոյցի պատրաստութեան դժուարութեան: Այս երեւոյթին արդիւնքն է, որ պասքէթպոլի աղջկանց եւ տղոց ախոյեանութեան մրցումները տեղի կ՛ունենան Նաւասարդեանի փակման հանդիսութենէն ետք, սահմանափակ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Անոնք աշխոյժ եւ խանդավառութեամբ ընթանալով, ելեկտրականացած մթնոլորտ մը կը ստեղծեն մարզադաշտերուն վրայ: Մարզական խորհուրդը, մարզասէր հասարակութիւնը չզրկելու համար, գեղեցիկ ու յատկանշական այս մրցումներէն, մարզադաշտէն դուրս մեծ պաստառի վրայ ուղիղ եթերով կը սփռէ զանոնք:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն առիթով, Շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ զանազան ժողովրդային ձեռնարկներ, որոնց մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին բազմահազար ՀՄԸՄասէրներ. Յաղթանակի պարահանդէս, հինգօրեայ փառատօն, փակման հանդիսութիւն եւ այլն (այս բոլորին մասին առանձին գլուխի տակ կ՛անդրադառնանք):
Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերը (ՔԱՀԱՄ). 35 տարիներէ ի վեր, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ իր Մարզական խորհուրդին կազմակերպութեամբ ընթացող Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերը նպատակ ունին համախմբել շրջանի հայ աշակերտութիւնը մարզական մաքուր մթնոլորտի մը մէջ, փոխանցելով անոնց մարզական կեանքի քաղցրութիւնը եւ օգտակարութիւնը, մանաւանդ կարեւորելով ֆիզիքական առողջութեան առաջնահերթութիւնը:
Բնական է նաեւ, որ այս մարզախաղերը կը միտին նաեւ հայ աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն ծանօթացնել ՀՄԸՄի առաքելութիւնը եւ հետապնդած նպատակները, ՀՄԸՄի մէջ զանոնք ընդգրկելու նպատակով:
Տասնամեակներ մեծ յաջողութեամբ իրականացուող այս մրցումները մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են շրջանի հայ աշակերտութեան մօտ, որ ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասէ անոր իրագործման: Եթէ ՀՄԸՄական մարզիկին համար մեծ ոգեւորութիւն է Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասնակցիլը, ապա հայ աշակերտին համար՝ ՔԱՀԱՄը:
Իւրայատուկ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին շրջանի հայկական բոլոր վարժարանները՝ անխտիր.
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան եւ
Մարի Գապայեան Ազգային նախակրթարան
Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան
Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան
Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարան
Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնէական վարժարան
Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարան
Հայ Քոյրերու վարժարան
ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն աջակցութեամբ այս մրցումներուն մասնակցելու առիթ կը տրուի նաեւ Ամերիկեան հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն, որպէսզի անոնք նաեւ ընդգրկուին ՀՄԸՄի ստեղծած մարզական եւ հայկական այս միջավայրի մէջ:
1983ին ծնունդ առած այս մարզախաղերը սկզբնական տարիներուն գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէին պասքեթպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մրցումները ու քանի մը շաբաթավերջերու ընթացքին կ՛իրագործուէին, սակայն ժամանակի ընթացքին այս մարզախաղերուն շուրջ ստեղծուած մեծ ոգեւորութիւնն ու հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձան մրցակցութեան ենթակայ մարզաճիւղերու բազմացումին եւ անոնց մասնակիցներու թուական աճին:
Այսօր հպարտութեամբ կարելի է յայտարարել, թէ վերջին տարիներուն ՔԱՀԱՄը արդէն իսկ կ՛ընդգրկէ պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի, թեթեւ աթլեթի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը, հարիւրաւոր երկսեռ աշակերտներ ընդգրկելով մարզական մաքուր մրցակցութեան մէջ:
Տասնամեակէ մը ի վեր, աշակերտական այս գեղեցիկ մրցումները սկիզբ կ՛առնեն Հոկտեմբեր ամսուն եւ հինգ ամիսներու իրագործումէ ետք, իրենց աւարտին կը հասնին Մարտ ամսուան կիսուն, յատուկ հանդիսութեամբ:
Վերջին տարիներուն գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է նաեւ, ՔԱՀԱՄի եզրափակման հանդիսութեան, բացումը յայտարարել ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, հանրութեան ներկայացնելով անոր խորհրդանիշը, պատուոյ նախագահը եւ Տիպար ՀՄԸՄականը: Նոյն հանդիսութեան ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններուն անունով երախտագիտական ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ տնօրէն մը: Հանդիսութիւնը կ՛եզրափակուի մասնակից վարժարաններու աշակերտութեան փառահեղ շքերթով:
Գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել վարժարաններու տնօրէններու տողանցումը՝ իրենց աշակերտներուն հետ, որոնք հպարտանքով կը ստանձնեն մարզաճիւղերուն մէջ վաստակած իրենց յաղթանակի բաժակները: Հանդիսութիւնը ընդհանրապէս կ՛աւարտի փառատօնի մթնոլորտի մը մէջ, որուն մասնակից օրուան երգիչը իր ոգեւորիչ երգերով պարի կը հանէ շքերթին մասնակցող ամբողջ աշակերտութիւնը:
Նաւասարդեանի բացումը յայտարարելով՝ մարզական եռուն կեանքը անընդմէջ կը շարունակուի ՀՄԸՄի կեանքին մէջ, միշտ զբաղ պահելով մեր երիտասարդութիւնը:
Մեծ ուրախութիւն է, որ շրջանի հայկական վարժարաններու տնօրէնները եւ մարզական պատասխանատուները, հաւատալով ՔԱՀԱՄի կարեւորութեան, մեծապէս կը նպաստեն անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն: Յատկապէս մարզական պատասխանատուները եւ մարզիչները մօտէն կը գործակցին ՀՄԸՄի Մարզական խորհուրդին հետ, ընդառաջելով անոնց դիմումներուն:
Ընդհանրապէս, ՔԱՀԱՄի նախօրէին, Շրջանային Մարզական խորհուրդը կը կազմակերպէ մարզիչներու միօրեայ սեմինար-աշխատանիստեր, որպէսզի բարելաւէ անոնց որակը: Անոնք ընդհանրապէս կ՛ընդգրկեն մարզիչներուն յատուկ կարեւոր նիւթեր, որոնք դասաւանդութեան ձեւով կը ներկայացուին համապատասխան մասնագէտներու կողմէ: Այս սեմինարներուն ընթացքին կը հրաւիրուին մասնագէտ անձնաւորութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը մատնանշեն օրէնքի սահմաններուն մէջ նկատի առնուած մանկավարժական կարեւոր նիւթեր, ինչպիսին են.
– Մարզիչներու եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին մարզադաշտերու վրայ հաւանական չարաշահումներու նկատմամբ:
– Ինչպէ՞ս զարգացնել իւրաքանչիւր մանուկ մարզիկի դրական կողմերը մարզադաշտերուն վրայ եւ դուրսը:
– Մարզիկներու ֆիզիքական հաւանական ցնցումները: Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենան, ի՞նչ են անոնց նշանները եւ ի՞նչ պէտք է ընել, երբ մանուկ մարզիկ մը նման ցնցում ունենայ կամ ան ե՞րբ կրնայ վերադառնալ մարզադաշտ վերստին խաղալու:
– Մարզադաշտերու վրայ ստացուող սովորական վնասուածքները, յատկապէս՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ դասարանի մանուկներու մօտ:
– Մարզադաշտերու վրայ մարզիկներու, ծնողներու կամ մարզիչներու կողմէ սպառնագին կեցուածքներու վնասներուն մասին (bullying):
Այսպիսի աշխատանիստերու աւարտին, իւրաքանչիւր մասնակիցի մարզիչի կը յանձնուի յատուկ վկայագիր մը:
Բացի այս աշխատանիստերէն, Շրջանային Մարզական խորհուրդը տարեկան քանի մը հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու մարզական պատասխանատուներուն հետ, փոխանցելով անոնց մրցումներու ընդհանուր ծրագիրը, ժամանակացոյցերը, վարժարաններէն ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ կը լսէ աշակերտական մարզախաղերուն նպաստող իրենց առաջարկները:
Գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրել, որ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անձնապէս կամ իր ներկայացուցիչով միշտ ներկայութիւն է ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութիւններուն եւ իր հայրական օրհնութիւններով կը խրախուսէ զանոնք՝ հայկական ոգիով մեծնալու եւ ծառայելու իրենց Աստուծոյն, ազգին ու հայրենիքին:
ՔԱՀԱՄի կազմակերպումը եւ անոր 35 տարիներու յաղթական երթը, պատմական անուրանալի իրողութիւն մըն է շրջանի հայկական իրականութեան եւ ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ:
ՀՄԸՄի Ձմեռնային մրցումները. 15րդ տարին ըլլալով, Մարզական խորհուրդը կը կազմակերպէ ՀՄԸՄի Ձմեռնային մրցումները, որոնք կ՛ընդգրկեն աղջկանց եւ տղոց բարձր դասակարգի պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մարզաճիւղերու մրցումները:
Այս մրցումները ընդհանրապէս կը կազմակերպուին Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն, սակայն բազմաթիւ խումբերու մասնակցութեան պարագային, անոնք կ՛երկարին մինչեւ Դեկտեմբեր ամիսը:
Հետաքրքրական այս մրցումները Նաւասարդեան մարզախաղերու աւարտէն ետք, ՀՄԸՄի մարզական խումբերը աշխոյժ եւ զբաղ պահելու նպատակով կը կազմակերպուին:
Սոֆթպոլ.- Վերջին քանի մը տարիներուն, իբրեւ նորութիւն Մարզական խորհուրդը իր ծրագիրներուն մէջ ընդգրկած է նաեւ սոֆթպոլի մարզաճիւղը: Նկատի ունենալով, որ այս մարզաճիւղը տակաւին նոր է եւ սպասուած ժողովրդականութիւնը չունի ՀՄԸՄի մարզական կեանքին մէջ, կազմակերպուած մրցումները եղած են բաց, բոլոր հետաքրքրուող հայկական խումբերուն համար: Այս իմաստով կազմակերպուած քանի մը մրցումները զգալի յաջողութիւն արձանագրած են:
Ոչ-ՀՄԸՄական խումբերու ընդ-գրկումը այս մրցումներուն նպատակ ունի ՀՄԸՄը ծանօթացնելու անոնց եւ քաջալերելու զանոնք անդամակցելու ՀՄԸՄին:
Համա-ՀՄԸՄական Մարզախաղեր եւ Համահայկական խաղեր. Շրջանային վարչութեանց քաջալերանքով, մարզական խորհուրդները՝ շրջանէն ներկայացուցչական խումբերով մասնակցած են ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սբորտի նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական խաղերուն եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրած են:
Շրջանի ՀՄԸՄի անդամներ նշանակուած են Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու կազմակերպման գլխաւոր յանձնախումբին եւ զանազան ենթայանձնախումբերու մէջ եւ մեծ ներդրում ունեցած են անոր կազմակերպչական եւ կանոնաւոր ընթացք ապահովող բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու գլխաւոր յանձնախումբին երկար տարիներ մաս կազմած են եղբայրներ Մանուէլ Մարսէլեան, Վիգէն Աբէլեան, Արմանտ Գիլէճեան եւ Սեւակ Կարապետեան: Ենթայանձնախումբերու մէջ կարեւոր աշխատանք կատարած են եղբայրներ Վազգէն Գալայճեան, Միսաք Թաթիկեան, քոյր Անիթա Տէրտէրեան եւ ուրիշներ:
Ասկէ անկախ, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն մեծաթիւ մարզիկ-մարզկուհիներ ամերիկեան քաղաքներու անունով չորս տարին անգամ մը մասնակցած են Հայաստանի սբորտի նախարարութեան կազմակերպած Համա-հայկական խաղերուն եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրած են: Պէտք է նշել, թէ 2003ին, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքը Կլենտէյլ քաղաքի անունով մասնակցած նշեալ խաղերուն եւ փայլուն յաղթանակներ արձանագրած է: Մասնաճիւղի մանչերու պասքեթպոլի խումբը ախոյեան հանդիսացած է, իսկ աղջիկներունը՝ երկրորդ տեղը գրաւած է:
Հպարտալի է նաեւ արձանագրել, թէ շրջանի մասնաճիւղերէն լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերած մարզիկ-մարզիկուհիներ ընդգրկուած են Հայաստանի մարզական ազգային խումբերու մէջ:
2010ին, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի հաւաքականին մաս կազմած են քոյրեր Քրիսթին Քէփէնէքեան եւ Արփինէ Ամիրխանեան: Աւելին՝ քոյր Քրիսթին Քէփէնէքեան նոյն տարուան մրցաշարքի լաւագոյն մարզկուհիի (Most Valuable player – MVP) կոչումին արժանացած է:
2016ին, Հայաստանի մանչերու պասքեթպոլի հաւաքականին մաս կազմած են եղբ. Զարեհ Զարգարեան, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղէն, որ նաեւ եղած է խումբին խմբապետը,
եղբ. Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղէն, որ նաեւ նոյն տարուան մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկի (Most Valuable player – MVP) կոչումին արժանացած է եւ եղբ. Մայք Դանիէլեան, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղէն։
Յիշեցնենք, թէ 2010ին եւ 2016ին, Հայաստանի հաւաքականները տիրացած են Եւրոպական փոքր երկիրներու ախոյեանութիւններուն:
2017ին, Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ազգային հաւաքական խումբին մաս կազմած են եղբ. Ալէքս Իսկէնտէրեան, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղէն, եղբ. Քրիստափոր Քիւրտօղլեան, ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղէն եւ եղբ. Շանթ Ասլանեան, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղէն։
Հայրենի պասքեթպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին մաս կազմած են եղբ. Արամ Ասլանեան, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղէն եղբ. Գաբրիէլ Աճէմեան, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն։
Իսկ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբին մաս կազմած է եղբ. Տիրան Պէպէքեան, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղէն:
Glendale Gardens Եւ
Sunshine Adult Day
Health Care-ները
Զոյգ Տնօրէնութիւնները, Պաշտօնէութիւնը
եւ Յաճախորդները
Կը Շնորհաւորեն
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
եւ Ս. Ծնունդը
VICTORY Adult Day Health Care-ի
Տնօրէնութիւնը, Պաշտօնէութիւնը
եւ Յաճախորդները
Կը Շնորհաւորեն
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
ARARAT Adult Day Health Care-ի
Տնօրէնութիւնը, Պաշտօնէութիւնը
եւ Յաճախորդները
Կը Շնորհաւորեն
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
եւ Ս. Ծնունդը