ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 1978ի Միջ-մասնաճիւղային Գ. Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութեան, Օրենճ Քաունթիէն խումբ մը երիտասարդներ, ՀՄԸՄական Արտաշ Քէօյլեանի նախաձեռնութեամբ կը տողանցեն, Օրենճ Քաունթիի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը բանալու ակնկալութեամբ:
Ի տես այս գեղեցիկ երեւոյթին, Օրենճ Քաունթիի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէն, իր շրջանին մէջ եւս ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու դիմում կը կատարէ Շրջանային վարչութեան եւ դրական պատասխան կը ստանայ:
Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը տեղի կ՛ունենայ 12 Յունուար, 1979ին, Րաֆֆի Ակուբեանի Ֆաունթըն Վալիի նպարատուն-ճաշարանի սրահին մէջ: Ժողովին կը մասնակցին 48 հիմնադիր անդամներ: Շրջանային վարչութենէն ժողովին կը մասնակցին ատենապետ Քերոբ Առաքելեան, Յակոբ Օվայեան, տոքթ. Սարգիս Արեւեան, Մինաս Մարգարեան եւ Պարգեւ Շիրինեան:
Նորակազմ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ կ՛ընտրուին հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Տոքթ. Կարօ Դերձակեան
Րաֆֆի Ակուբեան
Սիւզի Յարութիւնեան
Կարպիս Գարամարտեան
Ժիրայր Ներսէսեան
Գէորգ Այվազեան
Գրիգոր Ներսէսեան
Մեծ ոգեւորութեամբ հիմնուած մասնաճիւղի գործունէութիւնը կը հրապարակէ իր շրջապատի երիտասարդութիւնը, որուն շնորհիւ մասնաճիւղի յատկապէս մարզական թեւը մեծ ոստում կ՛արձանագրէ, կազմելով զանազան խումբեր:
Հազիւ մէկ տարուան կեանք ունեցող մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը կը մասնակցի Օրենճ Քաունթիի տեղական ֆութպոլի մրցաշարքին եւ ախոյեանութեան կը տիրանայ:
Նոյն տարին, մասնաճիւղը կը կազմակերպէ ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի մրցումներ:
Յունուար 1983ին, մասնաճիւղի թեթեւ աթլեթի մարզիկները կը մասնակցին Օրենճ Քաունթիի վազքի մրցումներուն եւ կը նուաճեն մրցաշարքի ախոյեանութիւնը: Փոքրաթիւ հայկական այս գաղութին մէջ հիմնուած ՀՄԸՄի այս մասնաճիւղը մարզական եռուն կեանք մը կ՛ապրի: Նաւասարդեան յաջորդական մարզախաղերուն կ՛արձանագրէ բազմաթիւ յաղթանակներ:
Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ, Ղուկասեան սրահին եւ Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանի համալիրի կառուցումէն ետք, մասնաճիւղը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ նաեւ կազմելու իր սկաուտական բաժանմունքը: Այնուհետեւ, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու յաղթանակի ոգին իր անդամներուն մէջ դրօշմելու միտումով, յատկապէս ի մտի ունենալով Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը, մասնաճիւղը կը կոչուի ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ:
Մասնաճիւղը մարզական, սկա-ուտական եւ ընկերային իր գործունէութեան առընթեր կը մասնակցի նաեւ գաղութի հրապարակային ձեռնարկներուն եւ ազգային տօնակատարութիւններուն:
Սակայն հետզհետէ մասնաճիւղի տարեց անդամներու նոսրացումը, հայ ընտանիքներու կեդրոնէն հեռու ապրելու իրողութիւնը, կազմակերպուող մարզական մրցումներու վայրերու հեռաւորութիւնը, մեծ ազդեցութիւն ունեցան մասնաճիւղի թուական պատկերի նուազման վրայ: Սկաուտ խմբապետներու պակասը նաեւ իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքի տկարացման վրայ եւ նոյնիսկ որոշ ժամանակաշրջան մը մասնաճիւղը սկաուտական բաժանմունք չունեցաւ:
Սակայն մասնաճիւղի կարգ մը անդամներու նուիրումին եւ ՀՄԸՄի հանդէպ ունեցած հաւատքին շնորհիւ, վերջին տարիներուն մասնաճիւղը դարձեալ ծաղկում կ՛ապրի:
Մասնաճիւղը կը սկսի ամսական դրութեամբ Օրենճ Քաունթիի հայ կեդրոնէն ներս ընկերային երեկոներ կազմակերպել, որ նիւթականին առընթեր նաեւ զարկ կու տայ մասնաճիւղի ընկերային կեանքի զարգացման:
Մասնաճիւղը նոր եռանդով կը շարունակէ կազմակերպել փոքր դասակարգի միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի մարզախաղերը, ինչպէս նաեւ իր մարզական խումբերով կը մասնակցի ՀՄԸՄի քոյր մասնաճիւղերու կազմակերպած միջմասնաճիւղային եւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն:
«Սարդարապատ»ի մարզիները ոգեւորութեամբ կը մասնակցին նաեւ Համա-ՀՄԸՄական Մարզախաղերուն: 2017ի Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն, մասնաճիւղէն 4 մարզիկներ մաս կազմած են շրջանի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբին, ինչպէս նաեւ թեթեւ աթլեթի մարզիկներու խմբակ մը, ընկերակցութեամբ մասնաճիւղի վարչութենէն երկու անդամներու: Այս մարզախաղերուն մասնակցութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մասնաճիւղէն ներս:
Հպարտութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ մասնաճիւղէն երկու վաստակաշատ ՀՄԸՄական զոյգեր, Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնեցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն.
Տէր եւ տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան՝ 2014ի Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերուն,
Տէր եւ տիկ. Վիգէն եւ Նօնօ Աբէլեան՝ 2017ի Նաւասարդեան 42րդ մարզախաղերուն:
Նաեւ, մասնաճիւղի վարչութեան խնդրանքով, հետեւեալ քոյր եղբայրները արժանացած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն Ծառայութեան շքանշանին:
Եղբ. Վիգէն Աբէլեան, 2015ին.
Քոյր Զարուհի Տէր Դաւիթեան, 2016ին.
Եղբ. Վիգէն Տաքէսեան, 2017ին.
Եղբ. Պաղտիկ Օհանեան, 2018ին.
Մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հետ եւ մաս կը կազմէ անոր բոլոր ձեռնարկներուն, յատկապէս՝ դաստիարակչական սեմինարներուն:
Մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Նազարէթ Տիշոյեան՝ Ատենապետ
Հրաչ Ապտուլեան
Շանթ Աբէլեան
Դալար Աբէլեան
Նարօ Սապունճեան
Թանիա Եուսիֆէրրօ
Ալիս Փանոսեան
Մասնաճիւղին մարզական բաժանմունքը աշխոյժ է պասքեթպոլի, ֆութպոլի, թեթեւ աթլեթի, լողի, թենիսի եւ Ճատրակի մարզաճիւղերուն մէջ: Ներկայիս իր անդամներուն թիւը 169ի հասած է, որուն 148ը մարզիկներ են, 13ը՝ սկաուտներ, իսկ մնացեալը գործօն անդամներ:
Միքայէլ Հացպանեան
Կը Շնորհաւորէ Իր Ազգականներուն,
Բարեկամներուն եւ Ընկերներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Թող Այս Նոր Տարին Բերէ Շատ Բարիք՝
Համայն Աշխարհի Մարդոց Անխտիր
Զաւէն Եւ Հալինա
Պէրպէրեաններ Եւ Ընտանիք
Ջերմօրէն Կը շնորհաւորենք
ձեր Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը,
Մաղթելով Որ Իրականանան
Ձեր Բոլոր Իղձերը
Հայկուշ Քեղինեան- Քոհլըր
Ի յիշատակ իր ծնողներուն
Պետրոս եւ Մանուշակ Քեղինեաններուն