Սէն Տիէկոյի փոքրաթիւ գաղութին մէջ հասակ նետող հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ ազգային շունչով զանոնք դաստիարակելու պատրաստակամութեամբ, խումբ մը երիտասարդներ, նուիրեալ ՀՄԸՄականներ Էմիլ Մաղաքեանի եւ Մանուէլ Մարսէլեանի մեծ ջանքերով, քով քովի գալով Սէն Տիէկոյի մէջ հիմը կը դնեն ՀՄԸՄի մասնաճիւղին:
Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը կը գումարուի 14 Փետրուար, 1983ին, որու ընթացքին վարչութեան առաջին կազմի անդամ կ՛ընտրուին հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Վրէժ Տէր Սարգիսեան
Վահէ Մանուշակեան
Մարգարիտ Իսմայիլեան
Արմոնտ Մեհրապեան
Շէրի Մինասեան
Մասնաճիւղը հայրենիքին կապելու եւ անոր հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութիւնը ազգային շունչով դաստիարակելու համար, կը կոչուի Հայաստանի նշանաւոր Սեւանա Լիճի անունով:
Սկզբնական տարիներուն, մասնաճիւղը մեծաթիւ եւ աշխոյժ սկաուտական բաժանմունք ունեցած է, սակայն ժամանակի ընթացքին հայկական համայնքի թիւի նոսրացման պատճառով, տարիներով մասնաճիւղի Սկաուտական բաժանմունքը գործունէութենէ կը դադրի:
Մասնաճիւղը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ծրագիրներուն եւ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ իր արձանագրած յաջողութիւններուն եւ յառաջդիմութեանց համար բազմիցս տիրացած է Նաւասարդեանի «Նուաճում» (Achievement) բաժակին:
Աւելի քան 32 տարիներ է վեր, ամէն Փետրուար ամսուն, մասնաճիւղը կը կազմակերպէ պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղեր, որոնց ամէն տարի միջին հաշուով 85 մարզական խումբեր կը մասնակցին շրջանի ՀՄԸՄի գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերէն: Այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն Սէն Տիէկոյի շրջանէն ներս:
Մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի շրջանի այլ կազմակերպութիւններու հետ, յատկապէս ամէն տարի Ապրիլին կազմակերպելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ, Մայրերու եւ Հայրերու օրերու տօնախմբութիւններ, յաղթանակի երեկոներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ շրջանի հայութիւնն ու կազմակերպութիւնները:
Հակառակ կեդրոն եւ յատկապէս մարզադաշտ չունենալուն, մասնաճիւղը կանոնաւորապէս եւ առանց յուսահատութեան իր հանդիպումները կը կատարէ: Մարզական իր փորձերուն համար կ՛օգտագործէ Miramar College-ի մարզադաշտերը:
Ուրախալի է, որ վարչութիւնը Յունիս 2018ին, վերսկսած է վերակազմակերպել իր սկաուտական բաժանմունքը, որուն շաբաթական հաւաքները կը կատարէ շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ հայոց առաքելական եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ, ուր նաեւ կը գումարէ իր ժողովները:
Մասնաճիւղի անդամներէն Րաֆֆի Վարժապետեան, ՀՄԸՄի Լիբանանի Վեթերաններու ֆութպոլի խումբին հետ մասնակցած է ՀՄԸՄի 8րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն զուգահեռ կազմակերպուած միջշրջանային ֆութպոլի մրցումներուն:
Մասնաճիւղը յաճախ ներկայութիւն եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ ախոյեանութեանց տիրացած է: Այսպէս.
Փիթըր Մանուշակեան, 2005ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի պատուիրակութեան հետ մասնակցած է Յունաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-գաղութային լողի մրցումներուն, իսկ 2013ին եւ 2017ին, Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն, Հայաստանի մէջ: 2013ին եղբայրը լողի մարզաճիւղի լաւագոյն մարզիկը յայտարարուած է:
Մասնաճիւղի անդամներէն Ճիւլիա Մանուշակեան եւս 2009ին, 2013ին եւ 2017ին մասնակցած է Հայաստանի Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն:
2013ին, մասնաճիւղը հպարտութեամբ երիտասարդ մարզկուհիներով կազմուած իր վոլիպոլի խումբը ղրկած է մասնակցելու Հայաստանի մարզական խաղերուն, հետեւեալ անդամներով.
Պրիժիթ Պալեան
Ռիթա Պալճեան
Ճուլիա Մանուշակեան
Այրին Մկրտչեան
Նաթալին Շահերեան
Ռիթա Շահերեան
Թամար Քիլէճեան
Մասնաճիւղի ներկայ վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Փիթըր Մանուշակեան՝ Ատենապետ
Մարալ Կիւլտալեան
Նշան Կասեան
Թաթիանա Գարլսըն
Զաւէն Կասեան
Ժանէթ Մանուշակեան
Կարին Կասեան
Մասնաճիւղը իր անդամները ոգեւորելու եւ ՀՄԸՄին կառչած մնալու ակնկալութեամբ, մարզական իր նախաձեռնութիւններէն անկախ ամսական դրութեամբ պաղպաղակի, Paintball-ի, Bowling-ի եւ այլ հետաքրքրական ընկերային հանդիպում-ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:
Ներկայիս ունի 66 ցենզաւոր անդամներ, որոնց մէջ ընդգրկուած են մասնաճիւղի վարչութեան 7 հոգինոց կազմը՝ 31 մարզիկներ, 10 սկաուտներ եւ 18 ծնողք ու անդամներ: