Եղբ. Վահան Շամլեանի Պատգամը՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 8րդ Մարզախաղերուն Առիթով
Կ՛ողջունեմ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերը:
Անգամ մը եւս մշտադալար հայութիւնը ներկայացնող մեր ազգային կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄը, որ կը տողանցէ հպարտութիւն ներշնչող շարքերով:
ՀՄԸՄը ջահակիրն է հայ ժողովուրդի հոգեկան ու ֆիզիքական արժանիքներուն:
ՀՄԸՄը առաջնորդ է, դաստիարակ է:
Հայ ժողովուրդի նկարագիրն ու արժանիքները բարձր պահող ազգապահպանման ամուր բերդ է: Օտարութեան դէմ ապահով երդիք ունեցող ակումբ է:
Ծառայել ՀՄԸՄին՝ կը նշանակէ ծառայել հայ ժողիվուրդին: Որովհետեւ, մեր պատանիներն ու երիտասարդներն են մեր ապագան, մեր ապահովութիւնը, մեր պատիւը:
Ինչ աշխատանք որ կը կատարուի ՀՄԸՄի համար, ինչ որ կը նուիրուի ՀՄԸՄին, միայն ու միայն հայ ժողովուրդին համար է:
Ազգերու յոյսն ու ապագան երիտասարդութիւնն է: Առո՛ղջ երիտասարդութիւնը:
ՀՄԸՄը հայ երիտասարդութեան միջնաբերդն է:
Հզօրացնենք, առաւե՛լ հզօրացնենք ՀՄԸՄը:
Եղբ. Անդրանիկ Անտոնեանի Պատգամը՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 9րդ Մարզախաղերուն
Այսօր ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 9րդ մարզահանդէսի պատեհ առիթը զիս կը տանի ետ, իմ անցեալ յուշերուս գիրկը, երբ ես տակաւին մանուկ՝ անհաստատ քայլերով կը մտնէի ՀՄԸՄի դռնէն ներս, իբրեւ առաջին դասարանցի: Այսպէս է, որ տարիներու ընթացքին այդ շարքերէն ներս աստիճանական յառաջդիմութեամբ, կեանքս ճոխացաւ բարոյական այդպիսի հարստութեամբ, որուն համար պարտական կը մնամ այս անզուգական կազմակերպութեան: Եւ առանց ստորագնահատելու նոյն բարի նպատակին հետամուտ այլ կազմակերպութեանց վաստակը, երբ աչքիս առաջ կ՛ունենամ ՀՄԸՄի մօտաւորապէս մէկ դարաշրջանի բեղուն գործունէութեան պատկառելի գումարը, հպարտ կը զգամ անոր շարքերուն պատկանած ըլլալու բախտաւորութեամբ: Արդարեւ, պահ մը փորձեցէ՛ք վերանայիլ այն երկար ճանապարհին, որ ՀՄԸՄինը եղաւ եւ ջանանք գնահատել ձեռք բերուած այն հսկայ ժառանգութիւնը, որ յաջորդական սերունդներու վաստակին գումարն է: Վաստակ մը, որուն տիրանալու համար հարկ եղաւ շարժման մէջ դնել իրարայաջորդ սերունդներու ոյժն ու եռանդը եւ նիւթական ու բարոյական զոհաբերութիւնը:
Եւ այսօր, ի տես բազմաթիւ մասնաճիւղերով հայկական կեանքը աշխուժացնող բազմահազար նուիրեալ ՀՄԸՄականներու եւ փառաշուք այս հանդիսութեան, սիրոյ եւ երախտագիտութեան զգացումներով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ այն մեծերուն, որոնք ազնիւ մտածումը ունեցան հիմնաքարը դնելու այս հոյակապ կազմակերպութեան:
Ու հիմա, կանգնած՝ մէկդարեայ հեռաւորութեան վրայ, երբ ետ կը նայինք եւ հայօրէն կը հրճուինք մեր ՀՄԸՄականի հանգամանքով, կը զգանք այն ծանր պարտաւորութիւնը, զոր ունինք այս կազմակերպութեան հանդէպ: Որովհետեւ, բաւական չէ հպարտ զգալ ՀՄԸՄի անցեալի փառքի տոկոսներով գումարուած պատուոյ շքանշաններով, այլ պայման է, որ շարքերը խտանան նոր զոհաբերութեան պատրաստակամ ոյժերով, առաւել վճռակամ շարունակելու համար դժուարութեամբ սկսուած այն ճամբան, որ կը ձգտի դէպի մեր տանջուած ժողովուրդի դարաւոր երազներու իրականացումը:
Ահա այս անխառն ակնկալութեամբ, ես՝ ընտանեօք, պատուըւած կը զգամ, մէկ կողմէն, իմ ՀՄԸՄականի հանգամանքին համար եւ միւս կողմէն, այսօրուան փառահեղ հանդիսութիւնը հովանաւորող ըլլալու ուրախութեամբ:
Եւ Օգտագործելով այս ուրախ առիթը, սրտի ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային ժրաջան վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան շարքերը խտացնող կրտսեր ու երէց անդամ-անդամուհիները, զանոնք յետագային աւելի մեծ նուաճումներու մէջ տեսնելու յոյսով:
Այս առիթով չմոռնանք մեր սրտագին մաղթանքը Միջին Արեւելեան երկիրներուն, որպէսզի անոնք վերստանան իրենց սկզբնական անդորրութիւնը եւ մեր տառապող հայութիւնն ու վերստեղծէ իր նախկին բարգաւաճ կեանքը:
Եղբ. Ճորճ Ատամեանի Խօսքը՝ 1985ի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 10րդ Մարզախաղերուն
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, հարիւր հազարաւոր հայ պատանիներ անցած են ՀՄԸՄի շարքերէն եւ մտած հայ ժողովուրդին ծառայելու գործին մէջ: Այդ ծառայութեան, ինքնակերտումի եւ ազգային հպարտութեան զգացումը ստացած են մարմնակրթական մեծ կազմակերպութեան դպրոցին մէջ: Յունահռոմէական իտէալը՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» եւ ՀՄԸՄի արիներուն նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» տասնամեակներ շարունակ, գիտակից եւ նկարագիրով վսեմ սերունդներ հասցուցած են:
Ես ալ, փոքր տարիքէս, մեծցած եւ սնած եմ ՀՄԸՄի ընտանիքին մէջ: Չարքաշութիւն, եղբայրասիրութիւն, զոհողութիւն եւ ազգասիրական ոգի, բոլորը սորված եւ իւրացուցած եմ հոն: Երախտապարտ եմ մեր կազմակերպութեան եւ մեծ ուսուցիչներուս ու խմբապետներուս:
Այսօր, Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, մանաւանդ Միջին Արեւելք եւ հիւսիսային Ամերիկա, նախախնամական դեր կը կատարէ ՀՄԸՄը՝ իր շուրջ հաւաքելով բազմահազար երկսեռ երիտասարդութիւն, դաստիարակելով զանոնք իր աւանդական ծոցին մէջ, միշտ լծուած հայապահպանման, հայ մարմինի, հայ միտքի եւ հայ ոգիի ազնիւ առաքելութեան:
Իբրեւ պատգամ, կոչ պիտի ընէի մեր ազգանուէր ժողովուրդին, որ ՀՄԸՄը օժտէր սեփական եւ արդիական մարզավայրերով, որպէսզի մեր պատանիներն ու երիտասարդները իրենց ոտքին տակ զգային սեփական հողը եւ նոր շարքերով, վերանորոգուած հոգիներով, շարունակէին իրենց արժանաւոր նախորդներուն դեռ չիրագործուած երազը իրականացնել:
Եղբ. Սարգիս Արեւեանի Պատգամը՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 11րդ Մարզախաղերուն
Թարմ է յիշողութիւնս, 11 տարիներ առաջ East LA College-ի դաշտին վրայ, երբ կատարուեցան առաջին Նաւասարդեան մարզախաղերը քանի մը հարիւր հանդիսականներու առջեւ: Եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեան, դաշտին վրայ հանդիսականներու հետ կեցած՝ կ՛ուզէր մեզի ըսել, թէ այն, ինչին ականատես կ՛ըլլանք երազ չէր, այլ իրականութիւն, եւ ինք՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, հեռաւոր Պէյրութէն եկած էր քաջալերելու:
Այսօր, Նաւասարդեան մարզախաղերը կը մնան ներկայ իրականութիւններ, եւ մեր յիշատակներուն մէջ անցաւ շատ սիրելի եղբայր ատենապետը, որուն կորովը, համոզումները, աննկուն կամքը եւ երազները յաւիտեան մեզ հետ պիտի մնան, եւ այսօր դուք բոլորին փաստը կը տեսնէք ձեր առջեւ:
ՀՄԸՄը 11 տարիներու ընթացքին շատ մեծցաւ, զօրացաւ եւ կազմակերպուեցաւ, ու այդ բոլորը՝ շորհիւ ՀՄԸՄի հանդէպ հայ ժողովուրդին տածած հաւատքին, եւ ինծի նման հարիւրաւոր ՀՄԸՄականներու աշխատանքին: Այդ բոլոր ՀՄԸՄականները ՀՄԸՄին տուին ինչ որ ունէին, եւ զայն բարձրացուցին հոն, ուր շատեր խորհեցան թէ անկարելի էր հասնիլ:
Իսկ հիմա եկած է ժամանակը, որ մեր երիտասարդ պատասխանատուները արդիականացնեն ՀՄԸՄը եւ նոր դռներ ու պատուհաններ բանան, որպէսզի մեր ամերիկահայ երիտասարդութիւնը իր տան նման հանգիստ զգայ ՀՄԸՄի տան մէջ, այնպէս, ինչպէս ՀՄԸՄը մեր սեփական երկրորդ տունն էր, երբ մենք պատանիներ եւ երիտասարդներ էինք: ՀՄԸՄի յարկին տակ մեզի հանդէպ ցուցաբերեցին սէր եւ կորով, հետեւաբար, մենք ալ նոյնը պիտի ընենք ամերիկահայ պատանիին, որպէսզի ՀՄԸՄը շարունակէ աճիլ:
Մեծ հաճոյքով կատարած եմ տարիներու աշխատանքս. գործակցած եմ նուիրեալ հայերու հետ, որոնց մտահոգութիւնը միշտ եղած է հայ պատանին եւ Հայ Դատը: Ժողովներէ, դաշտերէ եւ սրահներէ ունիմ յիշատակներ, որոնք միշտ թարմ կը մնան սիրտիս մէջ: Տարիներու ընթացքին հաստատած եմ բարեկամական կապեր, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր:
ՀՄԸՄին ծառայելը ինծի տուած է հոգեկան մեծ հարստութիւն:
Կը յուսամ, որ մեր երիտասարդութիւնն ալ նոյնքան հաւատարիմ կը մնայ ՀՄԸՄի գաղափարականին եւ հպարտութեամբ կը շարունակէ ծառայել այդ առնչութեամբ տարուելիք աշխատանքներուն:
Honorary President of Homenetmen 12th Navasartian Games Mr. Garo Soghanalian
The Homenetmen Western United States Regional Executive Committee expresses joy and Pride for Valued presence of a special young Armenian amongst us today. Born, raised and educated in this country, Mr. Garo Soghanalian is the honorary president of the 12th Homenetmen Navasartian Games. We deeply thank him for willingly making us this great honor.
Functioning for 19 years now in the Unites States, Homenetmen has been striving for progress and modernization. Its purpose is to create conditions that would provide the young American Armenians sprouting in the community, an attractive roof under which they will willingly unite to be communed by the ideas of Homenetmen, on universal and humanitarian standards.
We believe that Mr. Garo Soghanalian, with his exemplary attitude, will prove to be conductive to the realization of Homenetmen’s noble goals. We hope that other American Armenians will follow his footsteps in supporting the Homenetmen and its functions.
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 13րդ Մարզախաղերու՝ Պատուոյ Նախագահ Վաչէ Մանուկեանի Պատգամը
Սիրելի ՀՄԸՄական եղբայրներ եւ քոյրեր,
Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ ձեզ, միջմասնաճիւղային Նաւասարդեան 13րդ մարզախաղերու փառատօնին երջանիկ այս առիթով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. վեհափառ կաթողիկոսի ներշնչող ներկայութեամբ, ձեր խանդավառ շարքերով եւ ծովածաւալ ժողովուրդի քաջալերանքով, եկէք նոր շունչ եւ նոր ոգի ներարկենք Քալիֆորնիոյ մեր գաղութին:
Ըսուած է՝ երիտասարդութիւնը ողնասիւնն է ժողովուրդին: Կազմակերպուած եւ գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը կերտիչն է այդ ժողովուրդի ապագային:
ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 70ամեակին նուիրուած այս փառատօնին կը մաղթեմ, որ միշտ խիտ ըլլան ձեր շարքերը, յաղթական ձեր երթը եւ շողշողուն հայ ժողովուրդի ապագայ նուաճումները:
Պատուոյ Նախագահ Վաչէ Մանուկեանի Պատգամը՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 14րդ Մարզախաղերուն
Շրջանային վարչութիւնը ընդարձակումն ու յառաջացումը դարձուցած է արմատական նպատակակէտեր, մինչ այդ շարունակելով ՀՄԸՄի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն փոխանցել հիմնականները՝ բարոյագիտական զօրաւոր զգացում եւ ազգային դիմագիծ: Այս տարուան Համահայկական մարզախաղերը, ՔԱՀԱՄը եւ երկար վազքի մրցումները, ՀՄԸՄի յաջող ձեռնարկներէն էին եւ օրինակ մը այն եղբայրական ոգիին, որ կը մշակուի այս կազմակերպութեան կողմէ:
Յառաջիկայ տարիներուն, ՀՄԸՄը հաւատարիմ պիտի մնայ նոյն հիմնական արժէքներուն եւ աւելի լաւ ապագայ մը պիտի ապահովէ մեր երիտասարդութեան:
Շրջանային վարչութեան շէնքի ծրագիրը, մնայուն ճամբարի եւ մարզական համալիրի մը հաստատումը, մաս կը կազմեն այն ծրագիրներուն, որոնք պիտի իրականացուին մեր սկաուտներուն եւ մարզիկներուն համար:
Հակառակ անոր, որ ժամանակը եկած է Նաւասարդեան 13րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահի պարտականութիւնս իմ յաջորդիս՝ Մարտիկ Յովսէփեանին, որպէս պատուոյ ատենապետը Շրջանային Տնտեսական յանձնախումբին, յանձնառութիւնը ստանձնած եմ գործօն մասնակցութիւնս բերել այս կազմակերպութեան մէջ:
Արդ, Նաւասարդեան 13րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը կը փոխանցեմ, յառաջացումով եւ նուաճումով յատկանշուող տարուայ մը անոյշ յիշատակներով:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 14րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ Մարտիկ Յովսէփեանի Պատգամը
Սիրելի ՀՄԸՄական քոյրեր եւ եղբայրներ,
Իբրեւ պատուոյ նախագահը Նաւասարդեան 14րդ Մարզախաղերուն, կը փափաքիմ յատուկ պատգամ փոխանցել ՀՄԸՄի ողնասիւնը կազմող սկաուտներուն եւ մարզիկներուն:
Դուք ձեր դիմաց ունիք խոստմնալից ապագայ մը, որ լեցուն է մեծ առիթներով: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը նշանակալից եւ մասնայատուկ նպաստ մը ունի տալիք այս աշխարհին եւ ես կը քաջալերեմ ձեզ՝ ձգտելու անհատական եւ խմբային գերազանցութեան:
ՀՄԸՄը ձեզի կը տրամադրէ այն կենսական միջոցները, որոնց շնորհիւ կրնաք ընկերութեան կարեւոր անդամը դառնալ: Այս կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասնակցութեամբ կրնաք սորվիլ հայ գաղութին մէկ մասը դառնալ, անոր գթասիրտ ու հասուն էակները դառնալ:
Ինչպէս գիտէք, այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերը նուիրուած են Արցախեան շարժումին, որուն ղեկավարները Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պահանջատիրութեամբ ցոյց տուած են օրինակելի քաջութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Կը պահանջեն հայուն իրաւունքը, հսկայական յառաջացում արձանագրելով աշխարհացրիւ հայութեան համար: Ինչպէս որ Արցախեան շարժումին մասնակիցները հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի մը կը ձգտին, դուք եւս պէտք է ձեր նպաստը բերէք այս ուղղութեամբ:
Մեծ հպարտութեամբ կ՛ընդունիմ այս տարուան Նաւասարդեան 14րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահի պաշտօնը, բարեբախտութեան լաւագոյն մաղթանքներս փոխանցելով, այս շաբաթավերջի աշխատանքներուն մասնակցող բոլոր մարզիկներուն եւ սկաուտներուն:
Ատոմ Եւ Սթելլա Թունճուկեաններ՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 15րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Եղբ. Ատոմ Թունճուկեան ծնած է Սուրիա: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան: Միջնակարգի ուսումը ստացած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Պէյրութի Աւետարանական Երկրորդական վարժարանին:
Այնուհետեւ համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան մէջ, որուն պսակաւոր գիտութեան վկայականը ստանալէ ետք, ուսումը շարունակած է Ֆրանսայի INSEAD հանրածանօթ համալսարանին մէջ, ուր արժանացած է մագիստրոսի աստիճանին ելեւմտական եւ հաշուապահական (MBA in finance & banking) մարզին մէջ:
Ան ամբողջ 20 տարիներ անընդմէջ գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի շարքերէն ներս, նախ իբրեւ ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտ, ապա իբրեւ անոր պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկը՝ նշանաւոր թիւ 7ը եւ բոլորին ծանօթ «ճեներալ»ը: Եղբայրը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է իր մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի պասքեթպոլի Ա. խումբերու տեղական եւ Լիբանանէն դուրս արձանագրած յաղթանակներուն:
Սթելլա Գահվէճեան-Թունճուկեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Փոքր տարիքին յաճախած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, որուն երկրորդական բաժինէն վկայուելէ ետք յաճախած է Lycee Francaise քոլեճը, այնուհետեւ աւարտած է Կարմիր Խաչի հիւանդապահութեան ճիւղը:
Այնուհետեւ ստանձնած է ընկերային ծառայողի պատասխանատուութիւնը Լիբանանի Ազգային վարժարաններէն ներս, «Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութեան կողմէ:
Ան 25 տարիներ անընդմէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է ՀՄԸՄի շարքերէն ներս՝ անդամակցելով ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին, նախ՝ իբրեւ արենուշ, ապա իբրեւ պասքեթպոլի մարզկուհի: Ան իր գեղեցիկ եւ տպաւորիչ խաղարկութեան շնորհիւ ներգրաւուած է իր մասնաճիւղի՝ ՀՄԸՄի Պէյրութի աղջկանց Ա. խումբին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ազգային եւ համալսարանականներու խումբերուն՝ ըլլալով նաեւ անոնց խմբապետուհին, նշանաւոր թիւ 4ը: Ան բազմիցս ներկայացուցած է ՀՄԸՄը եւ Լիբանանը Միջազգային, միջինարեւելեան եւ եւրոպական մրցաշարքերու:
ՀՄԸՄի բարիքներէն օգտուելով, համակրելի այս զոյգը ամուսնացած է 1973ին, հետագային բախտաւորուելով երկու մանչ զաւակներով՝ Յովան եւ Շահան:
Թունճուկեան զոյգը, անհերքելի կը գտնէ ՀՄԸՄի բերած նպաստաւոր դերը իր անհատականութեան եւ նկարագիրի կերտման մէջ: Անոնք յատուկ հպարտանքով ընդունած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 15րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, նախ՝ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու ՀՄԸՄին, որուն շարքերուն մէջ դաստիարակուած են, երկրորդ՝ որովհետեւ անիկա նուիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 100ամեակին:
Երկու հաւատաւոր ՀՄԸՄականներն ալ իրենց կեանքին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած են, սակայն երբեք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը չեն զլացած հայ ազգին, հայրենիքին եւ իրենց սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի նկատմամբ: Աւելին, քոյր Սթելլա Թունճուկեան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ իր շրջապատի հայկական համայնքներու զարգացման գործին: Ան գործօն անդամ է նաեւ Համազգայինի Մշակութային եւ Կրթական Միութեան, որուն ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Իրենց համար չկայ որեւէ կազմակերպութիւն, որ կարենայ երկու բառերու մէջ բացատրել իր ազնուագոյն նպատակը, որ կը դրսեւորուի ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով:
Եղբ. Վարդգէս Եւ Ֆլորա Ալահայտոյեաններ՝ Պատուոյ նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 16րդ Մարզախաղերուն
Եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ՀՄԸՄական եւ դաշնակցական ընտանեկան յարկի մը տակ: Նախնական ուսումը ստացած էր Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ:
Փոքր տարիքին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին, նախ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկա-ուտ: 16 տարեկանին, հմայուելով մարզական կեանքով՝ ընտրած է պասքեթպոլը եւ իր լաւ խաղարկութեամբ դարձած էր իր մասնաճիւղի Ա. խումբի լաւագոյն մարզիկը, նշանաւոր թիւ 14ը: Իր լաւ խաղարկութեան եւ ղեկավարի յատկութիւններուն շնորհիւ, 1951-1955 նշանակուած էր իր խումբին խմբապետը:
Ան մաս կազմած է Լիբանանի ներկայացուցչական խումբին եւ բազմիցս Լիբանանն ու ՀՄԸՄը ներկայացուցած է Միջին Արեւելքի, եւրոպական եւ միջազգային մրցաշարքերու, հասնելով մինչեւ Մոսկուա: Մարզական իր կեանքէն անկախ, եղբայրը եղած է Պէյրութի մասնաճիւղի գործօն վարչականներէն մէկը եւ քանի մը շրջաններ ընտրուած էր ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ: Ան մեծ դեր խաղցած էր ՀՄԸՄի համագաղութային կառոյցի ստեղծման մէջ: Մասնակցած էր ՀՄԸՄի առաջին Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին եւ ընտրուած էր ՀՄԸՄի առաջին Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
1954ին ծանօթացած է ազգային գործիչ իրաւաբան Հայկ Էֆէնտի Պալեանի դստեր Ֆլորայի հետ: 1955ին, ամուսնանալով անոր հետ՝ կազմած է հայկական տաքուկ իր բոյնը, ապագային բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Ռուզաննա եւ Փիթըր: Նոյն տարին փոխադրուած է Ուաշինկթըն Տի. Սի., ուր համալսարանական ուսումը ստացած է American Banking Institute համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է M.B.A. վկայականով: Ապա, իբրեւ փոխտնօրէն՝ աշխատանքի հրաւիրուած է National Bank of Washington, զոր ձեռնհասօրէն վարած է 12 յաջորդական տարիներ:
Դրամատնային մարզէն ներս արդէն իսկ լայն փորձառութիւն եւ մեծ վստահութիւն շահած եղբ. Ալահայտոյեան 1965ին վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ հիմնած Washington D.C. International Bank-ի Transt Orient Bank մասնաճիւղը, որուն տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է մինչեւ 1975: Այնուհետեւ, փոխադրուելով Քուէյթ՝ երկու տարիներ տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է Kuait Financial Center դրամատան: 1978ին, Լիբանանի խաղաղութեան նշոյլներէն յուսադրուած վերադարձած է Պէյրութ եւ վերստանձնած իր դրամատնային նախկին պաշտօնը, սակայն նոյն տարուան աշնան, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր իր քուէյթցի ճարտարապետ ընկերներուն հետ հիմնած է Tricon Enter Inc. շինարարական ընկերութիւնը, որուն տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է:
Հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, եղբ. Ալահայտոյեան ՀՄԸՄական իր գործունէութիւնը շարունակած է նաեւ Ամերիկայի մէջ, ուր երկու յաջորդական շրջաններ ընտրուած է Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Տնտեսական յանձնախումբին մէջ: Իսկ 1991ին, կնոջ հետ սիրայօժար ընդունած է պատուոյ նախագահութիւնը ՀՄԸՄի 16րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն, լիովին կատարելով իր միութենական պարտականութիւնը իր սիրած միութեան՝ ՀՄԸՄին հանդէպ:
Եղբայրը իր մահկանացուն կնքեց 24 Հոկտեմբեր 2016ին, խոր վիշտ պատճառելով իր զաւակներուն եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Եղբ. Ժիրայր Եւ Սրբուկ Սարգիսեաններ՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 17րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Նոյն շրջանի Կեդրոնական վարժարանին: Անոր եղբօր հաստատումով՝ ազգային իր կրթութիւնը ստացած է ՀՅԴի «Ազատամարտ» (էշրէֆիէի) ակումբին եւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ:
Եօթը տարեկանին միացած է ՀՄԸՄի շարքերուն՝ իբրեւ գայլիկ եւ այնուհետեւ, իր հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ հասած է սկաուտական բարձրագոյն պաշտօններու՝ Գայլիկ պատասխանատու, Երէց սկաուտ, Մասնաճիւղի խմբապետ, իսկ 1966ին ՀՄԸՄի Պէյրութի շրջանի ընդհանուր խմբապետ: Ան մասնակցած է Յունաստանի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային 11րդ եւ Եգիպտոսի համա-արաբական երկիրներու ճամպորիներուն: Իսկ 1990ին նշանակուած է ՀՄԸՄի Համագաղութային 4րդ Ընդհանուր բանակումի (Յունաստան) ընդհանուր խմբապետը:
Մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ: Ան իր հետեւողականութեան եւ սիրած այս մարզին նուիրումին շնորհիւ, մեծ յաջողութիւններու հասած է եւ այսօր սեփականատէրն է Giraux Fine Jewelry ոսկերչական հաստատութեան: 1968ին ամուսնացած է ՀՄԸՄի Լիբանանի պասքեթպոլի ծանօթ մարզկուհի Սրբուկ Օհանեանի հետ: Հետագային բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք հետեւելով իրենց ծնողներուն օրինակին՝ գործօն մասնակցութիւն բերած են եւ կը շարունակեն բերել ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի աշխատանքներուն: Անոնք իրենց ծնողները հարստացուցած են հինգ ՀՄԸՄական թոռներով:
Եղբայրը զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՄԸՄի մէջ. Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ-փոխատենապետ: Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցած է ՀՄԸՄի շատ մը Շրջանային ժողովներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ՀՄԸՄի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու: Եղբայրը երբեք մարդասիրական իր օգնութիւնը չէ զլացած իր ծննդավայրին, Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին:
1992ին, կնոջ՝ Սրբուկին հետ ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 17րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը: ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մարզադաշտը կը կրէ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան անունը, առ ի երախտագիտութիւն մասնաճիւղին կատարած իր իշխանական նուիրատուութեան: Ան նիւթական եւ բարոյական մեծ ջանք թափած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման գործին մէջ:
2002ին, ան արժանացած է Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան ոսկեայ յուշամետալին, իսկ հայրենիքին առաւել օգտակար հանդիսանալու նպատակով, սեփականատէրն է Երեւանի «Եուրոփա» պանդոկին: 2015ին, եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանին շնորհուած է «Տիպար ՀՄԸՄական–2015» տիտղոսը:
Եղբ. Քերոբ Առաքելեան՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 16րդ Մարզախաղերուն
Եղբ. Քերոբ Առաքելեան ծնած 1909ին, Այնթապ: 1914ին, ընտանիքին հետ հաստատուած է Հալէպ, Սուրիա: 1918ին, վերադարձած է Ատանա: Նոյն տարին եղած է Հայ արիներու սկաուտական խումբի առաջին անդամներէն: Միայն թրքերէն խօսակցական լեզուն իմացող եղբ. Առաքելեան միայն մէկ տարի բախտաւորութիւնը ունեցած դպրոց յաճախելու եւ հայերէնին ծանօթանալու: Քեմալական շարժման ընթացքին փոխադրուած է Քոքինիա, Յունաստան: 6 ամիսներ առաւօտեան դպրոց յաճախելով եւ կօշիկ ներկելով ընտանիքին օգնած է: Ապա, նետուած է կեանքի ասպարէզ, մասնագիտանալով ատաղձագործութեան մէջ:
1922ին, ծանօթ ՀՄԸՄական Մամուլեանի հետ հիմնած է ՀՄԸՄի Քոքինիոյ մասնաճիւղը, որուն առաջին սկաուտներէն մէկը եղած է: 1924ին, սկաուտականի կողքին, միացած է ֆութպոլի խումբին եղած է անոր խմբապետը:
1930ին, ընտանիքին հետ փոխադրած է Մեքսիքօ եւ միացաած է երկրի ֆութպոլի խումբին եւ մինչեւ 1939 եղած է անոր փայլուն աստղերէն մէկը: Միաժամանակ, սկսած է խաղալիքի առուծախով զբաղելու եւ մեծ յաջողութիւններու հասած է:
1964ին փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1968ին, մեծապէս նպաստած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն: Բազմաթիւ անգամներ ընտրուած է մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ վարած է ատենապետի պաշտօնը: Ան մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ:
1976-1981, յաջորդական երկու շրջաններ եղած է Շրջանային վարչութեան ատենապետ: Մասնակցած է 1979ին, Կիպրոսի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Բ. ընդհանուր ժողովին: 1981ին ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 6րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը: 1982ին, արժանացած է «ՀՄԸՄի Արժանեաց Ոսկի Շքանշան»ին, 1988ին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանին: 1993ին ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 18րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը եւ այդ առիթով հիմնած է ՀՄԸՄի «Առաքելեան» հիմնադրամը:
ՀՄԸՄի 19րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերը Նուիրուեցան ՀՄԸՄի Կտակարար Երուանդ Սիսեանի Յիշատակին
Երուանդ Սիսեան ծնած է Քան, 1901ին: Կեանքի պայմանները դաժան եղած են նուիրական այս հայորդիին համար: Հազիւ մանկութիւնը աւարտած, պատանեկութեան քաղցր օրերը դատապարտուած են հայկական ջարդն ու կոտորածը տեսնելու դաժանութեամբ: Դպրոցական կրթութիւն չէ ստացած: Կեանքի ասպարէզը եղած է իր դպրոցը: 1915ին, մազապուրծ թուրքի ճիրաններէն, ընտանիքին հետ աչքը կը բանայ մայր հայրենիքի մէջ: Ասպարէզով վաճառական էր:
1918ին, հայրենիքի անկախութեամբ գինովցած, գոհունակութեամբ կը շարունակէ իր ասպարէզը մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Բայց աւաղ, այդ օրերն ալ երկար չեն շարունակուիր: Հայաստան կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը: Երուանդ Սիսեան, չդիմանալով համայնավար բռնակալութեան՝ կը փոխադրուի Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը, ապա՝ Թեհրան, ուր կը մնայ մինչեւ 1928:
Թափառական հայու ճակատագիրին ենթարկուած, Երուանդ Սիսեան 1928ին կը փոխադրուի Փարիզ, Ֆրանսա, ուր դարձեալ յաջողութեամբ կը շարունակէ առեւտրական իր աշխատանքը մինչեւ 1939: Ապա, նոյն տարին դարձեալ կը փոխադրուի Պարսկաստան, ուր կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ՝ Երանուհի Թերճիմանեանին: 1941ին կ՛ամուսնանան եւ միասնաբար կը շարունակեն իրենց առեւտրական աշխատանքները:
1945ին, կը փոխադրուին Լոս Անճելըս, ուր կ՛ապրի մինչեւ իր մահը՝ 4 Մարտ 1994: Երուանդ Սիսեան, իր ապրած 92 տարիներուն ընթացքին երբեք միութենական չէր եղած, սակայն եղած էր գիտակից, ազնիւ եւ ազգասէր հայ: Միշտ մնացած էր լուսանցքի մէջ, համեստ ու ազգին հանդէպ պարտականութեան գիտակից հայ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած, հայրենիքի կարճատեւ անկախութիւնը վայելած, համայնավար լուծէն փախած, վանեցի յոյժ ազգանուէր ընտանիքէ սերած պատուական այս հայորդին, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին վաստկածը խնայեց, սակայն երբեք ագահ չեղաւ: Ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով օգտակար հանդիսացաւ իր հարազատներուն, շրջանի հայկական դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, յուշարձանին եւ վերջապէս Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄին, որուն կտակեց իր ամբողջ հարստութիւնը:
ՀՄԸՄին կտակեց իր հարստութիւնը, որովհետեւ ան հաւատացած էր ՀՄԸՄի վեհ նպատակներուն, գաղթօճախի հայ երիտասարդութիւնը հայ պահելու, ազգասիրական եւ պահանջատէրի զգացումը անոնց մէջ դրոշմելու սրբազան գործին:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքը երախտապարտ է Երուանդ Սիսեանին, որուն կտակածը առիթ հանդիսացաւ ՀՄԸՄը օժտուելու բանակավայրով մը, ուր բանակող ՀՄԸՄականները միշտ իրենց յարգանքը կը մատուցեն, բանակավայրի մէջ զետեղուած անոր յիշատակը անմահացնող յուշաքարի առաջ խունկ վառելով, ծունկ մը աղօթք կատարելով եւ ծաղիկներ զետեղելով:
Նոյն նպատակով նաեւ 1994ին, օրուան Շրջանային վարչութիւնը ՀՄԸՄի 19րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերը նուիրուեց Երուանդ Սիսեանի եւ իր համեստ կնոջ՝ Երանուհիի յիշատակին:
Տէր Եւ Տիկ. Հրաչ Եւ Մարինէ Անտոնեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 21րդ Մարզախաղերուն
Հրաչ Անտոնեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, հայասէր եւ մանաւանդ ՀՄԸՄական ընտանեկան յարկի մը տակ։ Փոքր տարիքէն անդամակցած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին, ուր եղած է գայլիկ, ապա սկաուտ, նոյն ժամանակ լաւ մարզիկ՝ փինկ-փոնկի, թենիսի եւ պասքեթպոլի մարզաճիւղերուն մէջ: Աւելի ուշ, հմտանալով մասնաւորաբար փինկ-փոնկի եւ թենիսի մարզաձեւերուն մէջ՝ նոյնիսկ ՀՄԸՄը ներկայացուցած է Սուրիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Այնուհետեւ, հակառակ զանազան միջավայրեր փոխած ըլլալուն, միշտ մնացած է ՀՄԸՄին հաւատարիմ ու անոր գործունեայ անդամներէն մէկը:
Նախնական կրթութիւնը ստացծ է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է նոյն քաղաքի Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: 1967ին, ընտանիքին հետ Լիբանան փոխադրուելով՝ երկրորդականի իր ուսումը շարունակած է Պուրճ Համուտի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է:
Նոյն տարին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր անմիջապէս միացած է ՀՄԸՄի իր ընտանիքին՝ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Նոյն ժամանակ ուսումը շարունակած է Լոս Անճելըսի Սիթի քոլեճին մէջ, ապա՝ Նորթրիճի Նահանգային համալսարանին, ուր մասնագիտացած է համակարգիչի գիտութեան (Computer Science) ճիւղին մէջ, վկայուելով պսակաւոր գիտութեան վկայականով:
Անուրանալի է եղբ. Անտոնեանի ՀՄԸՄականի բեղուն կեանքն ու նուիրեալ գործունէութիւնը: Ան մաս կազմած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի զանազան յանձնախումբերուն, ընտրուած է վարչական, տարիներ շարունակ եղած է Շրջանային վարչութեան տնտեսական յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, առ ի գնահատանք եղբօր բազմավաստակ նիւթա-բարոյական գործունէութեան, մասնաճիւղի 20ամեակին առիթով, 1988ին յատուկ յուշատախտակով մը գնահատած է զայն:
Իր ընդունակութեան եւ ձեռներէցութեան շնորհիւ, եղբայրը նաեւ մեծ նուաճումներ արձանագրած է իր գործի ասպարէզին մէջ: 1975էն ի վեր ան սեփականատէրերէն մէկն է հանրածանօթ Discount Tire Center-ի եւ երկար տարիներ վարած է անոր CEO-ի (Chief Executive Secretary) պաշտօնը:
1979ին, Հայաստանի մէջ, հարազատներու վերամիացման հանդիպման մը ընթացքին, Երեւանի մէջ կը ծանօթանայ Հալէպի ծանօթ ՀՄԸՄական մարզիկ Արսէն Տէր Յովհաննէսեանի դստեր Մարինէին հետ եւ երկու տարիներ ետք, 1981ին կ՛ամուսնանան, յետագային բախտաւորուելով երկու զաւակներով եւ երեք թոռներով:
Մարինէն շատ շուտ կ՛ընտելանայ ՀՄԸՄի շրջապատին հետ եւ համոզումով օգտակար կը հանդիսանայ անոր գործունէութեան:
Տէր եւ տիկ. Անտոնեանները եղան այն բացառիկ բախտաւորներէն, որոնց Նաւասարդեանի Պատուոյ նախագահութեան ընթացքին շրջանը գտնուելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, հայրապետական իր օրհնութիւնները փոխանցեց իրենց եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեանները նոյն ոգեւորութեամբ կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները ՀՄԸՄի հանդէպ:
Տէր Եւ Տիկ. Կարպիս Եւ Թերէզ Քէմանճեաններ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 22րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Կարպիս Քէմանճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, Այնթապցի ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Նախնական կրթութիւնը աստացած է իր ծննդավայրին մէջ: Աւելի ուշ, ծնողքին հետ փոխադրուած է Լիբանան, ուր ուսումը շարունակած է Սիմոնեան քոլեճին մէջ:
Յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով՝ խորացած է Plastic production-ի մանրամասնութիւններուն մէջ եւ ապագային հիմնած է իր անձնական Plasco Press առեւտրական հաստատութիւնը, նոյն ճիւղին մէջ եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է:
Կարպիս Քէմանճեան փոքր տարիքէն միշտ սիրած է մարզական կեանքը եւ մանաւանդ յատուկ սէր ունեցած է ֆութպոլի նկատմամբ, որուն համար ան առաւելաբար ներկայ գտնուած է Նաւասարդեան մարզախաղերու ֆութպոլի մրցումներուն:
1975ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական օրերուն, ծանօթացած է ապագայ իր կողակիցին՝ Թերէզ Մանուկեանին, որուն հետ ամուսնացած է 1977ին եւ կազմած է հայկական ընտանեկան երջանիկ բոյն մը, աւելի ուշ բախտաւորուելով աղջիկ զաւակով մը, զոր անուանած են Ռոզալին:
1981ին, Քէմանճեան ընտանիքը փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած Փասատինա Քաղաքը, ուր ծնած է իրենց երկրորդ զաւակը՝ Յարութը:
Աշխատանքային իր հորիզոնները ընդարձակելով, Կարպիս Քէմանճեան Plastic production-ի գործարաններ բացած է Չինօ, Ֆուլըրթըն եւ Պոսթըն քաղաքներուն մէջ եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է: Աւելի ուշ, յարմար առիթով մը մէկ առ մէկ վաճառած է զանոնք: Այնուհետեւ փոխելով իր արհեստը, զբաղած է բժշկական գործիքներու արտադրութեամբ եւ Սիկար կտրելիք գործիքներու պատրաստութեամբ: Կարպիս Քէմանճեանի վերջին արտադրութիւնը համբաւ ստանալով՝ ներկայացուած է միջազգային ճանաչում ունեցող «Տաւիտով» ընկերութեան միջոցաւ:
Կարպիս եւ Թերէզ Քէմանճեան անդամ են ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին, ուր նաեւ իրենց զաւակները անդամակցած են իբրեւ արենուշ եւ սկաուտ, իսկ աւելի ուշ անոնք միութենական իրենց պարտականութիւնները շարունակած են ՀՄԸՄի մարզական կեանքին մէջ:
Պէտք է ընդգծել, թէ քոյր Թերէզ Քէմանճեան, մասնաճիւղին մէջ բացի գործօն ծնողք ըլլալէ, նաեւ զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՀՄԸՄի շրջանային մակարդակի վրայ: Ան նոյնիսկ ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ եւ իր հետեւողական աշխատանքով արդարացուցած է իր պաշտօնը: Ան նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն եւ երկար տարիներ ստանձնած է անոր Տիկնանց միութեան պատասխանատուի պարտականութիւնները:
Քէմանճեան ընտանիքը մինչեւ օրս, իր օգտակար ներդրումը կը շարունակէ բերել ընդհանրապէս ՀՄԸՄին եւ յատկապէս Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին:
Տէր եւ Տիկ. Տիգրան Եւ Զարուհի Տէր Ղազարեաններ՝ ՀՄԸՄի 23րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Տիգրան Տէր Ղազարեան ծնած է 1908ին, Խարբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայրը ձերբակալուած եւ դաժան ծեծի ենթարկուելով՝ մահանած է բանտին մէջ: Այնուհետեւ, մայրը զանազան ծառայական աշխատանքներ կատարելով՝ պահած է ընտանիքը: Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին մտած է Եւրոպացի միսիոնարներու Խարբերդի որբանոցը: Պատերազմի աւարտէն ետք փոխադրուած է Լիբանան եւ ուսանած է նախ Ճիպէյլի, ապա Անթիլիասի որբանոցներուն մէջ:
1933ին միացած է ՀՅԴ շարքերը եւ բախտաւորութիւնը ունեցած է գործակցելու Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ: Պէյրութի մէջ ան մօտէն հետեւած է ՀՄԸՄի բոլոր աշխատանքներուն: 13 Մայիս 1949ին, երկար տարիներու թափառումէ ետք, վերջապէս դաժան ճակատագիրով իրարմէ բաժնուած Տէը Ղազարեան ընտանիքը համախմբուած է Շիքակոյի մէջ: 1954ին ամուսնացած է Զարուհի Արթինեանին հետ: Շիքակոյի մէջ իր ներդրումը բերած է ՀՄԸՄի աշխատանքներուն, «Ասպարէզ»ի միջոցաւ նաեւ հեռաւոր Քալիֆորնիոյ ՀՄԸՄական կեանքին եւ անձնական նախաձեռնութեամբ անոր նոր ակումբը գնելուն աշխատանք տանող հիմնադիր խումբին անդամներէն մէկը հանդիսացած է:
Զարուհի Տէր Ղազարեան ծնած է Վան: Երկրորդականի իր ուսումը աւարտելէ ետք, մէկ տարի յաճախած է British Syrian Training College-ը (BSTC): Ապա կը յաճախէ American university of Beirut (AUB), հետեւելով հիւանդապահութեան ճիւղին, որմէ վկայեալ հիւանդապահուհի դուրս գալէ ետք, հինգ տարիներ իբրեւ դպրոցի հիւանդապահուհի ծառայած է BSTC-ին:
Այնուհետեւ, մասնագիտանալու համար մեկնած է Անգլիա, երբ իր մտերիմ ընկերուհիներէն, Տիգրան Տէր Ղազարեանի քոյրը Աղաւնին հրաւիրած է զինք Շիքակօ: Ընդառաջելով հրաւէրին, 1954ին փոխադրուած է Շիքակօ եւ նոյն տարին ամուսնացած է Տիգրան Տէր Ղազարեանին հետ: Ամուսնանալէն ետք մասնակի ժամով հիւանդանոցի մէջ աշխատած եւ օգնած է ամուսինին:
Յարատեւ աշխատանքի շնորհիւ Տէր Ղազարեան զոյգը բաւական հանգիստ կեանք մը ապահոված է եւ օգտակար հանդիսացած է իր շրջապատին, յատկապէս ազգային հաստատութիւններուն: Իրենց զանազան օժանդակութիւններուն առընթեր, ամէն տարի հովանաւորած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը:
Ատենի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով տէր եւ տիկ. Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեաններու ՀՄԸՄի հանդէպ ցուցաբերած հաւատքն ու նուիրումը, որոշած էր տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը վստահիլ անոնց:
Հայոց Ցեղասպանութեան դառնութիւնները ապրած ու որբացած այս զոյգը, ինքնաբուխ իրենց կտակէն մեծ բաժին մը վերապահած էին ՀՄԸՄին:
Քոյր Աշխէն Փիլաւճեան՝ ՀՄԸՄի 25րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Աշխէն Փիլաւճեան ծնած է Հալէպ: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Քոյրերու վարժարանին: Այնուհետեւ, 6 տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ, Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի մանկապարտէզի բաժինին մէջ: Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄին, իսկ երիտասարդական տարիներուն գործօն մասնակցութիւն բերած է տեղւոյն Օրիորդաց միութեան աշխատանքներուն, ստանձնելով վարչական եւ պատասխանատու պաշտօններ:
1955ին ամուսնացած է ՀՄԸՄի Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. խումբի 15 տարիներու լաւագոյն մարզիկ Ալեքսան Փիլաւճեանի հետ: Իբրեւ գիտակից եւ ազգասէր հայուհի, ան համերաշխութեամբ եւ հաւատարմօրէն գործակցած է իր կողակիցին հետ:
Վահրիճ եւ Բեգլար, երկու որդիներով արդէն իսկ բախտաւորուած՝ Փիլաւճեան ընտանիքը 1968ին փոխադրուած է Լիբանանի Անթիլիասի շրջանը: Անոնք նիւթական իրենց օժանդակութիւնը երբեք չեն զլացած ազգին:
Անոնք միշտ զօրակցած են ՀՄԸՄին: Բազմաթիւ անգամներ հովանաւորած են ՀՄԸՄի ձեռնարկները եւ իրենց նուիրատուութիւններով սատար կանգնած են հայկական այս մեծ ընտանիքի յաջողութիւններուն: Այսօր, գոյութիւն ունեցող ՀՄԸՄի միակ սկաուտական երգարանը հրատարակուած է հանգուցեալ եղբ. Ալեքսան Փիլաւճեանի մեկենասութեամբ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, Փիլաւճեանները 1977ին վերջնականապէս փոխադրուած են Ամերիկա եւ հաստատուած Լոս Անճելըսի Սանթա Մոնիքա քաղաքը, ուր մինչեւ օրս կ՛ապրին:
Հոս եւս Փիլաւճեան ընտանիքը մօտէն հետաքրքրուած է ՀՄԸՄով, որ այդ օրերուն կը յատկանշուէր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղով: Անոնք նախագահած են մասնաճիւղի առաջին ձեռնարկին եւ միշտ ներկայութիւն եղած են ՀՄԸՄի բոլոր ձեռնարկներուն:
Փիլաւճեան զոյգը միշտ հայկական մթնոլորտը պահպանած է իր տան եւ շրջապատին մէջ, որուն շնորհիւ իրենց երկու որդիներն ալ յաջող գործատէրեր եւ գիտակից հայեր են: Մեծ որդին՝ հանգուցեալ Վահրիճ Փիլաւճեան երկար տարիներ անդամակցած է ՀՄԸՄի Շրջանային տնտեսական յանձնախումբին:
Քոյր Փիլաւճեան իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ եղբ. Ալեքսան Փիլաւճեանի յիշատակին յաճախ ակնյայտ նուիրատուութիւններ կատարած է ՀՄԸՄին: Ան նոյնիսկ իր ամուսնոյն մահուան տխուր առիթով փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները յատկացուցած է ՀՄԸՄին:
2000 տարեշրջանին, Աշխէն Փիլաւճեան, ընդառաջելով օրուան Շրջանային վարչութեան խնդ-րանքին, ստանձնած է ՀՄԸՄի 25րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, ըլլալով առաջին իգական սեռի ներկայացուցիչը, որ նման խիզախ եւ խիստ գնահատելի քայլ մը կ՛առնէր շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ: Ան այս քայլին դիմած էր, յարգելու համար յիշատակը իր շատ սիրելի ամուսնոյն, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած էր հաւատաւոր ՀՄԸՄական մը:
Քոյր Փիլաւճեան յաճախ գլխաւոր հովանաւորը հանդիսացած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ ամէն առիթով իր նիւթական օգտակարութիւնը կը ցուցաբերէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Տէր եւ Տիկ. Վաչէ Եւ Ճէյն Սողոմոնեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի 26րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն
Վաչէ Սողոմոնեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա: Փոքր տարիքին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան եւ անդամակցած է ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ: Մարզանքի հանդէպ յատուկ սէր ունենալով, անդամակցած է նաեւ սկաուտական պասքեթպոլի Ա. խումբին, միաժամանակ հմտացած է փինկ-փոնկի եւ լողի մարզաճիւղերուն մէջ, յատուկ սէր ունենալով նաեւ հեծելարշաւի մարզաձեւին նկատմամբ: Ան բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է սկաուտական իր խումբին կազմակերպած Պէյրութ-Սայտա հեծելարշաւներուն, նաեւ յաջողութիւններ արձանագրած է փինկ-փոնկի մարզաճիւղին մէջ: «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» նշանաբանը եղած է իր կեանքի հաւատամքը:
Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ս. Նշան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը: 1955ին, չորս ամիս Քուէյթի մէջ աշխատելէ եւ դպրոցականը ապահովելէ ետք փոխադրուած է Ամերիկա եւ համալսարանական ուսումը ստացած է Սեն Հոզէի Քալիֆորնիա համալսարանը, մասնագիտանալով քիմիական ճարտարագիտութեան մէջ: Ապա, աշխատած է Ֆուլըրթըն քաղաքի Bakman Instruments ընկերութեան մէջ եւ վարած է Research & Development for Laboratory & Medical Instrumentation-ի պաշտօնը: Նոյն ճիւղին մէջ առաւել խորանալով, 1962ին, բժշկական աշխարհին մէջ In Vivo Ion Detection եւ Continuous Flow Cell գիտական երկու նորութիւններու մենաշնորհը վաստակած է:
Քիմիական ճարտարագիտութեան մէջ առաւել մասնագիտացած եւ լայն փորձառութիւն ստացած է «Պըրքլի» համալսարանին մէջ, ուրկէ 1978ին ստացած է իր մակիստրոսի տիտղոսը եւ այնուհետեւ աշխատանքի սկսած է համակարգչային աշխարհի երկրորդ մեծագոյն Digital Equipment Corporation ընկերութեան մէջ: 1980ին Նիւ Ճըրզիէն Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանի ուսանողուհի եւ այնուհետեւ մորթային հիւանդութիւններու բժշկուհի Ճէյն Գարտաշեանի հետ ծանօթանալով, 1981ին ամուսնացած եւ ընտանեկան բոյն մը կազմած է անոր հետ:
1993ին վերջնականապէս հաստատուած է Ֆրեզնօ եւ բացառիկ արտօնութեամբ հիմնած է Digital Equipment Corporation ընկերութեան մասնաճիւղը: Իսկ 1993ին հիմնած է Compuware անձնական իր ընկերութիւնը, որ մինչեւ օրս կը գործէ եւ կը ծառայէ շրջանի մեծագոյն հաստատութիւններուն:
Արցախեան շարժման օրերուն, երկու անգամ, խումբ մը մարզիկներու հետ հեծելարշաւով Նաւասարդեան ջահը Ֆրեզնոյէն Կլենտէյլ փոխանցած է՝ հանգանակելով մեծ գումար մը, որ ատենին փոխանցուած է Արցախ: Նման նախաձեռնութիւն մը կատարած է նաեւ Քեսապի ճամբարի վերանորոգման համար: 1999ին, Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպաստող Armenian Technology ընկերութեան հովանաւորութեամբ, առանձին՝ 22 ժամանոց հեծելարշաւ մը կատարած է Ստեփանակերտէն մինչեւ Երեւան: Այս առիթով եւս հանգանակուած գումարը տրամադրած է Արցախի խաղողագործութիւնը վերականգնելու եւ գինիի գործարան մը բանալու խիստ անհրաժեշտ գործին:
Եղբօր վաստակը մեծ է յատկապէս Ֆրեզնոյի հայկական իրականութեան մէջ, ուր մեծապէս կը նպաստէ ազգանուէր եւ կրթական գործունէութիւններուն: Ան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է տեղւոյն եկեղեցւոյ եւ ազգային վարժարանին մէջ:
Եղբ. Ալպեր Շահինեան՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 27րդ Մարզախաղերուն
Ալպեր Շահինեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Կիլիկիա վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն անդամակցած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին՝ իբրեւ մարզիկ:
Ընթերցանութեան հանդէպ յատուկ սէր ունենալով՝ նոյն ժամանակ ստանձնած է մասնաճիւղի «Քրիստափոր» եւ Տիգրանակերտի հայրենակցական Միութեան «Տիգրիս» գրադարաններու պատասխանատուութիւնը:
Պայմաններու բերումով, փոքր տարիքէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ մասնագիտացած է երկաթագործութեան մէջ՝ «Թորնօ» (machinist) ճիւղին մէջ, ուր մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է: 1962-1973 Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայելէ ետք, անմիջապէս փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր եւս շարունակած է արհեստը:
1975ին ծանօթացած է Եութայէն Լիբանան արձակուրդի եկած իր կողակիցին՝ Աստղիկ Շահինեանին, որուն հետ նոյն տարի ամուսնացած է եւ մէկ տարի ետք, 1976ին վերջնականապէս հաստատուած է Եութայի Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքը: Ապագային անոնք բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով՝ Քրիստափոր-Դանիէլ եւ Րաֆֆի-Ալպեր, որոնք նաեւ հետեւելով իրենց ծնողներու օրինակին եղած են ՀՄԸՄականներ:
Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ, անձնական կեանքի յաջողութիւններուն առընթեր, Ալպեր Շահինեան բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է շրջանի ազգային կեանքին մէջ:
Ան եղած է 1981ին հիմնուած ՀՄԸՄի Սոլթ Լէյք Սիթիի «Սպիտակ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկը եւ տարիներով ստանձնած է վարչութեան ատենապետի եւ վարչականի պարտականութիւնները:
2000ին, եղբայրը կը կորսնցնէ իր սիրելի կողակից Աստղիկ Շահինեանը, որ հիմնադիրներէն մէկն էր ՀՕՄի Սոլթ Լէյք Սիթիի «Համասփիւռ» մասնաճիւղին: Շահինեան, կնոջ յիշատակը վառ պահելու հեռանկարով՝ ստեղծած է «Աստղիկ Շահինեան» կրթաթոշակը, որ ամէն տարի կը տրամադրուի երկու ՀՄԸՄական ուսանողներու, ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան խողովակով:
2001ին, եղբայրը նաեւ կնոջ յիշատակին ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 26րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը:
Ալպեր Շահինեան նուիրեալ հայ մըն է, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի եւ ներկայութիւն է ՀՄԸՄի Շրջանային մակարդակի բոլոր ձեռնարկներուն:
Տէր Եւ Տիկ. Սարգիս Եւ Սիւզան Կիտցինեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 28րդ Մարզախաղերուն
Սարգիս Կիտցինեան ծնած է Նոր Սիս, Պուրճ Համուտ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Լուսինեան Ազգային վարժարանին մէջ (ներկայիս Գասարճեան): Կրթութիւնը աւարտելէ ետք հետեւած է եղբօր՝ Աբոյի օրինակին եւ մասնագիտացած է ոսկերչական մարզին մէջ, երիտասարդ տարիքին դառնալով ծանօթ արհեստաւոր, գործարար, ինչպէս նաեւ ընտանիքին եւ համայնքին մեծահոգի բարերար:
Պատանեկան տարիքին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին՝ իբրեւ սկաուտ եւ պասքեթպոլի մարզիկ, նոյն ժամանակ նաեւ անդամակցած է ծննդավայրի ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան Միութեան:
Իբրեւ մարզիկ՝ սիրած է պասքեթպոլը եւ հետեւողականօրէն մասնակցած է ՀՄԸՄի աւանդական մրցումներուն: Եղբօր ՀՄԸՄականի գեղեցկագոյն յիշողութիւնը հօր հետ ՀՄԸՄի Հալէպի մէջ իրագործուող միջ-շրջանային մարզախաղերուն ներկայութիւնն է եւ այդ առիթով կազմակերպուած տողանցքի մասնակցութիւնը:
Ապագայ իր յաջողութիւններուն իբրեւ առաջին քայլ՝ եղբայրը կը հիմնէ ոսկերչական առաջին խանութը Պէյրութի Համրա շրջանին մէջ: Հետզհետէ առաւել հմտանալով եւ մասնագիտանալով ոսկերչական մարզին մէջ, այսօր եղբայրը մեծաքանակ թանկարժէք քարերու առեւտուրով կը զբաղի, Միացեալ Նահանգներու մէջ մատակարարելով բազմաթիւ հաստատութիւններու:
1974ին, ծանօթացած եւ ամուսնացած է Սիւզան Կիտցինեանի հետ, որ նոր աւարտած էր Պուրճ Համուտի Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը: Ան նոյնպէս մարզական կեանքը կը սիրէր եւ մասնակցած էր Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու բազմաթիւ մրցումներու:
Ապագային, Կիտցինեան զոյգը բախտաւորուած է չորս զաւակներով: Ամուսնութենէն ետք, նորապսակները կը փոխադրուին Հաուայի, ուր կը հիմնեն թանկարժէք քարերու խանութներու ցանց մը, որ մինչեւ օրս կը գործէ Ուայքիքի կղզիին մէջ եւ իր տեսակին մէջ երկրորդն է: 1975ի վերջերը, Կիտցինեանները կը փոխադրուին Քալիֆորնիա եւ նոյն տարին եղբ. Կիտցինեան կը միանայ Կլենտէյլի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին շարքերը: Եղբայրը մեծապէս կը նպաստէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն:
1985էն ի վեր եղբայրը գործօն անդամ է Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան եւ նոյն շրջանի ՀՄԸՄի Մասիս մասնաճիւղին: 1987ին, ան մասնակցած է Աթէնքի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 4րդ Ընդհանուր ժողովին։
1988ին ան ընտրուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ նոյն տարուան Դեկտեմբերին պատահած Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, հայրենի աղէտահար ժողովուրդին անհրաժեշտ օգնութիւնը տրամադրող առաջին պատուիրակութեան հետ մեկնած է Հայաստան: Նոյն տարին, ան կարեւոր դեր ունեցած է Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հիմնադրութեան գործին մէջ, իսկ 1997ին՝ Հայ ոսկերիչներու ընկերակցութեան՝ նպաստելով հայրենի ոսկերչական մարզի զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործարարներուն միջեւ աշխատանքային կապերու ստեղծման եւ հզօրացման մէջ:
Իբրեւ միջազգային յաջող գործատէր՝ 2002ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Ճէյմզ Քենեթ Հան զայն նշանակեց Միջազգային առեւտուրի իր գրասենեակի խորհուրդի անդամ, իսկ 2003ին՝ նոյն մարզին մէջ Եւրոպա-Ափրիկէ-Միջին Արեւելք շրջանի ենթայանձնախումբի ատենապետ:
Շարունակելով իր բարեգործութիւնները, Կիտցինեան իր ծնողներուն՝ Արշաւիր եւ Արաքսի Կիտցինեաններու յիշատակին մեծ գումար մը նուիրած է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Ան նաեւ եղած է ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղիի առաջին նուիրատուներէն: Նաեւ չմոռնալով իր արմատները՝ եղած է Սիսի հայրենակցական միութեան հիմնադիրներէն եւ անոր գործօն անդամներէն մէկը: Ան չէ մոռցած նաեւ կնոջ՝ Սիւզանի յաճախած Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը:
Տէր Եւ Տիկ. Չարլի Եւ Ճիւլի Կալեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 29րդ Մարզախաղերուն
Չարլի Կալեան ծնած է Պուէնոս Այրես, Արժանթին, ազգասէր վանեցի ընտանեկան յարկի մը տակ: Իր մեծ հայրերը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած են եւ Հայաստանի կարճատեւ անկախութենէն ետք, Երեւանէն տեղափոխուած են Թեհրան, Պարսկաստան: Իր ծնողները իրարու ծանօթացած են Պարսկաստանի մէջ եւ ամուսնացած Պուէնոս Այրես։ Տեղւոյն ազգային կեանքին մէջ անոնք բերած են գործօն մասնակցութիւն, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Չարլիի վրայ:
1959ին, երիտասարդ Կալեան ընտանիքը փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Լոս Անճելըսի մէջ: Չարլի Կալեան անդամակցած է Րաֆֆի հայրենակցական միութեան սկաուտական բաժինին, որուն հիմնադիրներէն եղած էր մայրը: Աւելի ուշ՝ 1968ին, այս միութիւնը նախաքայլը առած է հիմնելու ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը: Եղբ. Կալեան նոյն ժամանակաշրջին անդամակցած է նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ «Րաֆֆի» երգչախումբին:
1971ին, հազիւ 19 տարեկան, Չարլի Կալեան նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ անձնական իր աշխատանքը ունենալու հեռանկարով՝ տեղափոխուած է Տենվըր, Քոլորատօ, ուր իբրեւ անկախ գործատէր նետուած է հագուստի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Մինչ այդ, 15 տարեկանին ծանօթացած ըլլալով իր ապագայ կողակից Ճիւլիին, երիտասարդ սիրահար զոյգը ամուսնացած է 1973ին եւ տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, ուր կեդրոնացած են իրենց ընտանիքին եւ աշխտանքին վրայ: Ապագային, անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Քարլօ, Անժելօ եւ Մոնիքա: Երեքը գործօն դեր ունեցած են ազգային մեր կեանքին մէջ, յատկապէս ծառայելով Հայ Դատին:
Չարլի Կալեան մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է իր կեանքի ասպարէզին մէջ: 31 տարեկանէն արդէն գործընկերն էր Organic Grown Corp հագուստի արտադրական ընկերութեան, իսկ 1988ին հիմնած է իր Chazzz CMG, Inc. ընկերութիւնը: Տասը տարիներ իր ընկերութիւնը ղեկավարելէ ետք, 1998ին միացած է նոյն մարզին մէջ հանրածանօթ Tarrant Apparel Group ընկերութեան, որուն յաջողագոյն գործադիր տնօրէնը եղած է մինչեւ 2008: Ներկայիս Կալեան հիմնադրիրն ու տնօրէնն է Monarch Apparel Group հաստատութեան, որ իր մարզին մէջ մեծաքանակ ծառայութիւններ կը մատուցէ աշխարհի տարածքին:
Իր ամէնօրեայ աշխատանքներուն առընթեր, Չարլի Կալեան լայն ժամանակ տրամադրած է ազգային կեանքին: Ան եղած է ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ, ՀՄԸՄի Շրջանային Տնտեսական յանձնախումբի երկար տարիներու անդամ, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ եւ նոյն պարահանդէսի հանրածանօթ հանդիսավար, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ նախագահը University of Southern California (USC) համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնին:
Եղբ. Կալեան գործօն մասնակցութիւն բերած է եւ կը շարունակէ բերել շրջանի ազգային կեանքին մէջ եւ իր բարեգործութիւններուն համար ան միշտ գանահատանքի արժանացած է հայկական եւ տեղական զանազան կազմակերպութիւններէ:
2004ին, սիրով ընդառաջելով ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան դիմումին, ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 29րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
Եղբ. Շանթ Հայթայեան՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 30րդ Մարզախաղերուն
Եղբ. Շանթ Հայթայեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ նախ Մխիթարեան, այնուհետեւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Երկու տարի Պէյրութի School of English & Advance Studies վարժարանին մէջ անգլերէնի ճիւղին մէջ մասնագիտանալէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ:
Եօթ տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄի Էշրէֆիէի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ: Յատուկ սէր ունեցած է առեւտրական մարզին նկատմամբ, որ իր մէջ զարգացած է ազատ ժամերուն իր հօր հետ աշխատելով:
1972ին փոխադրուած է Ամերիկա, ուր զանազան աշխատանքներ ձեռնարկելէ ետք, 1978ին սկսած է ոսկերչութիւն ընելու: Նոյն տարին, ծանօթացած է իր կողակիցին՝ Վերժինին, որուն հետ ամուսնացած եւ բախտաւորուած է երկու զաւակներով՝ Հայկ եւ Մայք: 1978ին, Վերժինին հետ միացած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբին:
ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եղբօր կեանքի յաջողութեան մէջ: Հակառակ իր զբաղուածութեան, ան լայն ժամանակ տրամադրած է ՀՄԸՄին, որուն համար ալ գնահատուած է իր մասնաճիւղին եւ Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Իբրեւ Գործօն անդամ՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղուն մէջ: Եղած է վարչական եւ երկար տարիներ ղեկավարած է մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը, որ այդ օրերուն միակ գործունեայ երիտասարդական միաւորն էր: 1980էն ի վեր եղբայրը աշխատանք կը տանի Շրջանային վարչութեան տնտեսական յանձնախումբին մէջ: Երկու շրջաններ ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ: Ան մեծ վաստակ ունի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան ձեռնարկներու յաջողութեան եւ յատկապէս յաղթանակի պարահանդէսներուն մէջ:
Իբրեւ յաջող գործատէր՝ եղբօր մասին յաճախ անդրադարձած է նաեւ օտար մամուլը: Եղբայրը սիրայօժար ստանձնած է 2006 տարեշրջանի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 30րդ մարզախաղերուն Պատուոյ նախագահութիւնը:
Տէր Եւ Տիկ. Յովսէփ Եւ Էլիզապէթ Պօյաճեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 31րդ Մարզախաղերուն
Յովսէփ Պօյաճեան ծնած է ժտիթա գիւղը, Լիբանան։ Հասակ առած է Պէյրութի Քարանթինա արուարձանին մէջ: Նախնական ուսումը ստացած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին, իսկ երկրորդականը՝ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային քոլեճին մէջ:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄի Մար Մըխայէլի «Շանթ» մասնաճիւղին՝ իբրեւ ֆութպոլի մարզիկ, ուր բաւական յառաջացած եւ աչքառու մարզիկ մը դարձած է: Մարզականին առընթեր, ան նաեւ միացած է ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան շարքերուն: Կեանքի պայմաններու բերումով, ան կանուխ հասակին կեանքի ասպարէզ նետուած է՝ մասնագիտանալով ատաղձագործութեան մէջ: Կարճ ժամանակ Գանատա ապրելէ ետք, 1979ին վերջնականապէս փոխադրուած է Ամերիկա եւ հաստատուած է Փասատինա քաղաքը, ուր նոյն տարին իսկ անդամակցած է տեղւոյն նորաստեղծ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին:
1980ին հիմնած է իր Pasadena Cabinet անձնական իր ընկերութիւնը: Երկու տարիներ ետք հիմնած է Metro Commercial Construction, Inc հաստատութիւնը, նոյն ժամանակ գործ տանելով Property Development մարզին մէջ: 1985ին ծանօթացած է Էլիզապէթ Գապագեանի հետ, որուն հետ ամուսնանալով՝ կազմած է հայկական հարազատ ընտանեկան բոյն մը, ապագային բախտաւորուելով երկու դուստրերով՝ Սիլվա եւ Դալար:
Էլիզապէթ Գապագեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Հայկազեան վարժարանին մէջ: 1973ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լիբանան եւ նախակրթարանի ուսումը շարունակած է Էհրամճեան Ազգային վարժարանին մէջ: 1976ին վերջնականապէս հաստատուած է Ամերիկա: Երկրորդական ուսումը ստացած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Լոս Անճելըսի համալսարանին մէջ (Cal. State LA), ուր մասնագիտացած է առեւտրական ճիւղին (Business) մէջ:
1977ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին՝ իբրեւ արծուիկ, ապա՝ արենուշ, նոյն ժամանակ եղած է նաեւ պասքեթպոլի մարզիկ:
Ազգային ոգիով մեծցած Պօյաճեան զոյգը, հաւատալով կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան՝ մեծ աշխատանք տարած է ազգային մեր կեանքին մէջ: Էլիզապէթ Պոյաճեան, մայրական իր պարտականութիւններուն առընթեր, կարեւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնած է շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ընկերային յանձնախումբին եւ թեմիս Ազգային վարչութեան կազմին մէջ: Յովսէփ Պօյաճեան պատասխանատու պաշտօններ վարած է զանազան միութիւններու մէջ: Ան եղած է ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետը, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Շինարարական յանձնախումբի պատասխանատու, Ազգային առաջնորդարանի Շինարարական յանձնախումբի անդամ:
Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեանները 2006ին սիրայօժար կերպով ստանձնած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 31րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը: Անոնք միշտ կը զօրակցին ՀՄԸՄին եւ հայ ժողովուրդին օգտակար հանդիսացող ազգային կազմակերպութիւններու:
Եղբ. Վարուժ Պետիկեան՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 32րդ Մարզախաղերուն
Եղբ. Վարուժ Պետիկեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պոսթըն, Արեւելեան Ամերիկա, այնուհետեւ՝ 1967ին, Սան Ֆրանսիսքօ: Այդ շրջանին հայկական վարժարաններու չգոյութեան պատճառով յաճախած է տեղւոյն ամերիկեան հանրային վարժարաններ, նոյն ժամանակ, տունը հայերէն գրել-կարդալ սորված է ուսուցիչ հօր օգնութեամբ:
Համալսարանական ուսումը ստացած է Սեն Հոզէի համալսարանին մէջ, ուր մասնագիտացած է առեւտրական ճիւղին շուկայացումի (marketing) մարզին մէջ, ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ. կարճ ժամանակ մը իբրեւ պաշտօնեայ աշխատած է ACS ընկերութեան մէջ: 1985ին, նոյն ընկերութեան կողմէ գործուղուած է Հոլիվուտ, ուր աւելի ուշ բացած է իր անձնական GBH ընկերութիւնը՝ յաճախորդ ունենալով KCET, «Պուլաքս» եւ այլ նշանաւոր ընկերութիւններ:
Ներկայիս ան ունի բազմաթիւ մասնաճիւղեր եւ կը գործակցի մեծ ընկերութիւններու ու նշանաւոր համալսարաններու հետ:
Եղբ. Պետիկեան ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղին անդամակցած է իր երկու դուստրերուն՝ Ալիքի ու Թալինի շնորհիւ, որոնք եղած են պասքեթպոլի մարզիկներ, իսկ ինք՝ անոնց եւ անոնց տարեկիցներու մարզիչը, անձնական նախաձեռնութեամբ կազմելով մասնաճիւղի Զ. դասակարգի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը:
Ազգային կեանքին մէջ, Վարուժ Պետիկեան քանի մը տարիներ մասնակցած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին ծանօթացած է բազմաթիւ ՀՄԸՄականներու եւ գործակցած է անոնց հետ: Հակառակ իր բազմազբաղ ըլլալուն, ան վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած է ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղին մէջ ընտրուելով վարչական եւ ստանձնելով փոխատենապետի պատասխանատուութիւնը:
Ան առաջին անգամ 2001ին այցելած է Հայաստան, ուր ծանօթացած է հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան անդամներուն հետ, որոնց տարիներ շարունակ օգտակար հանդիսացած է:
Այնուհետեւ, խումբ մը ընկերներով Հայաստանի մէջ հիմնած են «Նռանի» կազմակերպութիւնը, որուն միջոցաւ անվճար ծառայութիւններ կը մատուցուին մտային եւ ֆիզիքական զարգացման կարիքը ունեցող մինչեւ ութ տարեկան երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն:
Եղբ. Վարուժ Պետիկեան նուիրեալ հայորդի մըն է. ան միշտ կը փորձէ օգտակար հանդիսանալ իր շրջապատին եւ ՀՄԸՄի նման այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կը ջանան մաքուր շրջապատ մը ստեղծել երիտասարդութեան համար:
Եղբ. Պետիկեան, հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան, 2007ին սիրով ընդունեց ՀՄԸՄի 32րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը:
Տէր Եւ Տիկ. Վահագն Եւ Պայծառ Թովմասեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի 33րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն
Վահագն Թովմասեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք: Եօթը տարեկանին անդամակցած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ: Սակայն յատուկ սէր ունենալով մարզանքի հանդէպ, ան կեդրոնացած է ֆութպոլի մարզաճիւղին մէջ: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Պաղտատի Կիւլպէնկեան հայկական վարժարանին մէջ։ Աւարտելէ ետք՝ 1979ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Անգլիա, ուր քանի մը տարիներ ապրելէ ետք, փոխադրուած են Ֆիլատելֆիա, եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Սեն Ֆրանսիս «հայ սքուլին» մէջ:
1984ին վերջնականապէս հաստատուած է Քալիֆորնիա եւ աւարտած Կլէնտէյլի «հայ սքուլ»ը: Նոյն տարին փոխանցուած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ եւ առաջին անգամն ըլլալով մասնակցած է Նաւասարդեան մարզախաղերուն՝ իբրեւ ֆութպոլի մարզիկ:
Ապա, շուրջ չորս տարիներ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին անդամակցելէ ետք, 1989ին փոխանցուած է Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ եւ ստանձնած է մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կրտսեր խումբի պատասխանատուութիւնը, միաժամանակ մաս կազմելով մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբին, ապագային դառնալով մարզիչ:
Ընկերային եւ կազմակերպչական իր կարողութիւններուն շնորհիւ, եղբօր վստահուած են զանազան կարեւոր պաշտօններ: Ան երկար տարիներ ընտրուած է Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է մարզական եւ ընկերային յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ գանձապահի դժուար պարտականութիւնները:
Համալսարանական ուսումը ստացած է University of Southern California (USC) համալսարանին մէջ եւ մասնագիտացած է ճարտարապետութեան մէջ (Bachelor of Arts in Architecture): Նոյն ժամանակ աշխատած է հօր Urban Development & Infrastructure Inc. անձնական ընկերութեան մէջ, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է 1997էն ի վեր:
Մեծ ոգեւորութեամբ շարունակած է միութենական իր գործունէութիւնը: Բազմիցս մասնակցած է շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն ժողովներուն: Մեծ ներդրում ունեցած է Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:
ՀՄԸՄէն բացի, եղբայրը անդամ է ՀՅԴին եւ իր ներդրումը կը բերէ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: Առաւել քան 10 տարիներ «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան պատասխանատու մարմինի անդամ եղած է եւ մասնակցած է Հայաստան եւ Արցախ հայկական մեր կոթողներու վերանորոգման աշխատանքներուն: 1993ին ծանօթացած է նոյն կազմակերպութեան անդամ Պայծառ Չալիքեանի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1996ին եւ բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը՝ Սօսէ: Եղբայրը կը սիրէ լուսանկարչութիւն եւ ճամբորդութիւն:
Պայծառ Թովմասեան ծնած է Երեւան, Հայաստան: Շատ փոքր տարիքին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Երկրորդականի ուսումը ստացած է Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի Նորթրիճ համալսարանին մէջ (Cal State Northridge) եւ հետեւած Քաղաքական գիտութիւն (Political Science) ճիւղին:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի անդամ է եւ մեծ ներդրում ունեցած է անոր ընկերային յանձնախումբի աշխատանքերուն: Անդամակցած է նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ): 1993ին, իբրեւ Field Deputy, աշխատանքի սկսած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ, Ճեքի Կոլպըրի եւ Էրիք Կարսեթիի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահութեանց շրջանին: Ներկայիս նոյն աշխատանքը կը տանի Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Քեվըն Տը Լիոնի գրասենեակին մէջ: Քոյր Թովմասեան ընդհանրական իր աշխատանքին առընթեր, յատուկ ճիգ թափած է՝ օգտակար հանդիսանալու համար շրջանի հայկական համայնքին, մեծ ներդրում ունենալով հայկական կարեւոր նախաձեռնութիւններու յաջողութեանց մէջ, ինչպէս՝
Հոլիվուտի մէջ After school program, Little Armenia-ի ստեղծման, Հոլիվուտ-Երեւան քոյր քաղաքներու ծրագիրի իրականացման, ՀՕՄի Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրին դրամաշնորհին եւ այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններու:
Ազգասիրական եւ ծառայական իր աշխատանքներուն համար ան պարգեւատրուած է:
Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան,
Chamber of Commerce-ի, Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքին եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:
Թովմասեան ամոլին բնակարանը միշտ բաց եղած է հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ քաղաքական դէմքերու ի նպաստ ձեռնարկներու կազմակերպման համար:
Ընկեր Ճորճ Ժամկոչեան՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն
Ընկեր Ճորճ Ժամկոչեան ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանը, Լիբանան: Յաճախած է ծննդավայրի Քառասուն Մանուկ Ազգային նախակրթարանը: Ան կարելիութիւնը չունենալով աւելի բարձր ուսում ստանալու, ինքնաշխատութեամբ սորված է հայերէն գրել ու կարդալ, ինչպէս նաեւ շատ բան սորված է կեանքի ասպարէզէն:
Երիտասարդ տարիքին անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը՝ կնքահայր ունենալով ազգային գործիչ եւ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի նախկին տնօրէն Հայկ Պալեանը: Ան գործած է Նոր Մարաշի «Սարդարապատ» կոմիտթէութեան «Օհանջանեան» խումբին մէջ:
Փոքր տարիքին կեանքի ասպարէզ նետուելով՝ փորձած է զանազան արհեստներ սորվիլ: 1954-56, երկու տարիներ աշխատած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին տպարանը՝ իբրեւ գրաշար: 1956ին, իբրեւ գրաշար հրաւիրուած է Արեւելեան Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքը եւ աշխատած է տեղւոյն ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի մէջ: Չհամակերպելով քաղաքի ցուրտ օդին, մէկ տարի ետք, 1957ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս:
1972ին ծանօթացած է Մաքրուհի Սագաճեանի հետ, որուն հետ ամուսնանալով՝ ընտանեկան երջանիկ բոյն մը կազմած է, հետագային բախտաւորուելով մէկ հատիկ տղայ զաւակով մը, որ հօր անունով կոչած է Ճորճ:
Ժամկոչեան զանազան արհեստներ փորձելէ ետք, վերջապէս կնոջ հետ բացած է լողազգեստի կարատուն մը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է:
2005ին, դժբախտաբար, քաղցկեղի հիւանդութենէն տառապելով՝ մահացաւ Ճորճ Ժամկոչեանի կինը, զինք առանձին ձգելով իր մէկ հատիկ զաւակին հետ:
Ճորճ Ժամկոչեան, երկար տարիներէ ի վեր, արդէն իսկ հանգստեան կոչուած է եւ կը զբաղի շատ ակումբներ այցելելով: Այս բոլորէն անկախ սակայն, ան միշտ հիացմունք եւ յարգանք ունեցած է ՀՄԸՄին հանդէպ, որուն յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն միշտ ներկայ գտնուած է եւ հմայուած անոնց լաւ կազմակերպուածութեամբ:
Ժամկոչեան, տպաւորուած ըլլալով ՀՄԸՄի ազգանպաստ գործունէութեամբ, միշտ ուզած է հովանաւորել անոր Նաւասարդեան մարզախաղերը: 2010ի այդ առիթը ընծայուելով իրեն, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ապրած է:
2016ին, Ժամկոչեան մեծ ոգեւորութեամբ նշեց իր 90ամեակը, իր բարեկամներուն եւ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն հետ:
Ճորճ Ժամկոչեան սրտանց կը հաւատայ ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն: 2010էն ի վեր ան մնայուն ներկայութիւն եղած է ՀՄԸՄի ծրագիրներուն եւ իր նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ նպաստած է անոնց յաղողութեանց:
Տէր Եւ Տիկ. Գագիկ Եւ Մատին Գէորգեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի 37րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն
Գագիկ Գէորգեան ծնած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան, ուր նաեւ հասակ նետած եւ ուսում ստացած է: Շատ փոքր տարիքէն աշխատած է իր հօրեղբօր Երեւանի գոհարեղէնի աշխատանոցին մէջ: 1977ին յաճախած է Գոհարեղէնի քոլեճի ձեւաւորման եւ ադամանդ տաշելու բաժանմունքը: Աւելի ուշ, ան անդամակցած է Հայաստանի արուեստի հիմնարկին՝ իբրեւ ձեւաւորող:
Հայկական գոհարեղէնի աւանդութիւններուն արդէն իսկ ծանօթ Գէորգեան, առաւել մասնագիտանալու եւ զօրանալու համար իր մարզին մէջ՝ 1979ին փոխադրուած է Մոսկուա, ուր դիմագրաւած է նոր իրականութիւններ: Համբերութեամբ յաղթահարելով իր դէմ ցցուած դժուարութիւնները, յաջողութեամբ ստեղծած է իր պայծառ ապագան: Արդէն ինքնավստահ իր արհեստին մէջ, Գագիկ՝ իբրեւ մասնագէտ ձեւաւորող եւ ոսկեայ նուրբ գործեր նորոգող, միացած է Խորհրդային Միութեան Արուեստի հիմնարկին: Մոսկուայի մէջ մեծ յաջողութիւններու հասնելէ ետք, 1991ին կը հիմնէ իր առաջին անձնական ընկերութիւնը՝ Estet Jewelry House-ը, ապա՝ ընտանեկան փոքր գործարան մը, ուր տաղանդաւոր ոսկերիչներ կը ստեղծագործեն իրենց գոհարեղէնի գեղեցկագոյն նորաձեւութիւնները: Աւելի ուշ, այս գործարանը կը հանդիսանայ Estet վաճառանիշը, որուն վրայ կեդրոնանալով՝ Գագիկ արագօրէն հմտացած է գոհարեղէնի ճարտարութեան բոլոր գաղտնիքներուն մէջ:
Երկար տարիներէ ի վեր, այս ընկերութիւնը Եւրոպայի գոհարեղէնի ճարտարարուեստի մեծագոյն կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանայ: Estet Jewelry House-ը շուտով ռուսական նշանաւոր անուն դարձած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւ գոհարեղէնի գլխաւոր շուկաներէն մէկը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ մէջ: Իր կենսագրութեան նոր եւ հետաքրքրական էջը կը բացուի 2009ին, երբ Ռուսիոյ մէջ կը հիմնէ եւ կը նախագահէ Հայ ոսկերիչներու հիմնարկութիւնը: Երկու տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին, կարող առաջնորդ մը հանդիսանալով՝ կը յաջողի մարդիկ համախմբել իր գաղափարներուն շուրջ:
2011ին կը դառնայ Միջազգային Հայ ոսկերիչներու հիմնարկութեան նախագահը եւ առիթ կ՛ունենայ գործադրելու իր ծրագիրները: Նոյն տարին հիմնարկութիւնը շատ յաջող ցուցահանդէս մը կը կազմակերպէ Երեւանի մէջ, որ երկար տարիներու երազն էր Հայ ոսկերիչներու հիմնարկութեան բոլոր անդամներուն: Կը սկսի հրատարակութիւնը Հայ ոսկերիչներու հիմնարկութեան միջազգային պարբերականին: Հայ ոսկերիչներու նոր հիմնարկութիւններ կը բացուին Հայաստանի, Չեխիոյ, Ռուսիոյ, Պելճիքայի, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու եւ Արժանթինի մէջ: Կը բացուի նաեւ հիմնարկութեան կայքը, որ հաղորդակցութեան հոյակապ միջոց մը կը հանդիսանայ աշխարհի հայ ոսկերիչներու բոլոր հիմնարկութիւններու անդամներուն:
Գագիկ Գէորգեան իր անձնական հաստատութեան նման հոգատար վերաբերում կը ցուցաբերէ հայ ոսկերիչներու հիմնարկութիւններուն: Դեկտեմբեր 2011ին, իր գլխաւորութեամբ, Հայ ոսկերիչներու հիմնարկութեան առաջին դպրոցը կը բացուի Մոսկուայի մէջ, որ իր կեանքի կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկն էր: Այնուհետեւ, նման դպրոցներ կը բացուին Արցախի, Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Իբրեւ հայ՝ Գագիկ Գէորգեան միշտ փափաքած է օգտակար հանդիսանալ իր հայրենիքին: Այսօր, ահա՛ կատարելագործուած արհեստավարժ մը՝ որ աւելի քան 35 տարիներ ծառայելով գոհարեղէնի արդիւնաբերական մարզին մէջ՝ բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած եւ համաշխարհային ճանաչման արժանացած է:
Իր կեանքի մեծագոյն նուաճումը իր ընտանիքն է, կինը՝ Մատինը եւ երկու զաւակները՝ Գայեանէն եւ Էդուարդը:
Մատին Պապայեան ծնած եւ հասակ նետած է Երեւանի մէջ, ուր նաեւ յաճախած է տեղւոյն արուեստի քոլեճը, ուրկէ վկայուելէ ետք՝ 1981ին, ամուսնացած է Գագիկի հետ: Մինչեւ 1999 Մոսկուա ապրելէ ետք փոխադրուած է Լոս Անճելըս:
Անոնք հպարտ նոր անդամներն են ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին՝ իբրեւ Պատուոյ նախագահ 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն:
Եղբ. Սարգիս Նուրեան՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 38րդ Մարզախաղերուն
Սարգիս Նուրեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ազգանուէր եւ ՀՄԸՄական ընտանեկան յարկի մը տակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Նոր Սիսի շրջանի Աքսոր Գասարճեան նախակրթարանին մէջ, ապա յաճախած է Սուրէն Խանամիրեան Ազգային վարժարանը: Երկրորդական ուսումը ստացած է Կիպրոսի անգլիական վարժարանին մէջ:
Եղբ. Նուրեան փոքր տարիքէն, հետեւելով իր ծնողքին քայլերուն, աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է իր ապրած շրջանի հայկական կեանքին մէջ: Փոքր տարիքին անդամակցած է «Գարեգին Նժդեհ» պատանեկան միութեան: 1976ին անդամակցած է Անթիլիասի ՀՅԴ ԼԵՄի «Հայաստան» մասնաճիւղին, ուր գործած է տասը տարիներ: 1974-1982, եղբայրը նաեւ անդամակցած է ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղին:
Եղբայրը կը սիրէ ճամբորդել, որսորդութիւն, ձկնորսութիւն, մոթորսայքըլ քշել: 1987ին հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութ Պէյի շրջանը, ուր անդամակցած է տեղւոյն ՀՄԸՄի «Արագած» մասնաճիւղին՝ ստանձնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ եւ 1990ին ընտրուած է վարչական:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նետուած է ոսկերչական արտադրութեան ասպարէզը, նոյն տարին նաեւ միացած է Հայ ոսկերիչներու ընկերակցութեան, ուր աշխոյժ գործունէութիւն տանելով՝ ստանձնած է անոր փոխնախագահի, այնուհետեւ նախագահի պաշտօնը, որ պատասխանատուութեամբ կատարած է:
1991ին, ան միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած. յատկապէս 1992-1994 տարիներուն, մաս կազմած է շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին: Ան մինչեւ օրս հաւատքով կը գործէ իր կուսակցութեան համար:
Եղբ. Սարգիս Նուրեան, միշտ եղած է իր ապրած շրջանի հայկական համայնքին հետ, զգացած է անոր հետ, ապրած է անոր ցաւերով եւ փորձած է օգտակար հանդիսանալ անոր:
Եղբայրը յատուկ սէր ունեցած է ՀՄԸՄի հանդէպ, որուն համար ալ իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերած է իր մասնաճիւղին եւ շրջանային մակարդակի բոլոր աշխատանքներուն:
Իբրեւ հայրենասէր եւ հայրենիքի կարօտով մեծցած անձնաւորութիւն՝ եղբ. Նուրեան փորձած է օգնել իր հայրենիքին եւ իր փորձերը ի գործ դրած է Հայաստանի ոսկերչական մարզի զարգացման մէջ, անձնապէս եւ Հայ ոսկերիչներու ընկերակցութեան միջոցաւ զարկ տուած է Հայաստանի ոսկերչական մարզի զարգացման:
Եղբ. Սարգիս Նուրեան սիրայօժար ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 38րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, առ ի երախտագիտութիւն այն կազմակերպութեան, որմէ շատ բան սորված է իր կեանքին ընթացքին:
Տէր Եւ Տիկ. Պետիկ Եւ Մարօ Ֆերմանեաններ՝ ՀՄԸՄի 39րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Պետիկ Ֆերմանեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ՀՄԸՄական նուիրեալ յարկի մը տակ: ՀՄԸՄական հայրը եղած է պտուղի վաճառական եւ գործի բերումով, ընտանիքին հետ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը փոխադրուած է, ուր Պետիկը յաճախած է տեղւոյն Ազգային Եփրատ վարժարանը մինչեւ 7րդ դասարան: Փոքր տարիքին անդամակցած է Գամիշլիի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ եւ ապա՝ սկաուտ: 1970ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր Պետիկ նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ միութենական կեանքին խառնուելու առիթը չէ ունեցած:
1979ին գործով մեկնած է Ապու Տապի, ուր զբաղած է սառնադարաններու եւ զովացուցիչ կազմածներու գործով: 1981ին այցելած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն 15ը եւ որոշած է, եթէ օր մը որոշէ Ամերիկա հաստատուիլ, պիտի նախընտրէ հաստատուիլ Քալիֆորնիա նահանգը:
1985ին ամուսնացած է Մարօ Փայասեանի հետ եւ հետագային բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով՝ Ճեք-Յակոբ եւ Շանթ: Ըստ իր որոշումին՝ 1989ին ընտանիքին հետ Ապու Տապիէն կը փոխադրուի Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգը եւ կը հաստատուի Օրենճ Քաունթի քաղաքը, ուր երկու զաւակներն ալ փոքր տարիքէն կ՛անդամակցին տեղւոյն ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ Սկաուտ, այնուհետեւ պասքեթպոլի մարզիկ: Ֆերմանեան ընտանիքին համար ՀՄԸՄը «Հայ տաքուկ բոյն» մըն է:
Մարօ Փայասեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական եւ նախակրթարանի ուսումը ստացած է Պէյրութի Նազարեան նախակրթարանին, իսկ երկրորդականը Դարուհի Յակոբեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է: Ան եղած է պասքեթպոլի ակնյայտ մարզկուհի մը եւ ըստ իր հաստատումին, երկու զաւակներն ալ պասքեթպոլի սէրը իրմէ ստացած են: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով չէ կրցած համալսարան ուսում ստանալ: Ամուսինին նման, ինք եւս հայու ազգային արժանապատուութեան զգացումը, ազգային շունչն ու ոգին ժառանգած է ծնողներէն: Պետիկին ծանօթանալէ ետք ամուսնացած է անոր հետ եւ միասին փոխադրուած են Ապու Տապի:
Թէեւ հօրը պտուղի վաճառական ըլլալը որոշ չափով ազդած է իր կեանքի ասպարէզի ընտրութեան մէջ, սակայն կնոջ՝ Մարոյի քաջալերանքն ու նեցուկն են, որոնք զինք կեանքի յաջողութեան հասցուցած է: Ան կնոջ խրախուսանքներով անվախօրէն գործի նետուած է եւ ընտրած է մարդու կեանքի ամենաէկանը նկատուող ուտելիքի մարզը, որովհետեւ եղբօր արդար տրամաբանութեամբ, ինչ ալ ըլլան երկրի մը տնտեսական պայմանները, ժողովուրդը ուտելէ պիտի չդադրի: 15 Ապրիլ 1993ին, եղբ. Ֆերմանեան Անահայմի մէջ կը բանայ իր առաջին խանութը, որուն հաշուական ամենակարեւոր եւ դժուար պարտականութիւնը կը վստահի կնոջ՝ Մարոյին:
Պետիկ Ֆերմանեանի հաստատումով՝ հայ ազգն ու ՀՄԸՄը միշտ եղած են իր սիրտին մէջ, սակայն երբ երկու զաւակները ՀՄԸՄի գայլիկ, Սկաուտ եւ մարզիկ եղած են, անիկա դարձած է իր աչքին լոյսը, որովհետեւ ՀՄԸՄի շնորհիւ իր զաւակներուն եւ ընտանիքին հայու ինքնութիւնը պահպանուած է:
Ֆերմանեաններուն տունը փոքրիկ Հայաստան մըն է, ուր ամէն ինչ հայերէնով կ՛ընթանայ: Պատուական այս զոյգին համար, դպրոցէն ետք, ՀՄԸՄն է հայը հայ պահող սքանչելի կազմակերպութիւնը: Այս հաւատքով է, որ Ֆերմանեանները սիրայօժար ընդունեցին ՀՄԸՄի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը եւ այդ առիթով ոչինչ խնայեցին ի սէր ՀՄԸՄին:
Շուրջ 25 տարիներ Օրենճ Քաունթի բնակող Ֆերմանեան զոյգը միշտ ներկայութիւն եղած է շրջանի հայկական վարժարանի, եկեղեցւոյ, ՀՄԸՄի եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն:
Թէեւ աւելի քան չորս տարիներ անցած են իրեն Նաւասարդեանի Պատուոյ նախագահութենէն, սակայն անոնք միշտ ներկայութիւն են ՀՄԸՄի աշխատանքներուն եւ նոյն ոգիով կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել այս մեծ կազմակերպութեան նկատմամբ, որուն այնքան երախտապարտ են:
Պետիկ Ֆերմանեան «յաջողած մարդ» ըլլալու «մասնագիտութիւնը» ստացած է իր կեանքին փորձառութիւններու «համալսարանէն», որ աւելի քան գնահատելի է, որովհետեւ այս բարձունքները ան նուաճած է յարատեւ աշխատանքով եւ մարդոց իրենց ճիշդ արժէքը տալու իմաստութեամբ:
Տէր Եւ Տիկ. Վարանդ Եւ Հուրի Մելքոնեաններ՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեանի 40րդ Մարզախաղեր
Հուրի Ճիվէլէկեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Հայ Կաթողիկէ քոյրերու վարժարանին: Դպրոցական տարիներուն հետեւած է Պաղտատի Հայ երիտասարդական կեդրոնի գրական խմբակի աշխատանքներուն:
1980ին փոխադրուած է Ամերիկա եւ յաճախած է Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոնկ Պիչի համալսարանը, մասնագիտանալով Chemical Engineering-ի ճիւղին մէջ։ Աւարտելէ ետք տասը տարիներ իբրեւ Environmental Engineer աշխատած է նոյն մարզին մէջ: Իսկ հայութեան մօտիկ ըլլալու փափաքով, ան ամէն տարի ներկայ գտնուած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան ձեռնարկներուն եւ յատկապէս յաղթանակի պարահանդէսներուն:
Ուրիշին օգտակար ըլլալու իր ձգտումը զինք մղած է անդամակցելու ՀՕՄի Լոնկ Պիչի «Ծովինար» մասնաճիւղին, նոյն ժամանակ մաս կազմած է նորակազմ ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբին, իսկ աւելի ուշ՝ Հայ Ողնածուծի նուիրատուներու հիմնարկութեան: Ազատ ժամերուն օգտակար հանդիսացած է հայ թէ տեղական կազմակերպութիւններու եւ վարժարաններու: Քանի մը տարիներ եղած է անդամ Ալէք Փոլիպոս Ազգային վարժարանի Ծնողական օժանդակ մարմնին (Parents Support Committee):
Վարանդ Մելքոնեան եւս ծնած է Պաղտատ, Իրաք: Պատանեկան տարիքին անդամակցած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին, իբրեւ ընկերային բաժանմունքի անդամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի կաթողիկէ վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ տեղւոյն պետական վարժարանը: 12րդ դասարանին մասնակցելով պետական Պաքալորիայի քննութեան, իր վարժարանի առաջինը հանդիսացած է, իսկ ամբողջ Իրաքի՝ երկրորդը: Ընդունուած է University of Technology of Baghdad համալսարանի Mechanical Engineer-ի բաժինը, սակայն մէկուկէս տարի ուսանելէ ետք, 1977ին փոխադրուած է եւ 1978ին, եղբօր հետ բացած է իր անձնական տպարանը:
1979ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, իբրեւ Ընկերային յանձնախումբի անդամ: Այնուհետեւ մնայուն ներկայութիւն եղած է շրջանի ՀՄԸՄի կեանքին մէջ, մեծապէս օգտակար հանդիսանալով անոր բոլոր մակարդակի աշխատանքներուն:
1980ին, տպագրական աշխատանքին առընթեր նախաձեռնած է Direct Mail Advertising-ի եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է։
1990ին կը հիմնէ Closet World հաստատութիւնը եւ յաջողութիւն արձանագրելով՝ կ՛ընդարձակուի Քալիֆորնիոյ եւ Լաս Վեկասի մէջ:
2000ին կը գնէ եւ իր հաստատութեան մէջ կ՛ընդգրկէ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Closet Dimentions ընկերութիւնը, իսկ 2001ին՝ Close By Design միջազգային ընկերութիւնը:
Ներկայիս Վարանդ Մելքոնեան նախագահն ու գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է (chairman & CEO) Home Organizers Inc.-ի, որ կը ներառէ ինն տարբեր արհեստագիտական ընկերակցութիւններ:
Վարանդը եւ Հուրին, որոնք ծանօթացած էին հայկական հարսանիքի մը ընթացքին, 1989ին կ՛ամուսնանան եւ ընտանեկան ուրախ եւ քրիստոնէական հաւատքով լի բոյն մը կը կազմեն, ապագային բախտաւորուելով երեք սիրասուն զաւակներով՝ Արման, Արլին եւ Արէն: Երեքն ալ յաճախելով ազգային վարժարան, հայեցի ուսում կը ստացան, կ՛անդամակցին ՀՄԸՄին, իսկ ներկայիս գործօն անդամ են Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ):
Հակառակ իր գերզբաղուածութեան, Վարանդ Մելքոնեան ժամանակ ստեղծած է անդամակցելու կամ զօրակցելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի հզօրացման ու անոր արդար դատի լուծման աշխատանքներուն կը նպաստեն՝ Հայ Դատ, USC Հայկական ամպիոն, Հայ Ողնածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկութեան, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան եւ այլն:
Մելքոնեան աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի Ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդամ է բազմաթիւ ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններու՝ Business and Professional Association, Chamber of Commerce, Kiwanis համաշխարհային կազմակերպութիւն: Վերջինը օգտակար կը հանդիսանայ անօթեւաններու, աղքատներու եւ բնական աղէտներէ փրկուած անձերու:
Մելքոնեան զոյգը իր ազգային պարտականութիւնները կը կատարէ նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի նկատմամբ:
Եղբայրը ազգօգուտ եւ եկեղեցանուէր իր նախաձեռնութիւններուն համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացած է «Ասպետ» շքանշանով: Իսկ ընդհանրապէս իր ծառայութիւններուն եւ յաջողութիւններուն համար ան պարգեւատրուած է Armenian Chamber of Commerce-ի, Հայ ողնածուծի նուիրատուներու հիմնարկութեան, Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբին, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան (ACF), ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Միացեալ Հայկական վարժարանին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, ՀԵԴի, Նահանգային Խորհուրդի անդամներու, պետական անձնաւորութիւններու եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց շարքը երկար է:
Տէր Եւ Տիկ. Խաչօ Եւ Արաքսի Աշաճեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ Մարզախաղերուն
Տէր եւ տիկ. Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեաններ՝ ազգանուէր զոյգը իրենց տքնաջան եւ լաւատես աշխատասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու տիպար քաղաքացիութեան շնորհիւ, ոչինչէն ոչ միայն հասած են իրենց կեանքի ասպարէզի յաջողութեան, այլ նաեւ պատուաբեր դիրքերու հասած են ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Խաչօ Աշաճեան ծնած է Պեքաաի Շթորա փոքրիկ գիւղը, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի հարեւան հայաբնակ Այնճար գիւղի Հայ աւետարանական վարժարանին, իսկ երկրորդականը՝ Զահլէի Աւետարանական պետական երկրորդական վարժարանին մէջ:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է ծննդավայրի «Սիմոն Վրացեան» պատանեկան միութեան, ապագային ըլլալով անոր ատենապետը: Աւելի ուշ, իբրեւ պասքեթպոլի մարզիկ՝ անդամակցած է ՀՄԸՄի Զահլէի մասնաճիւղին եւ մասնակցած է Լիբանանի ՀՄԸՄի եւ տեղական զանազան մրցումներու:
Արաքսին նոյնպէս ծնած է Պէքաաի Շթորա գիւղը եւ եղած է հարեւանը իր ապագայ կողակիցին Խաչոյին: Նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Հռիփսիմեանց վարժարանին, իսկ երկրորդականը՝ նոյն քաղաքի Սեն Քէօր քոլեճին մէջ: Արաքսին եւս փոքր տարիքէն եղած է Շթորայի «Սիմոն Վրացեան» պատանեկան միութեան անդամ, նոյն ժամանակ անդամակցելով ՀՄԸՄի Զահլէի մասնաճիւղին, իբրեւ արծուիկ, ապա արենուշ: Ան ՀՄԸՄական բանակումներու մասնակցած է Այնճարի եւ Կիպրոսի մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, Խաչօն իր ուսումը շարունակելու համար փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ միացած քրոջ: Յաճախած է Cuesta Community College-ը եւ այնուհետեւ 1976ին աւարտած է Cal Poly San Luis Obispo համլսարանը, մասնագիտանալով International Business Management ճիւղին մէջ:
Նոյն տարիներուն, Արաքսին եւս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով
փոխադրուած է Ամերիկա եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած է Cal Poly համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով Financial Management ճիւղին մէջ:
Համագիւղացի հարեւաններ Խաչօն եւ Արաքսին զուգադիպութեամբ մը իրարու հանդիպելով՝ առաւել մտերմացած եւ ամուսնացած են (1986) ու ապագային բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Հրաչ եւ Նայիրի:
Պէտք է ընդգծել, թէ ամբողջ իր կեանքին ընթացքին Աշաճեան կամաւոր աշխատանքով օգտակար հանդիսացած է իր շրջապատին, զանազան քաղաքական, ծառայական եւ ոչշահութաբեր կազմակերպութիւններուն ընդմէջէն, անշահախնդիր գործունէութիւն ցուցաբերելով:
Քաղաքական կեանքի իր առաջին քայլը առած է 1999ին, ընտրուելով Գաւառի վերահսկիչ (County Supervisor): 2010ին ընտրուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ: Ան նաեւ զանազան պետական պատասխանատու պաշտօններ վարած է եւ արժանացած յատուկ գնահատանքներու:
Առանձին նախաձեռնութեամբ ան յաջողած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովել San Luis Obispo Գաւառին մէջ: Ան մեծապէս կը նպաստէ ամէն տարի Ապրիլին, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան Ջատագովման օրուան յաջողութեան:
Իր գործընկեր նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի հետ մեծ ջանք թափելով՝ կրցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու ծրագիրը յաջողցնել ամերիկեան հանրային վարժարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ ստեղծել «Հայկական քաքըս»ը:
Տէր Եւ Տիկ. Վիգէն Եւ Նօնօ Աբէլեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 42րդ Մարզախաղերու
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Փոքր տարիքին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին՝ իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ:
1983ին, ընտանիքն հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած՝ Օրենճ Քաունթի: Նոյն տարին միացած է ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին: Եղբ. Աբէլեան իր նուիրեալ գործունէութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է եւ լաւապէս կատարած է զանոնք: Հակառակ իր բազմակողմանի միութենական շնորքներուն, ՀՄԸՄի մարզական թեւին մէջ, անոր բոլոր մանրամասնութիւններուն ծանօթ ըլլալով մեծապէս օգտակար հանդիսացած է իր մասնաճիւղի եւ Շրջանային Մարզական խորհուրդի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Եղբայրը մեծ ներդրում ունի Նաւասարդեան մարզախաղերու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ յատկապէս մարզական բոլոր մարզաճիւղերու մրցումներու դասաւորման գործին:
Եղբ. Աբէլեան մեծ ներդրում ունի ՀՄԸՄի շրջանային եւ համաշխարհային աշխատանքներու յաջողութեան մէջ: Ան հինգ երկամեակներ ընտրուած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ձեռնհասօրէն կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնները, յատկապէս մարզական բաժինին մէջ. մարզական, կազմակերպական, վարչական, վարչութեան ատենապետ, Շրջանային Մարզական խորհուրդ եւ անոր մօտ Շրջանային վարչութեան կապ, Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու կազմակերպում, ՀՄԸՄի կայքի ստեղծում եւ հետեւողականութիւն: Բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է ՀՄԸՄի Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովներուն եւ իր արդար բաժինը բերած է անոր համակարգչային կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Ան նաեւ ձեռնհասօրէն վարած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովներ:
Եղբայրը կը հաւատայ, որ ՀՄԸՄն է Սփիւռքի ապագայ հայութիւնը, որ պիտի պահպանէ մեր աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Ըստ եղբ. Աբէլեանի՝ սահմանափակ հայկական մեր վարժարաններէն ետք, ՀՄԸՄն է անսահման ժամեր տրամադրող դպրոցը, որուն կը պատկանինք բոլորս:
Եղբօր լաւագոյն ՀՄԸՄական յիշատակը, զաւակին՝ Շանթին «Սարդարապատ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ըլլալն է, որ ցոյց կու տար, թէ ՀՄԸՄի մէջ հասակ նետած երիտասարդը պատրաստ է վերադարձնելու իր սորվածը, զինք դաստիարակած մասնաճիւղին:
Եղբօր համար ՀՄԸՄը մեր երիտասարդութեան կը ծառայէ եւ կ՛օգնէ անոնց ապրելու «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» իր նշանաբանով, այսինքն, ՀՄԸՄ կը նշանակէ յաւերժ երիտասարդ:
Եղբօր կողքին միշտ եղած է իր կողակիցը՝ քոյր Նօնօն, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է նաեւ իր դստեր եւ որդւոյն՝ գօրծօն մասնակցութիւն բերելու ՀՄԸՄի աշխատանքներուն:
Եղբօր երազանքն է ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի երիտասարդութիւնը ոչ միայն շարունակէ իր մեծերուն ժառանգը, այլ նաեւ յառաջդիմէ իր աշխատանքներուն մէջ եւ հասնի իր նախատեսած նուաճումներուն:
Ապագայ ՀՄԸՄականներուն համար եղբօր պատգամն է. «Մի վախնաք դժուարին հարցումներ հարցնելէն եւ միշտ ՀՄԸՄականի իրաւ ոգիով պայքարեցէք բարձրանալ, ձեզի հետ բարձրացնելով ուրիշները»:
Տէր Եւ Տիկ. Համլէթ Եւ Կրեթա Չրախչեաններ՝ Պատուոյ Նախագահ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ Մարզախաղերուն
Եղբ. Համլէթ Չրախչեան ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին մէջ իր ծառայութիւնը սկսած է Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութենէն, 1950ական թուականներուն:
Ան եղած է մարզիկ, լեռնագնաց եւ չմշկող (սքիինկ): Մարզական գործունէութեան առընթեր, ան նաեւ վարած է վարչական պաշտօններ նոյն միութեան մէջ:
Իր կեանքի պայմանները փոխուեցան: Փոխուեցաւ իր կեցութեան վայրը՝ Թեհրանէն Լոս Անճելըս: Սակայն իր գործունէութեան դաշտը մնաց անփոփոխ: Ան մնաց ու ծառայեց ՀՄԸՄի մէջ՝ իբրեւ անոր նուիրեալ կամաւոր զինուորը:
Ան ծառայեց ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին մէջ՝ իբրեւ վարչական: Ան ծառայեց ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջային վարչութեան՝ իբրեւ ատենապետ: Երբեք չխուսափեցաւ պատասխանատուութենէ: ՀՄԸՄին ծառայելու իր ներքին ձայնը զինք մղեց, որ ստանձնէ յաւելեալ պարտականութիւններ: Այս ծիրին մէջ ալ եղբ. Համլէթ Չրախչեանը կը գտնենք Կեդրոնական վարչութեան մէջ: Անոր կենսագրութիւնը՝ առաւել քան կէս դարու հանրային գործի, սերտօրէն կապուած է ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին հետ: Առաւել քան կէս դարու ծառայութիւն մը, զոր ինք կը համարէ ոչինչ՝ բաղդատած այն արժէքաւոր դաստիարակութեան, որ ինք ստացած է ՀՄԸՄի մէջ՝ մէկ խօսքով եւ իր բառերով. «Մեր տուածը ՀՄԸՄին չնչին մէկ մասն է միայն անոր, որ մենք, սերունդներ ամբողջ, ստացած ենք ՀՄԸՄէն»:
Եղբ. Համլէթ Չրախչեանի համար ուրախութիւն է տեսնելը, որ այսօր Ամերիկայի մէջ ՀՄԸՄի ղեկը սկսած են ստանձնելու այն երիտասարդները, որոնք հոս ծնած ու մեծցած են:
Ան գոհունակութեամբ կը հետեւի մեր երիտասարդութեան քայլերուն, նուիրումին ու աշխատանքին:
Այս պատճառով ալ, ինք համոզուած է հետեւեալին. « Տեսէք, չկայ ուրիշ հայկական նման կազմակերպութիւն, որ ունի մեր կարողութիւնը եւ համահայկական կառոյցը, որ ունի մեր մարդուժը: Ու ամենակարեւորը, մեր բոլոր վարչականները, անդամները, կամաւոր կարգով, յօժար կամքով են գործում: Փաստն էլ այն է, որ Նաւասարդեանների ամբողջ աշխատողները կամաւոր անդամներ ու համակիրներ են: Էնպէս որ, ես հաւատացած եմ, որ շատ փայլուն է լինելու ՀՄԸՄի ապագան: Յոյսով եմ, որ մեր երկրորդ հարիւրամեակը նոյնպէս յաջողութիւններով լի է լինելու»:
GROUP SERVICES
BUSINESS & TAX MANAGEMENT
OVER FORTY YEARS OF EXPERIENCE
Կարէն Բէնեասեանս,
եւ իր Հաշուապահական գրասենեակի անձնակազմը՝
Անահիտ Զաքարեան, եւ Գրեթա Քովաքեան
Կը շնորհաւորեն համայն հայութեան
Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը
805 E. BROADWAY SUITE #D GLENDALE, CA 91205
Tel: (818) 247-2400 Fax: (818) 247-0216
Sinanian Development, Inc.
Հայաստան Աշխարհի, Սփիւռքի,
Արցախի եւ Ջաւախքի Հայութեան
Կը Մաղթենք Ազգային Երազներու
Իրականացում եւ Երջանիկ
Ու Բարգաւաճ Ապագայ
Տէր եւ Տիկ. Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան
Զաւակները՝ Շանթ եւ Հրակ
Փեսան եւ Դուստրը՝
Տէր եւ Տիկ. Լիօ եւ Սեւանա Օհանեան
եւ Իրենց Անուշիկ Լիոնան
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորեն իրենց հարազատներուն
ու բարեկամներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
In Memory of Prof. Harut Barsamian
Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի Յիշատակին
Թամարա Պարսամեան
Օսկօ Եւ Երան Կիրակոսեաններ
եւ զաւակները Զապէլ, Նաթալի,
Ճորճ եւ Քրիսթին
Կը Շնորհաւորեն
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Ճորճ եւ Արաքսի Թիթիզեան
Կը մաղթենք, որ այս Նոր Տարին
իր հետ բերէ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն
VIKEN CHELEBIAN & FAMILY
Վիգէն Չէլէպեան Եւ Ընտանիք
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորէ
համայն հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը
Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան
Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը
ցանկալով բոլորին քաջառողջութիւն
եւ ամենայն բարիք
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը
Ջերմօրէն կը շնորհաւորէ
իր բոլոր անդամներուն
եւ համայն հայութեան
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը,
մաղթելով երջանիկ օրեր
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎՐԷԺ ԵՒ ԱՐՄԻԿ ԹՈՄՊՈՒԼԵԱՆ ՍԻՆԹԻԱ ԵՒ ՍԻԼՎԻԱ
Կը Շնորհաւորեն Իրենց Յարգոյ
Յաճախորդներուն,
Ազգականներուն Եւ Բարեկամներուն
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
VREJ PASTRY
www.kingofpastry.com
1074 North Allen Ave.
Pasadena, CA
626-797-2331
11148 Balboa Blvd.
Granada Hills, CA
818-366-2526
ԿԼԵՆՏԷՅԼ
ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւք ու հոգաբարձութիւն
ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Ռուբէն» Ուխտ
ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւններ
Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Մաղթում ենք, որ 2019ը համայն Հայ ժողովրդի
եւ մեր համայնքի համար լինի
յաջողութիւններով, ձեռքբերումներով
ու յաղթանակներով լի տարի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտ
ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Լոռի» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Արցախ» Ուխտ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան»
Պատանեկան Ուխտ
Հայ Դատի Յանձնախումբ
Տարեցներու Խմբակցութիւն
Թող Մեր Հայրենի Երկիրը Բարգաւաճի Ու Ծաղկի Գալիք Օրերուն
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն
ՀԵԴ «Սարդարապատ» Ուխտ
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան»
Պատանեկան Միութիւն
ՀՅԴ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Էնսինոյի Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորեն Շրջանի Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Համազգային Հայ Կրթական
եւ Մշակութային Միութիւնը
Իր բոլոր վարչութիւններով եւ անդամներով
Կը շնորհաւորէ բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը
Մաղթելով Ամենայն Բարիք
LARK MUSICAL SOCIETY
Dr. Armen & Mrs. Aznive
Goenjian & Family
Merry Christmas
& Happy New Year
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ
ՀՕՄ-Ի «ԿԱՐՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ
Ջերմօրէն Կը Շնորհաւորէ Իր Բոլոր
Անդամ-Անդամուհիներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը,
Մաղթելով Երջանիկ Տարիներ