ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ամփոփած է տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ տարուան լաւագոյն մարզիչի քուէարկութեան արդիւնքները:
Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ ազգային հաւաքականի եւ Ղազախստանի «Աքթոպէ» ակումբի յարձակող միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, վերջ տալով Հենրիկ Մխիթարեանի «գահակալութեան»։ Նշենք, որ վերջին եօթը տարիներուն Մխիթարեան տիրացած էր այս տիտղոսին:
34 տարեկան Փիցելլի առաջին անգամն ըլլալով կ՛արժանանայ այս պատիւին:
Նշենք, որ Պրազիլ ծնած մարզիկը 2008ին Հայաստանի քաղաքացի դարձած էր եւ այդ թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ ազգային հաւաքականին, ցարդ անոր կազմին մէջ կատարելով 65 մրցումներ։ Ան Ղազախստանի այս տարերջանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարած 24 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 18 կօլ եւ կատարեց 10 կօլային փոխանցում, հանդիսանալով մրցաշարքին ընթացքին ամենաշատ կօլ նշանակած մարզիկը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն կօլի հեղինակը: