ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու նպատակով Արցախ ժամանած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Կարէն Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ, 31 Դեկտեմբերին գտնուեցաւ ճակատը պաշատպանող շարք մը զօրամասեր:
Նախքան անձնակազմին հետ հանդիպիլը, հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մասնակցեցան Արցախի հարաւային սահմանահատուածի վրայ տեղի ունեցած «Սահմանապահ խաչքար»ի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Դիրքապահ անձնակազմին հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարները եւ անոնց ուղեկցող բարձրաստիճան զինուորական եւ քաղաքացիական պաշտօնեանները շնորհաւորեցին մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներուն Նոր Տարին եւ անոնց յանձնեցին ամանորեան նուէրներ, նոյն ժամանակ հետաքրքրուեցան մարտավարական իրավիճակով:
Շրջայցին ընթացքին նախարարները այցելեցին նաեւ Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրանոցներ, գտնուեցան Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, ուր հանդիպեցան բուժման մէջ գտնուող զինուորներու եւ անոնց մաղթեցին արագ եւ ամբողջական ապաքինում: