Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Քոնգորտիա համալսարանին մէջ նշուեցաւ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ուխտի 70ամեակը, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»ուան ծիրին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies – MIGS-ը, Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանը, Մոնթրէալի Ողջակիզման թանգարանը, «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ Մոնթրէալի Alliance for Genocide Awareness and Remembrance – AGAR կազմակերպութիւնը: Վերջինին իբրեւ հիմնադիր անդամ՝ Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս միջոցառման իրականացման: Այսօրինակ միասնական միջոցառումը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն ի վեր, ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ուխտի որդեգրման օրուան առթիւ:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Գանատայի արդարադատութեան նախկին նախարար Ալան Ռաք: Ան յատուկ կերպով կանգ առաւ մեր դարուն տակաւին գոյութիւն ունեցող ցեղասպանութեանց ուրուականին վրայ ու շեշտեց անոնց կանխարգիլման ու պատժական քայլերու իրականացման հրամայականը: Խօսք առաւ նաեւ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Էմանուլլա Լամպրոփուլոս, որ վեր առաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք առաւել քան հարիւր հայ որբեր որդեգրելու «Ճորճթաուն Պոյզ»ի (Georgetown Boys) Գանատայի օրինակը:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առին MIGS-ի գործադիր տնօրէն Քայլ Մաթիւզ եւ AGAR-ի անունով՝ Ժագ Ռուիրանկիրա: Երկու բանախօսները շեշտեցին հայ համայնքին ու Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնական դերը Մոնթրէալի «Քայլարշաւ՝ յանուն Մարդ-կութեան» արշաւի իրականացման եւ ցեղասպանութիւն ապրած համայնքներու ուժերու մէկտեղման գործին մէջ: